ԳլխաւորՅօդուածներ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՐԿՐԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏԷՐ ԱԶԳԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆԵԼԱՆԵԼԻՈՒԹԻՆԸ…

Յ. Պալեան

            Հռոմէն առաջ, Բաբելոնի օրերուն ալ, կար երկիր՝ Նայիրի կամ Հայաստան, Արմենիա: Աստուածաշունչը Նոյեան Տապանը հոն բերած է, Արարատի վրայ, ան հոն տնկած է խաղողի այգի: Հոն ապրող ժողովուրդը կը կոչուէր Հայ կամ Արմէն: Կը սիրենք ըսել նաեւ Նայիրիցի:  Պատմաբանները թող որոշեն: Այդ երկիրը եւ ժողովուրդը ունեցած են պատմութիւն, ընդգրկուած են յունահռոմէական քրիստոնեայ համաստեղութեան      եւ մշակոյթին մէջ: Ներխուժումներ դիմագրաւած են, եւ հակառակ կարգի չարիքներու, դիմացած են: Հասած են մինչեւ մեր օրերը, ենթակայ եղած են նուաճողներու եւ կայսրութիւններու ծաւալապաշտական յարձակումներուն, որոնք կանգ չեն առած, ըսենք նաեւ, որ իրենք հայերը անոնց առաջքը չեն կրցած առնել:

            Երէկ եւ այսօր, Հայաստան կոչուած երկիրը եւ անոր ժողովուրդը կանգնած էին եւ կանգնած են գոյութենական ահեղ խնդրի առջեւ: Ինչ որ այսօր Հայաստան անուան տակ կը ներկայանայ, նախահայրերու կտակ Հայրենիքի բեկորն է: Այս իրողութինը, հայը ուր ալ գտնուի, մտահան պէտք չէ ընէ: Այդ կտակ Երկիրը հիւսած է մեր ինքնութիւնը, ազգային գիտակցութիւնը,  եթէ, չենք այլացած համաշխարհայնացման միգամածին մէջ: Ծաւալապաշտութիւնները, անուն փոխելով, կը սպառնան եւ սպառնացած են  անոր գոյութեան: Այս դուրսէն դիտուած հաստատում է: Պատմաբանները կրնան զանազան մեկնաբանութիւններով պատկերացնել կացութիւնը կամ իրողութիւնը, գրել պատմութիւն, իսկ քաղաքագէտները՝ գծել քարտէսներ, ոտնատակ ընելով իրաւունք, արդարութիւն, սկզբունք, միաժամանակ փուճ բարոյականութիւն քարոզելով:

            Եթէ ուշ չէ, որ հայերը իրենք, իրենց ղեկավարութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, մտաւորական թէ տնտեսական, հարց պէտք է տան, թէ ո՞ւր հասած են ազգը եւ հայրենիքը, իրենք ո՞ւր հասցուցած են զանոնք, ի՞նչպիսի ապագայ նախատեսած են  անոնց համար: Կրնայի՞նք հոս չհասնիլ, ինչպէ՞ս, կրնա՞նք  հոն չմնալ, եւ  գիտնալ՝ թէ ի՞նչ կ’ըլլանք եթէ հոն մնանք:

            Թշնամիներու դէմ ինչո՞ւ ճակատ չենք եղած եւ տեւաբար ինչո՞ւ պարտուած ենք: Ինչո՞ւ ճակատ չենք այսօր ալ: Վերականգնելու եւ պատմութեան լպրծուն տարածքին վրայ չմնալու եւ հուսկ չանհետանելու համար, այս ըմբռնումով քննադատութիւնը եւ ինքնաքննադատութիւնը այսօ՛ր պէտք է ընել եւ ըստ այնմ գործել, ղեկավարել եւ ղեկավարուիլ: Այս պէտք է ընել ո՛չ թէ անհատական, թաղային, խմբակային եւ ազգէն հեռու եւ հեռացած  սովորութիւն դարձած յաւելեալ իրաւունքներու եւ դիրքերու եւ զանոնք պաշտպանելու համար, այլ՝ ազգի եւ հայրենիքի հանդէպ յաւելեալ պարտքի: Եթէ այսօր ուշ չէ արդէն, վաղը վերջնականապէս ուշ պիտի ըլայ:

            Եթէ սկսէինք իրատեսութեամբ ըսել, որ անհատաբար եւ հաւաքաբար պատասխանատու ենք, սխալած ենք, մտաւորական եւ ազգային առաքինի քաջութեամբ ընդունէինք ինքնաքննադատութիւն ընել, ընդունիլ սխալ, յանցանք եւ մեղք, եւ բարձրագոչ ըսել, որ ազգը եւ հայրենիքը եւ իրաւունք ունին, այդ հայուն պարտքն է եւ պարտականութիւնն է, ան չի մասնատուիր ըստ անհատական կամ խմբակային շահի եւ նկատումի, ան ըլլայ թաղային, թէ այս կամ այն ձեւով՝ դասակարգային: Այդ իրաւունքի հետապնդումը եւ իրականացումը կ’երաշխաւորեն ինքնատիպ եւ ինքնուրոյն ազգի եւ անոր հայրենիքի գոյութիւնը:

                        Իրատեսութեամբ հարկ է ընդունիլ, որ պարտուած ենք եւ կը շարունակենք պարտուիլ, այսպէս ալ պիտի շարունակուի, եթէ, մեր եսերը աղբաման չդնենք եւ առանց ինքնարդարացման ճապկումներու,  պարտութիւններու ախտորոշումը չընենք: Ի՞նչ ըրած ենք եւ կ’ընենք չպարտուելու համար: Այս ընելու հոգեբարոյական գիտակցութիւն եւ ուժ ունի՞նք, որպէսզի ախտերը դարմանենք եւ անոնցմէ հրաժարինք:   Դիւրին է խօսիլ արտաքին թշնամիի եւ թշնամիներու կատարած չարիքներուն մասին: Ի՞նչ ըրած ենք մենք, կամ կրնայինք չընել, որպէսզի հոս հասած չըլլայինք եւ ընդունիլ մեր յանցանքքի բաժինը,եւ ինչպէս ըսած է Հին Յունաստանի մեծ իմաստասէրը, catharsis ընել, ինքնամաքրում ընել յանցանքի, պարտութեան եւ ձախողութեան պատճառները փնտռել մեր մէջ:

            Դարերու հնութիւն ունի եւ կոշկոռ դարձած ախտ է,  գահի եւ թագի համար  կռիւ մղել եւ  թշնամի համարել ազգի ՄԻՒՍ անդամը, չենք զբաղած մեր հողին, գոյութեան եւ ինքնութեան սպառնացող արտաքին թշնամիով եւ եղած ենք պարսկասէր, բիւզանդասէր, թրքասէր, ռուսասէր, սովետասէր, բոլոր երանգներով՝ արեւմտասէր, զիրար մերժած ենք, ճակատած ենք իրարու դէմ եւ  ինքնաշնորհած ենք համաշխարհային ազգ ըլլալու դատարկ մխիթարական տիտղոսը:     Եթէ մեր պատմութեան ծանօթ ենք, պէտք է յիշենք հայ Նախարարական Տուները, որոնց առաջնորդները իրենց աչքերը միշտ յառած էին թագին ու գահին, եղած էին իրարու դէմ: Զզուանքով կը յիշեմ, որ փոխանակ պետութիւն եւ գահ պահելու, անոնք դիմած են Պարսից արքային, որպէսզի գահընկեց ընէ Արշակունի թագաւորը, անկախ անկէ որ ան լաւ թագաւոր էր թէ վատ: Պարսից Թագաւորը գահընկեց ըրած է հայոց թագաւորը, անոր հետ գացած է հայ  թագաւորութիւնը: Եւ ապա  ազգը պետութիւն չունեցաւ: Եւ այդպէս ապրեցանք դարեր, ուրիշներու լուծը կրեցինք, անոնք հայուն հայրենիքը իրարու միջեւ որպէս աւար բաժնեցին: Եւ հայը ապրեցաւ հայրենիք ունենալու երազանքով, Իսրայէլ Օրի կամ Դաւիթ Բէկ, ստեղծեց Սասունցի Դաւիթի երազը, անհատներ եւ խմբակներ, հէքիաթի նմանող պայքարներ մղեցին, սիրոյ եւ յոյսի մարտեր մղեցին: Բայց չմիացանք, թէեւ միացում երգեցինք եւ կ’երգենք, շարունակելով իրարու դէմ պայքարիլ, մեր եսերէն անդին չնայելով: Հիւանդագին հին ու նոր տրամաբանութիւնը եղաւ եւ մնաց աթոռ-աթոռակի  տիրանալու փառասիրութիւնը:Կը շարուակենք հայրենիք երգել եւ յուզուիլ, երգել՝ Երեւան, Վան Կարս Անի, Դուին, Մուշ, Սասուն, Գետաշէն…: Բայց ինքնամաքրում չըրինք եւ չենք ըներ, կոչ, երգ եւ նախաձեռնութիւններ մնացին յուզում, երազ, մենախօսութիւն, մշակեցինք «բարձընտիր» ըլլալու վարք ու բարք եւ անոնցմէ դուրս չեկանք:

            Ինքնաքարում ընելու համար հարկ է կառչիլ արժէքներու, կարողութիւններու, գիտութեան,  ողջախոհութեան եւ նայիլ գահէ ու թագէ անդին,  եւ դառնալ ուժ: Ողջախոհութիւնը իր պարզ բանաձեւումը գտած է անկլօ-սաքտոն the right man in the right place իմաստութեան մէջ: Մենք մեզ եւ մեր շրջապատը ճիշդ չգնահատեցինք, Հայ Նախարարական Տուներու ուղիին հետեւցանք: Եզրակացութիւնը Գէորգ Էմին բանաստեղծի տողերն են, որ ՄԵՆՔ ԳԱՀ ՈՒ ԹԱԳ ՉԵՆՔ ՈՒՆԵՑԵԼ, ԵՒ ՍՊԱՅ Է ԱՄԷՆ ՄԻ ՀԱՅ: Բանակ չտեսնողը կը ցանկայ ուսադիրներով նկարուիլ, դպրոցի մը վերի կարգերուն աշակերտ ըլլալու պատրաստութիւն չունեցողը կը յայտնուի տնօրէնի պաշտօնին, հայերէն գիր-գրականութիւն չգիտցողը բանաստեղծի յուշահանդէսին բեմ կը բարձրանայ հայերէն էջի մը օտար լեզուի թարգմանութեամբ, քանի որ բանաստեղծը չէ կարեւորը, այլ բեմին վրայ շորորալը, ուրիշներ «Ղարաբաղ»ի որպէս պաշտպան հրապարակ կ’ելլեն, ելան, երբ քարտէսի վրայ անոր տեղն անգամ չէին գիտեր, «համահայկական» ժողովներու եկող-գացողներուն, եթէ հարցնէիք թէ ինչո՞ւ եկած էին, կ’ըսէին, թէ նման տեղեր կու գային, որովհետեւ «կը յուզուէին»: Չէ՞ք լսած մի ոմն նորահարուստի խօսքը,  թէ «հիմա դրամ եւ ժամանակ ունիմ եւ աթոռ կ’ուզեմ»: Չենք   զարմանար, երբ ան այդ աթոռը կ’ունենայ:

            Նախարարական Տուները չկան, բայց անոնց տնաւեր աւանդութիւնը կը պահուի: Գահ եւ թագ չկան, կան ՊԱՇՏՕՆՆեր, որոնք թերթերու էջերուն կամ հեռատեսիլէն պատկեր ունենալու ցանկալի պատիւին կ’արժանացնեն:

            Եթէ անկեղծ ենք եւ կ’ուզենք ազգ եւ հայրենիք վերականգնել, պէտք է ինքնամաքրում ընենք եւ նուաճենք ես սխալ եմ եւ դուն իրաւունք ունիս ըսելու հոգեբարայական մեծութիւն:

            Չեմ յիշեր թէ ո՞վ պատմած էր հետեւեալը, զոր իմ կարգիս քանի մը անգամ յիշած եմ: Պոլսոյ մէջ, ԺԹ դարուն, եղած են Պատրիարք ունենալու, ըլլալու եւ ընտրելու երկար պայքարներ: Ընտրած են, եւ հրաժարեցուցած, աւարտին թեկնածու եպիսկոպոս չէ մնացած, ընտրած են գաւառի մէջ գործող վարդապետ մը: Եւ ինչպէս հարկն է, երեւելիներ գացած են շնրհաւորելու նորընտիրը, որ գիտէր թէ Պոլսոյ Պատրիարքարանի ծաղկեայ դահլիճին մէջ կային բոլոր պատրիարքներու մեծադիր պատկերները: Երբ հարց կու տան վարդապետին, թէ երբ Պոլիս երթայ  ի՞նչ պիտի ընէ, ան կը պատասխանէ, գաւառացիի անկեղծութեամբ եւ կ’ըսէ. «Երթամ զիմ պատկեր նկարել»…

            Նման պաատում չեն լսեր, եւ իրենց անհեթեթութեան չեն անդրադառնար «հիմա աթոռ կ’ուզեմ» ըսողները, «զիմ պատկեր նկարել»ու հետամտողները  քանի որ անոնք ամէն բան գիտեն, ընթերցել-լսելու ժամանակ չունին, յաճախ հայերէն խօսքէն եւ գիրէն  օտարուած են:

            Ընկերային եւ քաղաքական ամբարտաւանութիւն է վստահ ըլլալ սեփական իմաստւթեան, չտեսնել  չիմաստութիւնը, միշտ կը  գտնուին պալատականներ եւ ներքինիներ, որոնք վաղ թէ ուշ կ’ըլլան ծառայ: Անոնք չեն առաջնորդուիր այն  փրկարար միտքով,  ինչպէս ըսած է Կանտին, որ հզօրը կրնայ տկարանալ եւ իմաստունն ալ կրնայ սխալիլ: Երբ ոմանց  տակէն վերցուի աթոռը, անոնք կը մնան չոր գետնի վրայ:

            Եթէ չենք յաջողիր, եւ կը պարտուինք, պահ մը կանգ պէտք է առնենք եւ մտածենք մեր պատմութեան Հայ նախարարներու մնայուն եւ աւեր գործած գահ եւ թագ ունեալու աւեր գործած քաղաքական ցանկութեան մասին: Եւ յիշել մեզի ժամանակակից Գէորգ Էմին բանաստեղծը: Անե զրակացուցած է ըսելով, որ «սպայ է ամէն մի հայ»… Եթէ «զիմ պատկեր նկարել»ով զբաղած սպաներու բանակ-ազգ ենք ո՞ւր պիտի գտնենք զինուոր եւ առաջնորդ: Հայաստան եւ Սփիւռք կ’ունենա՞նք աճպարարութիւն չեղող եւ ազգին համար կենսական կառուցողական ողջախոհութիւն ունեցող իրաւ սպաներ, որոնք գիտնան զինուոր եւ բանակ առաջնորդել, չըլլան իրենք զիրենք եւ հանրութիւն զուարճացնող տիկնիկային թատրոնի բեմին վրայ: Երբ թատրոն վերջ գտնէ եւ վարագոյրը իջնէ, ինքզինք ո՞ւր պիտի գտնէ «ամէն մի հայ սպայ» ազգը:

