«Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ուսանողական հաւաքը, տեղի ունեցաւ Մայիսի առաջին շաբաթավերջին։ շաԹիւով 20 երիտասարդ ուսանողներ աշխարհի զանազան կողմերէն հաւաքուեցան եւ եռօրեայ աշխատանոցներու եւ պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու։ Անոնք լսեցին հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ ունեցան աշխատանոցներ, ինչպէս նաեւ այցելեցին Վիեննայի հայ գաղութի զանազան կեդրոններն ու տեսարժան վայրերը։ Հաւաքին ներկայ է նաեւ «Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան։
Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 2 Մայիսին: Հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւն տուաւ եռօրեայ ծրագիրին եւ հաւաքին վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին։ Ապա Հաւաքի Վիեննայի կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Վիեննայի Մեկուսի շրջանի վարչութեան անդամ՝ Յակոբ Սահակեան գործնական ցուցմունքներ տուաւ մասնակիցներուն։
Խօսք առաւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց միութեան զանազան ծրագիրները՝ յատկապէս երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները։
Նոյն օրը Շաղիկ Շատոյեան ներկայացուց Վիեննայի հայկական գաղութի ստեղծման պատմութիւնը, որմէ ետք մասնակիցները այցելեցին Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ եկեղեցիին բակին մէջ զետեղուած հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը։
Մելանի Գլընճեան հեռակապով միացաւ եւ խօսեցաւ «փօտքասթ»-ի ծրագիրին պատրաստութեան մասին, որմէ ետք 4 խումբերու բաժնուած մասնակիցները սկսան զանազան նիւթերու մասին «փօտքասթ»-ի պատրաստութեան աշխատանքներուն։
Թէնի Մաթեան պարի աշխատանոցի ընթացքին բացատրեց հայկական պարի իւրայատկութիւններու, տեսակներու, զանազան շարժումներու եւ տարազներու մասին։ Ապա միասնաբար քանի մը պար սորվեցան ու պարեցին։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Վիեննայի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հիւրասիրութեամբ ճաշը տեղի ունեցաւ ակումբէն ներս։
Երեկոյեան խումբը այցելեց «Time travel Vienna» եւ ծանօթացաւ Վիեննայի պատմութեան։
Երեկոյեան ընթրիքով փակուեցաւ առաջին օրուան յայտագիրը։
Հաւաքի երկրորդ օրը սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Սէրուժ Յոփսէփեան ներկայացուց հայկական ֆիլմարուեստի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։ Ան ցուցադրեց զանազան բաժիններ «Նամուսը», «Կտոր մը երկինք» եւ «Նռան Գոյնը» ֆիլմերէն եւ խօսեցաւ անոնց իւրայատկութիւններուն մասին։
Վիեննայի քաղաքապետարանի ճաշարանին մէջ` «Ռաթաուս Քելըր», որ իւրայատուկ է իր շքեղութեամբ եւ հարուստ պատմութեամբ, ճաշակելէ ետք, Աւստրիոյ խոհանոցի հռչակաւոր «շնիցել»-ը, խումբը ուղղուեցաւ Ֆրանց Վերֆելի յիշատակին զետեղուած յուշարձանին մօտ, ուր հանդիպում ունեցաւ պարոն Ռազմիկ Թամրազեանին (Հայ Աւստրիական Մշակութային Միութեան հիմնադիր ղեկավար) հետ, որ յուշակոթողի զետեղման մտայղացողն է եւ պետական մակարդակի արտօնութիւն ստանալու հարցը հետապնդողը: Ան ներկայացուց յուշարձանի զետեղման պատմութիւնը։
Ապա խումբը գնումներու եւ շրջապտոյտի առիթ ունեցաւ եւ Վիեննայի խաղավայրին մէջ, յատուկ դասաւորումով, երկինքէն կրցան դիտել ամբողջ Վիեննան։
Երեկոյեան ժամերուն յունական ճաշարանի մը մէջ, հայկական տոհմիկ ջերմ մթնոլորին մէջ շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտը մինչեւ ուշ ժամեր։
Երրորդ օրը սկսաւ անձրեւային եղանակով։ Մասնակիցները դիտեցին Սէրուժ Յովսէփեանի կողմէ պատրաստուած «Նահապետ» կարճ շարժապատկերը, որ գեղարուեստական եւ խորհրդանշական ոճով կ’անդրադառնար հայ երիտասարդի մը ներքին պայքարին եւ անոր առնելիք բարդ որոշումին, նոր պատահած ցեղասպանութենէ մը ետք։
Ապա Վիեննայի տեսարժան վայրերէ անցնելով եւ ճաշելէ ետք, խումբը այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցին, կեդրոնն ու թանգարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Հայր Վարդան վրդ. Յովակիմեանի կողմէ, որ ներկայացուց Մխիթարեան կեդրոնի մշակութային արժէքն ու հարստութիւնը: Միաբանութեան կեդրոնը չափազանց մեծ տպաւորութիւն ձգեց մասնակցողներուն վրայ, անոնք հիացմունքով արժեւորեցին կեդրոնին հարսութիւնն ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը:
«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան Եութլինքսի յանձնախումբին անունով շնորհակալագիր մը յանձնեց Հայր Վարդան վրդ. Յովակիմեանին եւ կեդրոնին նուիրուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի հրատարակութիւններէն`Վտանգուած ժառանգութիւն Ա. հատոր։
Դարձեալ Հաւաքի յանձնախումբի անունով շնորհակալագիրներ եւ յիշատակելի նուէրներ յանձնուեցան բոլոր դասախօսներուն եւ կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հաստատագիր մը իր մասնակցութեան համար։
Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք։
«Համազգային»-ի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքին (Եութլինքս) փակումը կատարուեցաւ Կիրակի, 5 Մայիս 2025-ին: Վիեննայի մէջ հաւաքուած քսան երիտասարդ ուսանողներ եռօրեայ աշխատանոցներով, մշակութային դասախօսութիւններով տրուած գիտելիքներով, պտոյտներով եւ ընկերային մթնոլոտով յագեցած բաժնուեցան իրարմէ: