ԳլխաւորԼրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Հայաստանի Քննչական Կոմիտէն քրէական վարոյթ պատրաստած է՝ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան դէպքերու շուրջ, որ կ՛առնչուի Հայաստանի Ազգային Արխիւին։ Քննչական Կոմիտէին աղբիւրները հաստատեցին, որ Արխիւի ոեւէ աշխատակից չէ ձերբակալուած, սակայն կայ մեղադրեալ մը։

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Հայաստանի Ազգային Արխիւին մէջ ղեկավար խումբ ձերբակալած է՝ թշնամիին նիւթեր տրամադրելու համար։ Հետապնդելով խումբին գործածած ելեկտրոնային հասցէները, պարզուած է, որ խումբը արտաքին կողմերէ ղեկավարուած է եւ ստացած է պետական փաստաթուղթեր, որոնք թշնամի երկրին փոխանցած է։ Ըստ Արխիւի նախկին տնօրէն Ամատունի Վիրապեանի, խօսքը կը վերաբերի 19-րդ դարուն Հայաստանի մէջ ապրած ատրպէյճանցիներու, որոնց մասին տեղեկութիւնները գաղտնի չեն եւ մէկէ աւելի գիրքերու մէջ հրատարակուած են։

*

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Քրիսթոֆըր Լանտաու «Իքս» հարթակին իր էջին վրայ գրեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակարգին նպատակն է խթանել խաղաղութիւնը՝ աշխարհի տարածքին, նաեւ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Լանտաու նշեց, որ ականատես եղած է արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի ճիգերուն՝ խաղաղութեան հաստատման համար, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի, Իսրայէլի եւ անոր դրացի երկիրներուն, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։

*

 

Ընթացիկ տարուան Յունուարէն մինչեւ Մարտ Հայաստանի մէջ լոյս աշխարհ եկած նորածիններուն թիւը անցեալ տարուան նոյն ժամանահատուածին ծնած երեխաներուն թիւէն 702 պակաս է։ Բնակչութեան բնական աճը, համեմատած անցեալ տարուան ցուցանիշին հետ, նուազած է 17,4 առ հարիւրով, կազմելով ընդդամէնը 181 անձ, անցեալ տարուան 1041-ի փոխարէն։

Ըստ Ազգային Վիճակագրական Կոմիէին տուեալներուն, այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստանի մէջ 7302 երեխայ ծնած է։ Անցեալ տարուան առաջին եռամսեակին 8004 երեխայ ծնած էր։ Միեւնոյն ժամանակ, այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստանի մէջ 7121 մահ արձանագրուած է, ինչ որ 158-ով աւելի է անցեալ տարուան ցուցանիշէն։

*

Վիեննայի մէջ կայացաւ քննարկում մը՝ «Մարդու իրաւունքներու բացակայութիւնը ինչպէս կ՛ազդէ Ատրպէյճանի դատական համակարգին վրայ» խորագրով։ Քննարկումը կ՛ազմակերպուած էր ԵԱՀԿ մարդու իրաւունքներու մասին համաժողովին ծիրին մէջ։

Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան իրաւագէտներու վրայ բանեցուած ճնշումները, դատական համակարգը զէնքի վերածելու ճիգերը եւ հայ բանտարկեալները հետապնդելու խնդիրը։ Իր բացման խօսքին մէջ Միջազգային Իրաւագէտներու Ընկերակցութեան Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկի ներկայացուցիչ Էյն Մաքտանըլտ հանգամանօրէն ներկայացուց Ատրպէյճանի դատական համակարգին վատթարացող վիճակը եւ շեշտեց, որ իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած միջամտութիւնները կը խանգարեն դատական համակարգին սահմանադրական դերը։

*

   Մեծամօրի կորիզային կայանի տնօրէնի առաջին տեղակալ Մովսէս Վարդանեան հաղորդեց, որ կայանը իր աշխատանքը երկու ամիսով պիտի դադրեցնէ՝ 15  Մայիսէն սկսեալ։

Աշխատանքի դադրեցման պատճառը նորոգութիւններն են, որոնք  պիտի կատարուին շարժիչներու արտադրամասի ինքնագործ կառավարման, ելեկտրածին շարժակներու եւ փոխադրիչներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ  ցած լարման արկածային անջատման համակարգերուն մէջ։

*

Հայաստան Տաթեւի վանքն ու Որոտանի կիրճը ներկայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի՝ համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու համար։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է պատմամշակութային արժէքներու պահպանումը եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդումը։

Ներկայացուած տարածքին մէջ կը միաձուլուին ճարտարապետական յուշակոթողները, հնագիտական տարրերը, բնական միջավայրը եւ մշակութային յիշողութիւնը։

Թղթածրարը կը ներառէ իններորդ դարուն կառուցուած Տաթեւի վանքը, վանական բոլոր շինութիւնները, մատուռները, հնագոյն եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները, ինչպէս նաեւ՝ Որոտանի կիրճը, բնաշխարհիկ բազմազանութեամբ եւ մարդու ներկայութեան հետքերով՝ սկսելով Նեոլիթ ժամանակաշրջանէն։

Տեղին է նշել, որ Տաթեւն ու Որոտանի կիրճը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախնական ցանկին մէջ արձանագրուած են 1995-ին, իսկ ներկայիս տարբեր մարզերու մէջ գործող կազմակերպութիւններուն եւ պետական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը հոլովոյթին նոր ուղղութիւն պիտի տան։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button