Յօդուածներ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Օմէր Չելիք երկրին մէջ ահաբեկչական համարուող Քիւրտ աշխատաւորական Կուսակցութեան ինքնալուծարման հոլովոյթը համարեց կարեւոր՝ առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա ստեղծելու քայլերուն համար։

Չելիք ընդգծեց, որ Ք.Ա.Կ.-ի զինաթափումը եւ ինքնալուծարումը շրջադարձային զարգացում մը պիտի ըլլայ։ «Թուրքիոյ պետական կառոյցները մօտէն պիտի հետեւին այս հոլովոյթին։ Նախագահ Էրտողան տեղեակ պիտի պահուի զինաթափման եւ ինքնալուծարման աշխատանքներուն մասին», ըսաւ ան։

Տեղին է նշել, որ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը գումարեց իր ընդհանուր ժողովը եւ յայտարարեց ինքնալուծարման որոշումը։

*

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ պիտի շարունակուի կարելի ամէն ինչ՝ եղբայրական Ատրպէյճանի բանակին հետ յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու համար։

Կիւլէր այս յայտարարութիւնը կատարեց նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր տեսակցութենէն ետք։ Ան նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Խորհրդակցութիւններուն առանցքը կազմեցին թրքական եւ ատրպէյճանական բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրավիճակը։

*

Ատրպէյճանցի զինուորականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Անատոլուի Ֆենիքս – 2025 ռազմափորձին, որ կազմակերպուեցաւ Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ։

Ատրպէյճանական օդուժի օդաչուներ, որոնական- ազատարար ծառայութեան մասնագէտներ, թեքնիք անձնակազմերու անդամներ մասնակցեցան երկօրեայ ռազմափորձերուն, որոնց ընթացքին գործի դրուեցաւ ատրպէյճանական օդուժին պատկանող օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ։

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Անգարայի մէջ, դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռուտէի հետ։ Թէեւ պաշտօնական ոչինչ փոխանցուեցաւ այս հանդիպման ընթացքին քննարկուած հարցերուն մասին, թրքական դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, շատ հաւանաբար Էրտողան եւ Ռուտէ խորհրդակցութիւններ ունեցած են Ուքրայինայի հարցով Անգարայի մէջ կազմակերպուելիք բանակցութիւններուն կապուած հարցերու եւ խնդիներու շուրջ։

*

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը վաւերացուց Թուրքիոյ հրթիռներ եւ յարակից սարքեր վաճառելու ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ միջին հասողութեամբ հրթիռներ եւ  հրթիռներու դէմ դնող սարքեր՝ ընդհանուր աւելի քան 300  միլիոն տոլարի արժէքով։

Փենթակոնի հաւաստի աղբիւր մը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ հրթիռներու վաճառքի այս ծրագիրը արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ փոխանցուած է Քոնկրէսին, որ եթէ մինչեւ 15 օր առարկութիւն չկատարէ, ծրագիրը գործադրութեան պիտի դրուի։

*

Լեւոն ԺԴ․ Պապը յայտարարեց, որ կը պատրաստուի Թուրքիոյ Իզնիք քաղաք այցելութեան՝ Նիկիոյ ժողովին 1700-ամեակին առիթով։ Նիկիոյ ժողովը գումարուեցաւ 325ին՝ քննարկելու համար աստուածաբանական խնդիրներ։

Փրանկիսկոս Պապը ցանկութիւն յայտնած էր Պուրսայի նահանգին մէջ գտնուող Իզնիք քաղաքը այցելելու համար։ Ան սակայն չկրցաւ այս այցելութիւնը կատարել առողջական պատճառներով։ Յունուարին երկու կարտինալներ եւ 102 վարդապետներ այցելեցին Իզնիք եւ տեղւոյն վրայ քննեցին Պապին այցելութեան կապուած հարցեր եւ խնդիրներ։ Անոնք այցելեցին Իզնիքի լիճը, որուն ջուրերուն տակ կը գտնուի եկեղեցի մը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button