ԳրականՅօդուածներ

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԻ «ՍԱՀՄԱՆԵԼԻ»-Ն

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մարտ 2025

Ամիսներ առաջ, ե-նամակի ճամբով ստացանք Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի անդրանիկ հատորին «նկարային» (PDF) օրինակը, որ կարճ ատեն ետք լոյս տեսաւ «միս-ոսկոր»-ով, այսինք՝ իբրեւ տպագիր գրքոյկ:

Նախ քանի մը խօսք՝ ըստ ձեւի:

Խորագրած է «Սահմանելի»: Անմիջապէս նշենք, որ ընթերցողը կրնայ զգալ, թէ բովանդակութեան մէջ ըստ էութեան քիչ «սահմանուած» բան կայ, այլ կայ ճիգ մը անսահմանելի բաներու համար սահմաններու որոնման: Ուրեմն՝ թելադրականութիւն մը:

124 էջ, արձակ եւ բանաստեղծական (ո՛չ չափածոյ) կտորներով, որոնցմէ 36-ը ունին խորագիր, մնացեալը անխորագիր են: Մեծ մասամբ հայերէն էջեր, սակայն նաեւ անգլերէն «միջնարար»-ներ ուղղակի կամ անուղղակի արձագանգներ՝ հայերէնով արձանագրուած էջերուն: Լոյս տեսած է Երեւանի «Զանգակ» հրատարակչատունէն, 2024-ին, վայելած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութիւնը: Ձօնուած է մտաւորական եւ գրող Գրիգոր Պըլտեանի: Կողքի գեղանկարը գործն է Շողիկ Տէր Ղուկասեանի («Ազդակ»-ի բազմամեայ մանկավարժ աշխատակից, որ հեղինակին քոյրն է):

Խօսինք նաեւ բովանդակութեան մասին, մնալով հպանցիկ դիտարկումներու սահմաններուն մէջ, որքան որ կը ներեն այս սիւնակները: Կտորները ընդհանրապէս կարճ են, երբեմն քանի մը էջ, ոմանք՝ «կտրատուած»՝ թիւերով, որոնք հատուածներու տպաւորութիւն կը ձգեն, սակայն ընդհանուրը աչքի առջեւ ունենալով, կարելի է ըսել, որ կտորները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով զիրար կը լրացնեն, մէկը կարծէք թէ միւսին շարունակութիւնն է, իսկ գումարը՝ նոյնինքն գրողն ու իր տպաւորութիւններուն, յուշերուն, մտածումներուն, խոհերուն եւ կեանքէն հասած դառն ու հաճելի փորձառութիւններուն մէկ համայնապատկերը:

Հատորը կը բացուի հեղինակին կողմէ բացատրականով մը, ուր ընթերցողը լուսաբանութիւն  կը ստանայ հեղինակին՝ գրականութեան, մասնաւորաբար բանաստեղծութեան դաշտ մտնելու մղումին ու ստացած քաջալերանքներուն մասին: Յառաջ անցնելէ առաջ՝ ուշագրաւ կէտ մը. այս գրողը կարծէք թէ բանաստեղծութիւն հասկացութեան սիրահար մըն է, ինչպէս ոմանք կ’ըլլան բնութեան, երաժշտութեան կամ այլ բաներու սիրահար. բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ հիւսուած են… բանաստեղծութեան մասին: Կը յաջորդէ բանաստեղծ Խաչիկն ու հատորը ողջունող եւ գնահատական արձանագրող՝ Մարուշ Երամեանի գիրը, ուր ի միջի այլոց՝ բացատրութիւն կայ, որ ընդգրկուած կտորներուն մէկ մասը՝ 42 էջ, աւելի կանուխ կազմուած է ու յղուած գրչակիցներու, ապա, այլ կտորներ հաւաքագրուած են ու ահա՝ այս գրքոյկը: Կարգ մը կտորներ թուական կը կրեն:

Յաջորդ էջերուն ճամբով, ընթերցողը արդէն կը մտնէ Խաչիկին աշխարհը: Հոս կ’արժէ փակագիծ մը բանալ եւ քանի մը գիծով ներկայացնել նոյնինքն գրողը: Խաչիկ ծնած է Պէյրութ, ուր ստացած է նախնական եւ համալսարանական ուսման առաջին բաժինները, աշխատակցած է «Ազդակ»-ին, ապա անցած է Արժանթին, եղած է «Արմենիա»-ի խմբագիր: Հետեւած է քաղաքական գիտութիւններու բարձրագոյն ուսման եւ վկայուելէ ետք, մուտք գործած է քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզ: Անոր քաղաքական մեկնաբանական-վերլուծական յօդուածները լոյս կը տեսնեն մեր մամուլին մէջ, իսկ գրական գործերը կը հիւրընկալեն «Բագին»-ն ու գրական այլ թերթեր:

Այս ծանօթութիւններուն առաջին բաժինը՝ պէյրութցի ըլլալը կարեւոր է, մանաւանդ երբ կը մտնենք անոր առաջին կտորին մէջ: Կարեւոր է թուականը՝ 11 Յունիս 1986: Նախ արձանագրենք, որ Խաչիկը կը պատկանի այն սերունդին, որ Լիբանանի մէջ պատանութիւնը թեւակոխեց «քաղաքացիական պատերազմ»-ի պայթումին հետ ու երիտասարդութեան մէկ մասը «վճարեց» արհաւիրքի տարիներուն: Հատորին ամէնէն երկար կտորն է առաջինը՝ «Քանդումի մը առանձնութիւնը» խորագիրով: Այս կտորին վրայ կ’ուզենք քիչ մը աւելի՛ ծանրանալ, որովհետեւ անիկա ո՛չ միայն նախերգանք մըն է յաջորդող կտորներուն, այլ նաեւ իւրայատուկ ՊԱՏԿԵՐ մը՝ դիտուած ու արարուած՝ լիբանանեան այդ օրերու ողբերգութիւնները ապրած երիտասարդի մը կողմէ, կը ցոլացնէ անոր ներաշխարհը, ապրած հոգեկան տագնապները, անոր ընդհանուր մթնոլորտը անուղղակիօրէն կը տարածուի յաջորդ էջերէն մեծ մասին վրայ: Պատերազմական գործողութիւններու, ռմբակոծումներու եւ անասելի ոճիրներու արձագանգներ կան էջերուն, երբեմն՝ սիրտ խառնող մանրամասնութիւններով: Սակայն «պատերազմական» այդ դէպքերուն մէջ սիրտ բացող բան կա՞ր…:

Իսկ եթէ մեր կարկինը քիչ մը տարածենք (արդեօք Խաչիկն ալ մտածա՞ծ է այսպէս), կրնանք այդ էջերուն տեսնել 1986-էն ասդին, նոյնինքն Լիբանանի «պարգեւ» հանուած բազում արհաւիրքներու ցոլացումները, արհաւիրքներ՝ որոնք փուլ առ փուլ շարունակուած են յաջորդ շուրջ 40 տարիներուն, մինչեւ այսօ՛ր: Աւելին, ընթերցողին համար դժուար չէ տեսնել, որ «յուշագրութիւնը» հեռահաս արձագանգներ ունի լիբանանեան ողբերգութեան նմանակներուն զոհ՝ այլ ժողովուրդներու, ինչպէս՝ պաղեստինցիները, արաբական այլ երկիրներ, եւ այսպէս՝ շարունակ: Յաջորդ կտորներուն մէջ այս գիղը յաճախ կը շեշտուի:

Այս կտորը, առանձինն, կարելի է դասել շարքին մեր ժամանակակից այն գրականութեան, ուր կան Լիբանանի տագնապին ցոլքերը: Խաչիկը միակն ու առաջինը չէ այս դաշտին մէջ: Իրմէ առաջ, հոն իրենց պատուանդանը կերտած են ծանօթ գրողներ: Անոնք կը կոչուին Գ. Պըլտեան, Վ. Թէքեան, Շահանդուխտ, Յարութ Պէրպէրեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Խոսրով Ասոյեան, Նազ Տէր Սարգիսեան, Վահէ Պէրպէրեան եւ այլք: (իւրաքանչիւրը՝ իր դիտանկիւնէն, իր ոճով եւ ներաշխարհէն, մտածումներու հորիզոններէն ծորած արտայայտչաձեւերով: Այս նշումը չենք ըներ ոեւէ գրող միւսին, կամ՝ Խաչիկը անոնց հետ բաղդատելու մօտեցումով):

Եթէ փորձենք մէկ առ մէկ կանգ առնել իրերայաջորդ կտորներուն վրայ, որոնք, ինչպէս ըսինք, «խառնուրդ» մըն են արձակի ու բանաստեղծական արտայայտութիւններու (երբեմն կէտադրեալ, երբեմն առանց կէտադրութեան), ստիպուած պիտի ըլլանք տարածուելու այս սիւնակին ներած սահմաններէն անդին: Հետեւաբար, պիտի բաւականանաք քանի մը  նշումներով եւ դիտարկումներով:

Խաչիկին էջերուն մէջ, ընթերցողը կը նկատէ ստեղծուած, պարտադրեալ վիճակներու դէմ ըմբոստացումի արտայայտութիւններ: Երբեմն ըսելիքը կը բանաձեւէ յստակօրէն, սակայն ընթերցողը միշտ ալ կը տարուի այն տպաւորութեամբ, որ թելադրականութիւն մը կայ քիչ մը ամէն տեղ: Նիւթերը երբեմն անմիջական կեանքին կապուած են (օրինակի համար՝ համաճարակը եւ անոր ստեղծած պայմանները), սակայն այդ էջերը քրոնիկատիպ չեն: Աւելի յաճախ տիրապետող են խոհերը, ապրուած կարճատեւ կամ աւելի երկար վիճակներէ ծնած զգացումներ, մտածումներ, փիլիսոփայականի դուռները բախող խորհրդածութիւններ: Երբեմն կը մտնէ բառախաղի ոլորտը, սակայն այդ տողերն ու էջերը պէտք չէ ընկալել իբրեւ մտային մարզանքի կամ չմշկումի փորձեր: Նշենք նաեւ, որ նման էջեր, խորհրդածութիւններ ու քննարկումներ առաջին ակնարկով կրնան հաղորդական չըլլալ որոշ ընթերցողներու, սակայն այս գրողն ալ մաս կը կազմէ նորերու այն փաղանգին, որ հասկցուելու, հաղորդակից դառնալու ճիգ կը սպասէ ընթերցողէն, կը մեկնի այն կէտէն, թէ ներքին կուտակումներուն դրս-ե-ւորումը՝ ի՛ր ձեւերը գտնելն են կարեւորը (հոս կրնանք բարեւել Ֆրէօյտներուն):

Արտայայտչաձեւերէն մէկն է զրոյցը, մերթ՝ ինքն իրեն հետ, երբեմն՝ ընթերցողին, այլ առիթով՝ սիրելիի մը, որ կրնայ իրական ըլլալ կամ երեւակայութեամբ յօրինուած՝ յատուկ դիտաւորութեամբ, իբրեւ «գործիք»՝ իր բան-ը ըսելու: Եւ հոս է որ (նաեւ այլ վիճակներու պարագային) զգալի կ’ըլլայ թելադրականութիւնը:

Հատորին էջերուն, ընթրեցողը կը հանդիպի գրողի մը, երիտասարդի մը, որ ինքնապեղումի փուլերէ կ’անցնի, միաժամանակ կ’որոնէ կեանքի «հարցականներուն» պատասխանները: Տեղ մը կը քալէ վերացապաշտներու քովն ի վեր, այլ տեղ՝ բնազանցութեան ճամբաները կը մտնէ: Տեղ մը կը փորձէ բացատրութիւն գտնել ցնորքին, այլուր՝ պարապը նկարագրող գրականութիւն կը հետապնդէ, կ’այցելէ գոյութենապաշտներու դաշտը եւ գոյութեան փնտռտուք կ’ընէ: Ինքնաորոնումը զինք կը հասցնէ ձեւով մը արձագանգելու դարեր առաջ բիւրեղացած՝ տեքարթեան գիւտի մը, ըստ որուն՝ «Եթէ կը մտածեմ, ուրեմն կամ», սակայն հոս կասկածը բոլորվին չի փարատիր կարծէք, որովհետեւ իմաստազրկող եւ կրկնուող կացութիւնները, լայն իմաստով՝ արհաւիրքները երբեմն զինք պատանդ կը պահեն: Իսկ մարդկութիւնն ալ արդեօք պատանդ չէ՞ նման վիճակներու:

Էջերուն՝ ընթերցողը պիտի հանդիպի պատկերներու եւ որոշ բառերու, որոնք «յանդուգն» են, զինք դուրս կը հանեն դասական պատշաճութիւններու ծիրէն, երեւոյթ մը՝ որ 60-ականներէն ասդին մուտք գործած է մեր նորարար կարգ մը գրողներու էջերուն (ձեւով մըն ալ «ներածուած» է օտար գրողներէ): Ուղեկից տարրեր են սեռայնութիւն, «գործողութիւններ», որոնք կրնան գայթակղեցնել միջին ընթերցողը: Ինչպէս իրեն նմանները՝ Խաչիկն ալ կ’աշխատի ցոյց տալ, թէ չ’ուզեր կաշկանդուիլ պահպանողական նկատուող սահմաններու մէջ, բառամթերքէ եւ պատկերներէ-գործողութիւններէ:

Մտածումերու եւ պատկերներու արարման մէջ, առաջնահերթ մտահոգութիւն մը չէ գեղ-արուեստը, այլ երբեմն կը քալէ հակա-արուեստի երկինքներուն տակ: Իրեն համար աւելի՛ առաջնահերթ են ներքին տագնապներէ կամ դուրսէն պարտադրուած կացութիւններէ ծնած իրավիճակներու, ապրումներու եւ խորհրդածութիւններու՝ դիտարկումներուն հարազատ մնալը: Քիչ առաջ արդէն նշեցինք, որ մեր օրերու աշխարհը – եւ սա նորութիւն չէ, աշխարհամարտներէն առաջ եւ վերջ ալ նման պարտադրանքներո ստեղծուած են ու ներգրաւած՝ տարբեր ոլորտներու արուեստագէտներ՝ գրող, նկարիչ, երաժիշտ… – առաւըելաբար դաժան իրականութիւններ կը պարգեւէ մարդկութեան, ոմանք անոնց մէջէն կ’անցնին կրաւորականութեամբ, մինչեւ իսկ անտարբերութեամբ, իսկ ուրիշներ, ինչպէս Խաչիկի, կ’աշխատին իրենց ներաշխարհէ եկող ձայներով արձագանգել:

Ընդհանուր առմամբ, նախանձախնդիր է մայրենիին, սակայն հատորը զերծ չէ մանր վրիպակներէ (լեզուական-քերականական եւ այլ): Իսկ եթէ փորձենք կարեւոր արժանիք մը արձանագրել, այն է, որ ունինք երիտասարդներ, գրողներ – որոնցմէ մէկն ալ՝ ահա Խաչիկը, որոնք կը հաւատան ԳԻՐՔին, գիտեն, որ մամուլին մէջ ցանուած կտորներ, որքան ալ որ ողջունելի՝ պէտք է օր մը հաւաքել ՄՆԱՅՈՒՆ վայրի մը մէջ, որ կը կոչուի գիրք:

…Իսկ Խաչիկին էջերը կանգ չեն առած այս հատորին ընդգրկած ժամանակաշրջանով, այլ ան կը պահպանէ մեր գրական մամուլին մէջ իր ներկայութիւնը:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button