Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան , եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի ներկայացնեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պապի՝ Լեւոն ԺԴ.-ի գահակալութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Մայիսին, Վատիկանի մէջ։