            Երէկ, եթէ ունեցած ըլլայինք, այսօր եթէ պճեղ մը իրատեսութիւն ունենանք, նուազ սպաներ եւ աւելի քաջ ու հաւատաւոր զինուորներ ունենանք, մեր վաղը աւելի լաւ կ’ըլլայ:

            Պարսից արքան լսեց հայ նախարարները, գահըկեց ըրաւ հայոց Վռամշապուհ թագաւորը եւ մենք թագաւոր չունեցանք: Մեր անմիջական արցախեան պատմութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ «յաղթանակէն վերջ պարտութեան» մասին: Անհեթեթ է  Քիփլինկ  բանաստեղծին պէս սաւառնիլ եւ ըսել՝ «յաղթանակէն վերջ հանդիպիլ պարտութեան եւ նոյն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող»… Պարտութիւնը խաբկանք չէ, բանաստեղծութիւն չէ,  լեզուագարութիւն չէ, չի վարագուրուիր «զիմ պատկերի նկարահանման լոյսի եւ ստուերի խաղերով:

            Այսպէս է եւ այդպէս կ’ըլլայ, երբ «սպայ է ամէն մի հայ», համացանցի թէ ժողովներու անտիրութեան ալեկոծութեան մէջ: Երեւան, Զանգեզուր, բազմանուն եւ բազմագոյն Սփիւռք, կը մտածե՞նք մեր դիմումով կատարուած հայ թագաւորի գահընկեցութեամբ աւանդուած քաղաքական եւ հոգեբարոյական ԻՄԱՍՏի մասին, որ աթոռ-աթոռակի խաղ չեղաւ:

            Հանդէս է հայ կեանքը, «ամէն տեղ ուր հայ կայ»ով շնչող երջանիկ սպաներով:

            Նախակրթարանի հայերէնի դասագիրքիս մէջ պատմութիւն մը կար: Ընտանիքի մը նահապետը մահամերձ է, որդիներ, թոռներ, հարսներ, հաւաքուած են սնարին: Նահապետը աչքերը կը բանայ եւ կը տեսնէ, որ բոլորը հոն են, եւ կը հարցնէ, որ եթէ բոլորդ հոս էք, ո՞վ կը պահէ ոչխարները կովերը:

            Երբ «իմ պատկեր նկարելով» ինքնահաստատում կը փնտռենք, խօսափողով կը բաւարարուինք, քանի որ «սպայ է ամէն մի հայ»… խաղեր կը սարքենք իրարու դէմ խօսքի նիզակներ կը ճօճենք, ո՞վ ի՞նչ կը պահէ: Նիզակախաղի  դաշտը ո՛չ Աւարայր է եւ ո՛չ ալ Սարդարապատ: Ան ինքզինք աճեցնող լրատուամիջոցներու եւ համացանցի հանդէս է ուր կ’արշաւեն «ամէնքն ալ սպայ հայեր» զինուած թղթէ կապարճներով: Մի՛ հարցնէք թէ ի՞նչ կը պահեն,  ի՞նչ բանի տիրութիւն կ’ընեն:

            Ինչպէ՞ս ինքնամաքրուիլ եւ ազգ եւ հայրենիք վերականգնել:

            Հարցում է: Կրկնելով,  իմաստասէրին հետ, որ «հարցումները աւելի կարեւոր են քպատասխաններէն»: : Ո՞վ պիտի պատասխանէ:

            Հայերը չարչրկող եւ հայերու կողմէ չարչրկուող այս միտքերու որպէս եզրակացութիւն պիտի արձանագրեմ ԺԹ դարու ֆրանսացի բանաստեղծ Շարլ Փեկիի իմաստուն խօսքը. «Քաղաքականութեան մէջ երբեք պիտի չհասկցուինք: Թերեւս այս է կուսակցութիններու խաղը»:

Մինչեւ ե՞րբ խաղալ: եւ… Յետոյ ի՞նչ:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button