ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Սուրբ Յարութեան տօնը նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսները եղան Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը գեղեցկօրէն կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։
Հաւատացեալներու կողքին Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները եւ պետական, կուսակցական, միութենական ու համայնքային ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի բարերարները ու բարեկամները։
Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուղղեց իր հայրապետական պատգամը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Երուսաղէմի ու Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքներուն իր եղբայրական ողջոյնը յղելէ ետք, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Աթոռի թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ըսաւ, թէ «Մեր եկեղեցին պարզ, բայց խորունկ բացատրութեամբ կը բնորոշէ Քրիստոսի յարութիւնը, որպէս մահուամբ մահը յաղթող աստուածային միջամտութիւն: Արդարեւ, Աստուած, որպէս կեանքի ու ստեղծագործութեան աղբիւր, կեանք տուած էր մարդուն, որպէսզի զայն ապրի ու իրագործէ սրբազան նպատակի մը համար. եւ այդ նպատակը՝ իբրեւ Աստուծոյ գործակից մասնակցութիւնն է աստուածային թագաւորութեան հաստատման: Այսպէս կը վկայէ Աստուածաշունչը։ Սակայն, մարդը հաւատարիմ չէր գտնուած իր աստուածատուր կոչումին եւ իր կեանքը ապականած էր մեղքով ու չար գործերով: Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան նպատակը մարդուն ազատագրումն էր չարի ու մեղքի իշխանութենէն: Մահը հոմանիշ է Աստուծոյ բացակայութեան. այլ խօսքով՝ մեղքի ու չարի: Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը մարդու փրկութիւնն էր՝ քանդելով չարի ու մեղքի տիրապետութիւնը: Այս առաքելութիւնը Քրիստոս կատարեց խաչի զօրութեամբ. մահուան դէմ Իր իրագործած յաղթանակով: Քրիստոս աշխարհ եկած էր կեանք տալու մարդուն. Աստուծոյ ներկայութեամբ շաղախուած կեանք: Քրիստոսի յարութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած կեանքին վերականգնումն է. ինչպէս մեր եկեղեցւոյ շարականը կ’ըսէ՝ Քրիստոս մահը մահով յաղթելով յարութիւն, այլ խօսքով կեանք պարգեւեց մարդուն»:
Շարունակելով իր պատգամը՝ Հայրապետը ըսաւ. «այսօր մենք սոսկ անցեալին մէջ պատահած դէպք մը չենք յիշեր, այլ կեանքի յաղթանակն է, որ կը տօնախմբենք: Կեանքը Աստուծոյ ներկայութիւնն է: Քրիստոս աստուածաստեղծ կեանքէն հեռացած մարդը վերադարձուց կեանքի աղբիւրին՝ Աստուծոյ: Ներկայ աշխարհը տիրապետուած է այնպիսի երեւոյթներով ու կենցաղակերպերով, որոնք մարդու կեանքը կ՚ապականեն չար գործերով ու մտածումներով, հեռացնելով մարդը կեանքի աղբիւր Աստուծմէ: Ատելութիւն, բռնութիւն, անարդարութիւն թշնամիներ են կեանքին: Աստուածատուր կեանքը սիրոյ ու խաղաղութեան, արդարութեան ու հաշտութեան կեանք է: Քրիստոս ըսաւ Ե՛ս եմ կեանքը եւ իր խաչով ու յարութեամբ մեզի ցոյց տուաւ կեանքի ճշմարիտ ճանապարհը: Քրիստոսի յարութեան դէպքին նշումը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն ո՛չ միայն տօնախմբելու կեանքի յաղթանակը, այլ քալելու դէպի ճշմարիտ կեանք առաջնորդող ճամբէն՝ քրիստոսակեդրոն ճամբէն»:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ վեհարան, ուր ներկաները միասնաբար երգեց Կիլիկիա օրհներգը ու Հայրապետական Մաղթերգը։
Հուսկ, Հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական ու ազգային ղեկավարներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ ներկաներուն շնորհաւորութիւնները։