Լրահոս

Հայաստանի Մարդասիրական Օժանդակութեան Շարասիւնը «Մարգարա» Անցակէտէն Անցնելով Հասաւ Հալէպ

 

 Հայաստան-Թուրքիա սահմանային «Մարգարա» անցակէտի ժամանակաւոր բացումէն ետք, Հայաստանի Սուրիա առաքուած մարդասիրական օժանդակութեան շարասիւնը կիրակի, 23 Մարտի երեկոյեան հասաւ Հալէպ: Օժանդակութիւնը, որ կը պարունակէր հայաստանեան արտադրութեան դեղորայք եւ սննդամթերք, պիտի բաշխուի Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ:

Հալէպի Արդիւնաբերական ցուցահանդէսի համալիրին մէջ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան շարասիւնի պաշտօնական յանձնումը կատարեց Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալին: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ Հալէպի նահանգապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուն:

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան ըսաւ. «Պատմականօրէն սուրիացի եւ հայ ժողովուրդները բարեկամական կապեր ունեցած եւ իրար փոխօգնութեան հասած են: Կը մաղթեմ, որ սուրիացի ժողովուրդը շուտով յաղթահարէ դժուար պահերը եւ Սուրիան դառնայ բարգաւաճ երկիր»:

Իր կարգին, Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան` Սուրիա առաքուած օժանդակութեան համար, աւելցնելով, որ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացման ամուր ենթահող ունին:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button