ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Աւագ Ուրբաթ, Ապրիլ 18-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու, միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի աշակերտներու։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Ան ըսաւ, որ Քրիստոսի գերեզմանը մահուան բուք չէ, այլ կեանքի աղբիւր է, որովհետեւ հոնկէ կը ճառագայթէ յաւիտենական կեանքը։ Առ այդ, Քրիստոս խաչ բարձրացաւ յանուն մարդկութեան փրկութեան ու Իր թափած արիւնով որդեգրեց մարդը, մաքրեց մարդուն մեղքերը ու գերեզման իջնելով՝ յաղթեց մահուան, նոր կեանք պարգեւեց մեզի ու մեզ առաջնորդեց դէպի փրկութեան ճամբան։ Հայրապետը ընդգծեց, որ Քրիստոսի իւրաքանչիւր ուսուցում իր խորհուրդն ու պատգամը ունի, իսկ մենք՝ հաւատացեալներս, հարկ է ընկալել զանոնք ու ապրիլ Քրիստոսի պատգամներով։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Քրիստոսի խաչափայտի մասունքով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որմէ ետք, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ։