Լրահոս

Քոնկրէսի Հայկական Համախմբումին Կոչը՝ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակելու Եւ Հայաստանի Ապահովութիւնը Երաշխաւորելու

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումէն 25 քոնկրէսականներ նամակով մը դիմեցին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին եւ ազգային ապահովութեան հարցերու գծով նախագահի խորհրդական Մայք Ուալցին՝ կոչ ընելով անոնց, որ երաշխաւորեն Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը եւ Հայաստանի ապահովութիւնը։

«Հայ Դատը կ՛ ողջունէ այս երկկուսակցական նախաձեռնութիւնը, որ դէմ կը դնէ միակողմանի զիջումներ պարտադրելու՝ Ատրպէյճանի ջանքերուն», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ Ֆրենք Փալոնի, Տէյվիտ Վալատաոյի, Պրետ Շըրմընի եւ Կաս Պիլիրաքիսի առաջնորդութեամբ գրուած նամակը յղուած է այն պահուն, երբ Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կնքելու համար կը շարունակէ Հայաստանին պարտադրել անընդունելի նախապայմաններ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին լուծարումը։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button