Գլխաւոր

«Ձեւափոխուող «Դիմադրութեան Առանցքը» – Ինչպէ՞ս Իրանը եւ Անոր Ցանցերը Կը Յարմարին Արտաքին Ճնշումներուն»

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

11 Մարտ 2025

haroutchekijian.wordpress.com 

Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի փոխուող աշխարհաքաղաքականութեան եւ աշխարհագրութեան գլխաւոր անկախ բեւեռը Իրանն է, միւս երկուքը՝ իրարու դաշնակից Թուրքիան եւ Իսրայէլն են, որոնք հակադրուած են Իրանին: Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, իսկ Իսրայէլը ցարդ կը վայելէ Միացեալ Նահանգներուն՝ ՄՆ 100 տոկոս անվերապահ նիւթական եւ ռազմական աջակցութիւնը: Իրանի ճկուն քաղաքականութեան շնորհիւ, հակառակ ամերիկեան եւ արեւմտեան երկար տարիներու պատժամիջոցներուն, կը մնայ ինքնաբաւ ու դիմադրութեան առանցքին հովանաւորը:

Վերոնշեալ խորագիրով, 6 Մարտ 2025 թուակիր այս տեղեկագիրը (1) Իրաքի եւ Արեւելքի ուսումնասիրութեան մէկ մասն է, որ քննուած է Չաթըմ Հաուզ Chatham House վերլուծական կեդրոնին, Անդրսահմանային հակամարտութիւններու փաստերու, քաղաքականութեան եւ միտումներու (XCEPT) հետազօտական ծրագիրին կողմէ, որ կը տնտեսէ Անգլիոյ միջազգային զարգացման գրասենեակը: Նիւթը հիմնուած է ուղղակի աղբիւրներու վրայ, որոնք հաւաքուած են անձնական եւ հեռախօսային հարցազրոյցներու միջոցով՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական վերնախաւերու, տնտեսագէտներու, վերլուծաբաններու եւ ընդհանուր հանրութեան հետ՝ Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ 2021-էն 2024: Հեղինակները 3 կիզակէտ խումբերու եւ 33 անձերու հետ, 2023 ապրիլէն սեպտեմբեր, հարցազրոյցներ ունեցած են Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ (2):

Երեք հեղինակներն են՝ դոկ. Ռենատ Մանսուր Renad Mansour, Հայտար Ալ Շաքըրի Hayder Al-Shakeri եւ դոկ. Հայիտ Հայիտ Haid Haid, Չաթըմ Հաուզի գիտաշխատողներ (3): Ստորեւ՝ 28 էջ տեղեկագիրին ամփոփումը կը թարգմանեմ.

1 – «Իսրայէլի վրայ 7 Հոկտեմբեր 2023-ի ՀԱՄԱՍ-ի յարձակումէն ետք, Իսրայէլի կառավարութիւնը սկսաւ իր սահմանէն դուրս պատերազմի՝ նպատակ ունենալով վերափոխել Միջին Արեւելքը՝ տկարացնելով Իրանը եւ անոր դաշնակից խումբերը, որոնք կը ճանչցուին իբրեւ «դիմադրութեան առանցք»: Անոնք Իսրայէլի դէմ հրթիռային հարուածներով նեցուկ կանգնեցան իրենց պաղեստինցի դաշնակիցներուն:

«Այս անպաշտօն դաշնակցութիւնը, որ այժմ Իրանի հետ միասին կը ներառէ Կազայի ՀԱՄԱՍ-ը, Լիբանանի Հըզպալլան, Եմէնի հութիները եւ Իրաքի «Ժողովրդային աշխարհազօր»-ի  մէկ մասը, 2024-ին աննախադէպ մարտահրաւէրներ դիմակայեց: Հըզպալլան զգալի դժուարութիւններ ունեցաւ, որոնցմէ էր՝ իր բարձրաստիճան ղեկավարութեան մեծ մասին կորուստը, իսկ Սուրիոյ մէջ՝ Պաշշար Ասատի ռեժիմը տապալեցաւ, որ մինչեւ վերջերս առանցքին մէկ մասն էր:

Իրանի եւ դիմադրութեան առանցքին կազմաւորման ժամանակագրական ցուցակը

             2 – «Այս հակամարտութեան մէջ առանցքին հանդիպած խափանումներուն պատճառով, արեւմտեան որոշ դիտորդներու եւ քաղաքական գործիչներու կարծիքով, Իրանը եւ անոր դաշնակիցները խիստ տկարացած են: Սակայն, մեր հետազօտութիւնը բացայայտեց շարք մը յարմարուող ցանցեր, որոնք պատմականօրէն Իրանին հնարաւորութիւն տուած են նաւարկելու եւ յաղթահարելու տարբեր ցնցումներ՝ ապահովելով անոր գոյատեւումը ռազմավարական դաշինքներու միջոցով:

«2024-ին, Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններով Հըզպալլայի թուլացումը եւ Սուրիոյ ռեժիմին տապալումը՝ Իրանը մղեցին աւելի ապաւինիլ Իրաքի եւ Եմէնի դաշնակիցներուն վրայ: Իրանը ձգտած է ընդլայնել իր յարաբերութիւնները առանցքէն դուրս՝ ընդլայնելով իր հաստատած կապերը Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ, միեւնոյն ժամանակ աւելի մօտենալով Միջին Արեւելքի նախկին աշխարհաքաղաքական հակառակորդներուն, ներառեալ՝ Պարսից ծոցի արաբական երկիրներուն: Այս զարգացումները ընդգծեցին, որ առանցքը աւելի՛ն էր, քան անոր բաղկացուցիչ մասերու հաւաքածոն:

3 – «Շատ յաճախ Իրանի արտաքին յարաբերութիւնները կը դիտուին բացառապէս ռազմական համագործակցութեան ոսպնեակին միջոցով։ Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի յանձնառութեան մասին համապարփակ պատկերացում ունենալու համար այս հետազօտութիւնը յատկապէս կ՚ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՛ս առանցքը կը ղեկավարէ տնտեսական հոսքերը եւ իր ուժանիւթի առեւտուրը՝ անցնելով պետութիւններու աւանդական օրինական եւ աշխարհագրական սահմանները: Եզրակացութիւնները ցոյց կու տան, որ առանցքը կ՚օգտագործէ ցանցային մօտեցում՝ ուղղակի պատժամիջոցները եւ այլ միջազգային միջամտութիւնները շրջանցելու համար՝ միաժամանակ, տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս յարաբերութիւնները խթանելով:

4 – «Այս յարմարելու կարողութիւնը կ՚ուժեղանայ, զարգացող համաշխարհային կարգերուն մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներու մենատիրութեան անկումը յառաջացուց բազմակողմանի աշխարհակարգ մը, ուր կը յատկանշուի ո՛չ թէ կոշտ «ազդեցութեան գօտիներով» կամ հակակշռող խմբակներու կայուն բազմաբեւեռ կարգով, այլ՝ աւելի փոփոխական եւ անկայուն յարաբերութիւններով: Այս շարժունակ իրավիճակը Իրանին հնարաւորութիւն կու տայ կապեր հաստատել ո՛չ միայն առանցքին եւ համախոհ պետութիւններու եւ խումբերու, այլեւ՝ Արեւմուտքի աւանդական դաշնակիցներուն հետ։

5 – «Առանցքին հետ կապուած խումբերուն ճկունութիւնը կը կայանայ իր հզօրութեան պահպանման մէջ, թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ ալ տարածաշրջանային առումով: Անոնք կը նաւարկեն օրինական եւ անօրինական տնտեսութիւններ ունեցող ցանցերու մէջ՝ թոյլ տալով անոնց ձեռք բերել մատակարարման շղթաներ եւ հասնիլ  վճռական աղբիւրներու։

