Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու ձերբակալուեցաւ՝ կաշառակերութեան եւ փտածութեան մեղադրանքներով։ Ձերբակալութենէն առաջ ոստիկանութիւնը խուզարկեց անոր բնակարանն ու գրասենեակը։

Էքրեմ Իմամօղլու Էրտողանի ամէնէն լուրջ մրցակիցը կը համարուի Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն մէջ։ Ան անդամ է ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան։

Միւս կողմէ, Պոլսոյ համալսարանը որոշեց յետս կոչել եւ չեղեալ հռչակեց  Իմամօղլուի վկայականը, պատճառաբանելով,որ ան 1990-ին Կիպրոսի թրքական բաժնին մէջ գործող համալսարանէ մը Պոլսոյ համալսարան փոխանցուած է, երբ կիպրական համալսարանը ճանչցուած չէր Թուրքիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Խորհուրդին կողմէ։

Ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան, նախագահական թեկնածուն պէտք է քառասուն տարեկանէն վեր ըլլայ եւ ունենայ համալսարանական վկայական մը։

Իմամօղլուի վկայականը չեղեալ համարելով՝ անոր կը զլացուի նախագահական թեկնածու առաջադրուելու իրաւունքը։

Պոլսոյ քաղաքապետին ձերբակալութիւնը ընդվզումի եւ բողոքի ալիք մը բարձրացուց Թուրքիոյ մէջ։ Ընդդիմութիւնը այս քայլը համարեց «յեղաշրջում» մը, իսկ ոստիկան ուժեր բիրտ ուժ գործածեցին՝ ուսանողական բողոքի երթ մը կասեցնելու եւ ցուցարարները ցրուելու համար։ Ուսանողները կը պահանջէին Իմամօղլուի ազատ արձակումը։

*

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին ամերիկեան ԷՖ – 16 տիպի հալածիչներու գնման եւ ԷՖ – 35 հալածիչներու ծրագրին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը վերականգնելու կապուած հարցեր։

Ըստ Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու պետական վարչութեան, Էրտողան հաստատած է իր խոր համոզումը, թէ իբրեւ դաշնակիցներ՝ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ նոր ժամանակաշրջանին մէջ պիտի գործեն համագործակցաբար։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի որդեգրեն մօտեցում մը, որ ի մտի պիտի ունենայ Թուրքիոյ ազգային շահերը՝ հակաահաբեկչական պայքարին մէջ։

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նկատել տուաւ,որ Թուրքիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն վերացումը երկկողմանի թափ պիտի տայ թուրքեւամերիկեան համագործակցութեան՝ պաշտպանութեան մարզին մէջ։ Թուրքիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները հաստատուած էին 2019ին, իբրեւ հակադարձութիւն՝ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական ԷՍ 400 օդային պաշտպանութեան համակարգի գնման։

Թրքական կողմին հաղորդման համաձայն, Էրտողան – Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ Սուրիոյ իրավիճակը։

*

Ռուսիոյ նախագահական պալատի բանբեր Տմիթրի Փեսքով բացայայտեց, որ Փութին ընդունած է Անգարա այցելելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի կողմէ իրեն յղուած հրաւէրը՝ նշելով, որ այցելութեան թուականին շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ։

Փութին – Էրտողան հանդիպման օրակարգը պիտի ներառէ Ուքրայինայի պատերազմը, միջազգային իրավիճակը, շրջանային իրադարձութիւնները եւ ռուսեւթրքական յարաբերութիւնները։

 

 

Մ․Ա․Կ․-ի Աւանդական Սպառազինութիւններու Արձանագրութեան Մարմինին զեկոյցը կը յայտնէ, որ Թուրքիա վերջին երկու տարիներու ընթացքին միջազգային գնորդներու մատակարարած է աւելի քան հազար զրահամեքենայ։

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ երկու տարի առաջ 11 երկիր ստացած է 501 զրահամեքենայ, մինչդեռ 2022ին արտածուած է 549 միաւոր։Ընդհանուր առմամբ, նախորդ տարուան համեմատ մատակարարումներու քանակը նուազած է 8  առ հարիւրով։

2023-ին թրքական զրահամեքենաներ ստացած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Ղազախստան, Սէուտական Արաբիա, Թունուզ, Քօտ Տ՛իվուար, Էքուատոր, Չատ, Մարոք, Պանկլատէշ, Մոնթենեկրօ եւ Ատրպէյճան։

Զեկոյցին մէջ կ՛ընգծուի, որ Մ․Ա․Կ․-ի ներկայացուցած թիւերը կը վերաբերին միայն պաշտօնապէս յայտարարագրուած մատակարարումներուն, հետեւաբար իրական ցուցանիշները կրնան աւելի բարձր ըլլալ՝ ներառելով անջատ պայմանագրերով կամ զինուորական օգնութեան ծիրին մէջ տրամադրուած զրահամեքենաները։

*

Թուրքիոյ փոխ նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախկին վարչակարգին տապալումէն ի վեր, Թուրքիա ապաստանած սուրիացիներէն աւելի քան 145 հազար անձեր Սուրիա վերադարձած են։ Ան հաւաստիացուց, որ Սուրիա վերադարձի հոլովոյթը հեզասահ կ՛ընթանայ եւ կշռոյթը փոփոխութիւններու ենթակայ է։ «Սկզբնական շրջանին վերադարձը աւելի կեդրոնացած էր այն շրջաններուն վրայ, որոնք ստեղծուած էին թրքական բանակին միջամտութիւններուն շնորհիւ։ Աւելի ուշ, երբ Ասատի վարչակարգը տապալեցաւ, վերադարձողներուն թիւը կտրուկ աճ արձանագրեց», ըսաւ ան։

Տեղին է նշել ,որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, Թուրքիա ապաստանած են աւելի քան երեք  միլիոն սուրիացիներ։

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button