Յօդուածներ

ՅԱՒԵՐԺԻ ԱՔՍՈՐԵԱԼ ՀԱՅՈՒ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ Ի ՊԷՏՍ ԲԱՆԻՄԱՑՆԵՐՈՒ…

Յ. Պալեան

Հայ ազգի լինելութիւնը խարխափումի եւ զարտուղութիւններու խրձիկ է, գումարուած՝ պարտութեան եւ կոտորածներու բուրգին վրայ: Գոյապահպանական հրամայական խնդիր ունինք:  Ամէն ոք կը կարծէ իրաւունք ունենալ, կը յաւակնի  գտնուիլ ճիշդ ուղիի վրայ։ Թշնամի կը փնտռենք մեր մէջ, երբ իրատեսութիւնը այլ բան կ’ըսէ: Դադրած ենք ինքնաքննադատութեամբ խոհեմութեան առաքինութիւն ունենալէ:

Եթէ բազմաթիւ են ենթադրական ճիշդ ուղիները, ո՞վ եւ   ինչպէ՞ս  ընտրութիւն պիտի կատարէ։ Ո՞վ որո՞ւ պիտի հետեւի, ինչպէ՞ս համագործակցութիւն պիտի ըլլայ։ Ո՞վ կրնայ յաւակնիլ որ իր ընտրած ուղին է կառուցողական ճիշդը: Այսպէ՞ս պիտի շարունակենք տատանիլ, մինչեւ կորուստը անկախութեան եւ հայրենիքի այն քիչին՝ որ մնացած է։ Դժբախտաբար մեր սերունդին եւ մեր ժողովուրդին, իրարու դէմ պայքարիլ առաջնահերթ համարած ենք, ծառայելու համար Եսի եւ փառասիրութիւններու, միշտ բարբաջելով ճիշդի, իմաստութեան եւ գիտութեան անգոյ փաստարկներով։ Աթոռապաշտութիւնը, թաղէն մինչեւ գագաթ, ախտ է, որուն վրայ կը գումարուին ընտանեպաշտութիւնը, այլեւս աւանդութիւն դարձած ԽԾԲն, հայր, որդի, կին, հարս, փեսայ, խնամի, դրացի, դասընկեր… Շարքը անծայր է, անցեալէն մինչեւ ներկայի Հայաստանի հանրապետութիւն  եւ գերաճող սփիւռք(ներ), ամէնուրեք «հայաստան-հայութիւն» կը խաղցուի, բազմապատկուող տիկնիկային բեմերու վրայ։

Պէտք չէ արհամարհել քսակի ընձեռած իրաւունքը, տեղայնութիւնները, երեւանցիի գերադասութիւնը գիւմրեցիին, հայաստանցիին՝ սփիւռքահայուն եւ փոխադարձաբար, փարիզեցիին՝ մարսիլիացիին… եւ շարունակել մինչեւ Մոսկուա, Վլատիվոսթոք եւ Փըրթ.. Այդպէս եղած են հայ նախարարական տուները, թագ ցանկալով, որ նախընթացն է մեր հին-նոր ջոջականութեան։ Աղմկարարութիւնը ժողովրդավարութեան հետ շփոթած ենք, մեր փոքր ածուին մէջ աթոռ մը ունենալու համար արժէքներ ոտնակոխած ենք: Քանի որ, ինչպէս ըսած է բանաստեղծը, «սպայ է ամէն մի հայ»:  Նորահարուստ մը ըսաւ, որ  եթէ զինք միութեան «նախագահ» ընեն, միութեան բոլոր ծախսերը յանձն կ՚ առնէ։ Աթոռի ցանկութիւն… Կարեւոր չեն կարողութիւն եւ ընելիք…  Երեւելիապաշտներ, ղեկավարի դիրքին արժանի ըլլալու ստորոգելի կը համարեն ուրիշի գրած հայերէն կամ օտար լեզուով խօսքով բեմ բարձրանալ, ճառ խօսիլ, բանաստեղծի մասին դասախօսել, եւ ատենապետի կամ նախագահի բարենիշ ունենալ: Թաղային հեղինակութիւն մը ինքզինք վեր կը դասէ պատմագէտ ակադեմիկոսէն եւ վճիռներ կը կայացնէ… Եւ Համայնք, Ազգ, Պետութիւն վճարած են եւ կը վճարեն աւերակող սնափառութիւններու գինը։

Ինչո՞ւ կը զարմանանք, երբ «ռուսական պուպրիկ»ներու մանող շարքերով, միշտ հին եւ միշտ նոր փակուղիներու առջեւ շարքով կը կանգնինք,  տեւաբար կը նահանջենք, եւ կը մխիթարուինք շռայլուող դատարկաբանութիւններով։

Կ’ըսենք եւ կ’երգենք հայրենիք, սոսկ զգացական դարձած յղացք մը, քանի որ անոր ետին աշխարհագրական, քաղաքական, իրաւական նոյն ըմբռնումները չունինք: Երբ կ’ըսենք Հայրենիք եւ Հայաստան, քարտէսներու վրայ զանոնք ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր կը տեղադրենք, ո՞ր սահմաննեերով: Հիմա Հայրենիք եւ Հայաստան յղացքներուն վրայ գումարուած է Պետութիւնը, որ կոչուած պէտք է ըլլայ հայրենիքի եւ ազգի տէր եւ առաջնորդ ըլլալու:

Ո՞վ այսօր կրնայ գծել «հայրենիք»ի սահմանները, բնութագրել հայ ազգը եւ ցոյց տալ անոր հասցէն, բայց այդ բոլորի մասին կը խօսինք եւ կը վիճինք: Առանց Հայրենիք, Հայաստան եւ Պետութիւն յղացքներու  ճիշդ ըմբռնումին եւ իւրացման, ինչպէ՞ս կը հունաւորուի հայրենատիրական հայրենասիրութիւնը, այսինքն կ’ունենանք հայութեան, որպէս ազգի, միասնութիւն եւ միասնական քաղաքականութիւն: Ի հարկէ  այս ընելու ատակ ղեկավարութիւնը կը ծնի ժողովուրդէ մը, որ կ’ունենայ  հասարակաց ազգային հոգեբարոյական եւ կենսատարածքի գիտակցութիւն եւ յանձնառու տիրութեան եթահող:

Պատմութեան բրտութեան հետեւանքը եղած է այն, որ ինչ որ հասարակաց պէտք է ըլլար եւ միացնէր, ներքին եւ արտաքին թշնամանանանքներու պատճառաւ չէ իրականացած, կոտորակուած է մնացած է,  երգի եւ երազի եթերին մէջ, ուր շարունակած են արշաւել անսանձ եսեր: Եւ ի հարկէ պարտուած ենք :

Ազգ մը որ կորսնցուցած կ’ըլլայ իր իրաւունքին տէր եւ նախահայրերու  շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը, յիշողութեան կորուստէ տառապող հիւանդ է, որ համամարդկային ընկերութեան մէջ իր տեղը չի գիտեր, չի գտներ, կը դատապարտուի ըլլալու իր քիթէն բռնուած քշուող անինքնութիւն բազմութիւն:

Անհայրենիք հաւաքականութիւնները ազգ չեն: Անոնց մասին կարելի է այլազան հոգեշահ խօսքեր ըսել, ի հարկին զանոնք ընդունիլ որպէս ինքնուրոյն հաւաքականութիւն, համայնք, ընդունուած եզրով՝ ethnic groups, յոգնակի, որոնք ժամանակ մըն ալ կը տեւեն հոգեբարոյական, յուշերու եւ խոհանոցային վանդակներու մէջ, կը հանդուրժուին, մինչեւ որ իր աւարտի այլացման ընթացքը, «mutation»-ը, կացութիւնը, նորահայերէն բառով բնորոշուող մուտացիան: Խօսքի խանիճաղանճէն դուրս գալու ճիգ ընելով, մենք մեզի եւ իրարու անհաճոյակատար հարցեր պէտք է տանք եւ առանց ոտքի քնացնող ճապկումներու փորձենք պատասխանել.

ա. Հայկական Պետութիւնը, որ կայ, ինքզինք կը համարէ՞ համայն հայ ազգի պետութիւն, թէ միայն հանրապետութեան տարածքին ապրող ժողովուրդի  պետութիւն:

բ. Ցարդ որպէս հայութիւն ներկայացող հայրենահանուածներու եւ անոնց յետնորդներով կազմուած հայկական կոչուող Սփիւռքը ի՞նչ է Հանրապետութեան համար, ան սոսկ օտարերկացիներով կազմուած ծագումով հայերու բազմութի՞ւն է, թէ մաս կը կազմէ ազգի մարմնին, այսինքն այդ «օտարերկրացի»-ները հիւրի եւ բարեսէրի կարգավիճակո՞վ պիտի ընդունուին եւ այդպէ՞ս պիտի մնան, եւ շարունակեն տեւել կամ չտեւել պատմութեան չարիքի հետեւանք  իրենց անելանելի կացութեան մէջ, ժամանակ մըն ալ դեռ խաղալով այս կամ այն անուններով երկիրներու «հայութիւն» ըլալու յիշատակի պիտակով,  ընկերային թատրոն, քաջ գիտնալով թէ ո՞ւր պիտի ըլլայ հասնումի կայանը:

գ. Նոյն այդ հայրենահանուածներու Սփիւռքին համար, ի՞նչ է ներկայ պետութիւնը իր տարածքով. բռնագրաւուած հայրենիքի շարունակութի՞ւն, թէ Կովկասի շրջան մը, ուր կը գտնուին եւ կը բնակին հայեր, որոնց հետ ծագումի առասպելի կապեր եղած են եւ կան:

Յաճախ կը մտածեմ այն մասին, որ բազմադարեան մեր պատմութեան ընթացքին միութեան եւ մէկութեան առանցք եղած են Հայ Եկեղեցին եւ Հայ լեզուն: Հայ քաղաքական միտքը, մտաւորականութիւնը ընդհանրրապէս, անկեղծութեամբ եւ իրատեսութեամբ պէտք հարց տան, թէ անոնք այսօր ունի՞ն այդ առանցքային դերը, ինչո՞ւ չունին           այդ դերը: Խօսքը կը վերաբերի Եկեղեցիին եւ ո՛չ եկեղեցական անհատներուն: Հայոց պատմութեան ընթացքին, մանաւանդ մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ճակատագրական պահերուն, Հայ Եկեղեցին գտնուած է միացնող առաջնորդի դիրքի վրայ: Այսօր ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի ան վերագտնէ ազգի հոգեբարոյական առաջնորդի իր դերը: Այդ ընելով ի՞նչ կրնանք շահիլ, եւ չընելով ի՞նչ կը կորսնցնենք: Ամէն անգամ որ կը լսեմ միութեան եւ միասնութեան հոգեշահ խօսքեր, բարձրաձայն կր կրկնեմ միտքի եւ հոգիի լայն հորիզոն ունեցած մեծ բանաստեղծի «Պատգամ»-ը. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Այսօր ո՞վ կրնայ ըսել թէ ազգի ո՞ր մէկ եւ նոյն նպատակին ծառայելու կոչուած պիտի ըլլայ այդ հաւաքական ուժը, երբ չկայ ազգի մէկ եւ նոյն նպատակը, ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ բանաստեղծի երազած հաւաքական ուժը: Պարզ չէ՞, որ ան գեղեցիկ խօսք եւ երազ է: Ո՞վ, որո՞նք, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի սահմանեն ազգի մէկ եւ նոյն նպատակը: Եթէ դադրեցնենք հաճոյախօսական տիրացուական ճամարտակութիւնները, եւ առաջնորդուինք «միայն ազգը իրաւունք ունի» վարքագիծով, գործենք ո՛չ թէ ԵՍերու յաւելեալ իրաւունքի համար, այլ՝ ազգի հանդէպ յաւելեալ պարտքի անանձնական ըմբռնումով, թերեւս ճամբու ծայրին կը գտնենք կենսական հաւաքական ուժը: Այսօր Հայկական Պետութիւնը, թերեւս ո՛չ միայն իր մեղքով, ի վիճակի չէ ստեղծելու ՆՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ: Այս ըմբռնումով եւ պատմական փաստով հիմնաւոր  հոգեբարոյական ուժ է ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, որ իր հեղինակութեամբ համախմբած է անցեալին, կրնայ համախմբել նաեւ այսօր, վասն ազգի վերականգնման, միշտ խորհելով, որ վաղը միշտ ուշ է, եւ պատմութիւնը չի ներեր, այդ վճիռին անդրադարձողներ ալ մնացած չեն ըլլար:

Գումարուած են ցեղասպանութիւն, հայրեհանում, հարենալքում-արտագաղթ, Արցախի կորուստ, ինքնութեան պատուանդան լեզուի կորուստ-օտարում: Ո՞ւր պիտի փնտռենք նախահայրերու կտակ Հայաստանը եւ անոր տէր Հայութիւն-Ազգը:

Քանի որ «ամէն մի հայ սպայ է եւ Թագի թեկնածու», հայ նախարարներու պահանջով հայկական թագաւորութիւնը վերացաւ: Այսօր ալ, բանաստեղծի բառով, երբ «սպայ է ամէն մի հայ», պարտութիւն եւ նահանջ պիտի ըլլան մեր առօրեան եւ վաղը: Եւ հարկէ պիտի դատարկուին դիրքերը: Յիշե՛լ Արտաւազդի «Ես աւերակաց ինչպէ՞ս թագաւորեմ»-ը … Աւերակնե՞րը. կորուսեալ Վանը, Մուշը, Սասունը, Կարսը, Անին, Արցախը, երգ դարձած Արարատը, հայաբարբառ ըլլալէ դադրող եւ այլացող սերունդները եւ զեղծուած-զեղծուող ինքնութեան վահան եղած Մեսրոպի ժառանգութիւն գիրը եւ լեզուն…

ԵՍերը ճզմող եւ աթոռ-աթոակ ջարդող, ո՞ր Վահագնը կամ Դաւիթը պիտի առաջնորդեն հայութիւնը,  պիտի, ըսեն, որ հաւաքաբար պատապասխանատու ենք մեր պառակտում-պարտութեան, որ այդ  վերջնական ճակատագիր չէ:

            Հաւատաքննական     ատեան եւ հաճոյախօսութիւն  չեն միացներ եւ չեն վերականգներ ազգը, չեն գրեր դարերու դիմաց կանգնող յիշաղութիւն եւ հայու կեանքի նոր պատում: Այս հասկնալով, կրնանք ընել այնպէս,- կրնա՞նք,- որ օղակ փոխէ մեր ճակատագիրը  եւ ըլլանք ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՎ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ եղող  ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ՆԵՐԿԱՅ ԱԶԳ: Այս պիտի չընեն    ասդին -անդին հաւաքներու ընթացքին եւ ճաշասեղաններու առջեւ ըսուած մեզ յուզող եւ զուարճացնող հաճոյախօսութիւնները:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button