«Խումբեր, ինչպիսիք են Իրաքի «Ժողովրդային աշխարհազօր»-ը, Հըզպալլան կամ հութիները, պարզապէս «ոչ պետական դերակատարներ» չեն, այլ՝ արմատացած են պետական կառոյցներուն մէջ եւ զգալի իշխանութիւն ունին իրենց սեփական իրաւունքով: Իրանը եւ այս խումբերը զարգացուցած են տնտեսական յարաբերութիւններ բազմաթիւ կողմերու եւ պետութիւններու հետ, թէ՛ տարածաշրջանային, թէ՛ ալ համաշխարհային մակարդակներով, աւելի մեծցնելով իրենց ազդեցութիւնն ու յարմարելու կարողութիւնը:

«Սուրիոյ մէջ Ասատի ռեժիմին տապալումը 2024-ին, ցոյց կու տայ, որ այս ճկունութիւնը կախեալ է իւրաքանչիւր խումբի որոշ աստիճանի ներքին հեղինակութեան եւ սահմաններէն դուրս կապի պահպանումէն: Ասատի ռեժիմը երկուքէն ալ շատ բան կորսնցուցած էր։

Առանցքին տնտեսական ցանցը 

6 – «ՄՆ-ը, Անգլիան եւ համախոհ պետութիւնները պայքարած են առանցքին դէմ, հակազդելու կամ զսպելու, քանի որ անոնց մօտեցումները կը շարունակեն կեդրոնանալ երկրին համար յատուկ քաղաքականութեան եւ ծրագրաւորման վրայ, որոնք կը համապատասխանեն պետութեան աւանդական հաստատութենական եւ աշխարհագրական սահմաններուն:

«Արեւմտեան կառավարութիւնները յաճախ թիրախաւորած են առանցքին առանձին, մեկուսացուած բաղադրիչները՝ չկարենալով մշակել ռազմավարական մօտեցում մը, որ նկատի կ՚առնէ այս տարրերուն եւ անոնց տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ցանցերուն միջեւ կապակցութիւնը: Անոնց քաղաքականութեան գործիքներէն շատերը հինցած են, ա՛յն ժամանակ ստեղծուած՝ երբ ՄՆ-ու միաբեւեռութիւնը կ՚արտօնէր աւելի պարզ վիճակ՝ «մենք ընդդէմ անոնք»: Բազմաբեւեռութեան աճը նոր մօտեցում կը պահանջէ։

7 – «Միջոցներ, ինչպիսիք են ռազմական հարուածները, աւելի ապահով սահմանները, տնտեսական պատժամիջոցները եւ այլընտրանքային հաստատութիւններու ստեղծումը, հիմնովին չեն փոխած այս ցանցերը: Փոխարէնը, պատժամիջոցները աւելի վնասած են բնակչութեան, քան երկիրներու աւագանիին։ Նոյնիսկ քաղաքական լուծումները, որոնք վերջ դրին զինեալ պայքարին, յաճախ արմատաւորեցին փտածութիւնը՝ օգուտ տալով ցանցի անդամներուն եւ ո՛չ թէ պարզ քաղաքացիներուն, որոնք կը շարունակէին տառապիլ բարձր գիներէն եւ տարրական ապրանքներու անմատչելիութենէն:

8 – «Այս աշխատասիրութիւնը կը վիճի, որ Իրանին եւ անոր դաշնակիցներուն հակազդելու աւելի արդիւնաւէտ մօտեցումը կը ներառէ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն՝ կառուցուած աւելի բազմակողմ աշխարհակարգի համար: Այս մօտեցումը հիմնուած է երեք իրար կապուած ընթացքներու եւ քաղաքականութեան հակազդեցութիւններու պատասխաններուն վրայ.

