ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ ծաղկազարդը, ներկայութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Սուրբ Պատարագը մատուցեց Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան։
Մանուկներուն թափօրի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհարանի պատշգամէն։ Առաջին հերթին, ան քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ յատկապէս հայրական սիրով՝ մանուկներուն ու անոնց ծնողներուն ներկայութիւնը։ Ան ըսաւ՝ «Ահաւասիկ դարձեալ հոծ բազմութեամբ եկած ենք Անթիլիասի Մայրավանք՝ միասնաբար ողջունելու Յիսուս Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ։ Թող Քրիսոտոս մո՛ւտք գործէ մեր կեանքէն ներս, մեր անհատատական, ընտանեկան, հաւաքական ու ազգային կեանքէն ներս, ամէ՛ն տեղ, որպէսզի Իր ներկայութեամբ ծաղկազարդէ մեր կեանքը երկնային օրհնութեամբ, բարիքներով ու պարգեւներով։ Թող Աստուած հիւանդներուն առողջութիւն ու գործոց բարեաց յաջողութիւն պարգեւէ եւ մեր ժողովուրդին առջեւ բանայ լոյսի ու յոյսի ճամբան», ըսաւ Հայրապետը։
Կաթողիկոսարանի կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները յանձն առած էին Մայրավանքի շրջափակին զարդարանքներն ու փոքրիկներուն նուէրները։ Վեհափառ Հայրապետը իր մօտ ընդունեց մանուկները, իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնն ու նուէրներ բաշխելով անոնց։