Ա. – «Նախ, առանցքին ցանցին քարտիսագրումը` բացայայտելու պետական եւ ոչ պետական դերակատարներու, դաշնակիցներու եւ հակառակորդներու միջեւ բարդ փոխազդեցութիւնը, որ կը նպաստէ անոր, յարմարելու օրինական եւ ոչ օրինական տնտեսութիւններուն: Յատկանշական է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ դաշնակիցները նոյնպէս կը մասնակցին, երբեմն անգիտակցաբար, այս մատակարարման օղակներուն:

Բ. – «Երկրորդ՝ Իրանի եւ անոր առանցքի գործընկերներուն հետ յարաբերիլ, այլ, ոչ թէ զանոնք լուսանցքայնացնել՝ ընդունելով, որ այդ խումբերը խորապէս ներգրաւուած են իրենց համապատասխան երկիրներուն եւ աւելի լայն տարածաշրջանի քաղաքական տնտեսութեան մէջ: Արդիւնաւէտ ռազմավարութիւնը կը պահանջէ յարաբերիլ ցանցային «միջնորդներուն» հետ, որոնք կրնան ազդել առանցքին ներսի որոշում կայացնողներուն վրայ:

«Քանի որ Թեհրանը եւ անոր դաշնակիցները կը տկարանան, արեւմտեան քաղաքականութիւն մշակողները կրնան իրենց ցանցերը օգտագործել, միջնորդային գործարքներու համար, որոնք կեդրոնացած են փոխադարձ շահի, շրջանային կայունութեան եւ կը սահմանափակեն տնտեսական գործելակերպերը, որոնք կը մասնատեն պետութիւնը կամ կը վնասեն բնակչութեան:

Գ. – «Վերջապէս, պատասխանատուութիւն պարտադրել Իրանի եւ անոր գործընկերներուն նկատմամբ։ Իրանի հետ որեւէ համաձայնագիր պէտք է առաջարկէ պատժամիջոցներու աստիճանական մեղմացում՝ թէ՛ միջուկային հարստացման, թէ՛ ալ տարածաշրջանային ռազմական եւ տնտեսական գործունէութեան ստուգելի միջոցներու փոխանակման դիմաց։

«Շատ կարեւոր է, որ քաղաքական կարգաւորումները պէտք է մշակեն հաշուետուութեան կայուն միջոցներ՝ բնակչութեան վրայ բացասական ազդեցութիւնները մեղմացնելու համար: Քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ բարեկարգողները իւրաքանչիւր երկրի մէջ աւելի լա՛ւ կրնան ստուգել Իրանին առնչուող խումբերուն ներքին ուժը, քան թէ պատժամիջոցներու վրայ ապաւինիլը»:

Յատկանշական է, որ նախապէս «Ահաբեկչական առանցք»-ը վերջապէս արեւմտեան այս կեդրոնին կողմէ կը բնորոշուի իբրեւ «Դիմադրութեան առանցք», իր իսկական անուանումով: Ինչի՞ դիմադրութիւն… Դիմադրութիւն՝ բռնագրաւող Իսրայէլին դէմ: Ա՛յս ալ չեն լուսաբանած:

Կարծես թէ տուեալ իրողութիւն է, որ Իրանն ու Դիմադրութեան առանցքը պէ՛տք է չէզոքացուին… Ինչո՞ւ: Հեղինակները ո՛չ մէկ խօսք գրած են հակառակ կողմին՝ 1948-ին ստեղծուած Իսրայէլի եւ անոր ռազմական ու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրող Միացեալ Նահանգներուն, եւ Կազայի ու Լիբանանի մէջ անոնց տարիէ մը աւելի անդադար ցեղասպանական անմարդկային ոճիրներուն, ամբողջ թաղեր իրենց բնակիչներով ռմբակոծելուն, որոնց զոհ գացին շուրջ 60 հազար խաղաղ բնակիչներ՝ 70 տոկոսէն աւելին կիներ ու մանուկներ:

Արդարութիւնը եւ բռնագրաւողին դէմ յարատեւ պայքարը մարդկային տարրական իրաւունք է, որ պէտք է ազգովին, մեր բոլոր կարելիութիւններով իրականացնենք:

  1. https://www.chathamhouse.org/2025/03/shape-shifting-axis-resistance/acknowledgments
  2. https://www.chathamhouse.org/2025/03/shape-shifting-axis-resistance/01-introduction
  3. https://www.chathamhouse.org/2025/03/shape-shifting-axis-resistance/about-authors
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button