Ամերիկահայ

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ «ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ»

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Կիրակի, Մարտ 16-ին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին կազմակերպած էր ծխական Գէորգ Խրիմեանի «Երեւանի գաղտնիքներ» խորագրուած ներկայացումը «Փաշալեան» սրահին մէջ, որ առաջինն էր «Հիւրասիրութեան ժամու զրոյցներ» կոչուած նոր նախաձեռնութեան։

Ձեռնարկին նախագահեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Բացումը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, անդրադառնալով Գէորգ Խրիմեանի բերած նպաստին եկեղեցւոյ գործունէութեան։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Արմէն Մորեան, անդրադարձաւ նոր նախաձեռնութեան յատկանիշներուն։ Ան ուղղուած պիտի ըլլայ պարբերաբար ներկայացնելու շահեկան նիւթեր՝ առանց պաշտօնական դասախօսութեան ձեւ ունենալու։

Գէորգ Խրիմեան ներկաներուն հետ հետախուզեց Երեւանի յաճախ անտեսուած գանձերը, որոնք քաղաքի սահմաններէն ներս կը գտնուին, հանդիսանալով վայրեր, որոնք շատեր կ՚այցելեն անոնց իրական արժէքը գիտնալու, ինչպէս Շէնգաւիթի հնագիտական արգելոցը, Կարմիր Բլուր, Էրեբունի, Կամիր կամուրջը, եւ Կաթողիկէ եկեղեցին, ուրիշներու շարքին։

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց դասախօսին նուիրումն ու մասնակցութիւնը համայնքի կեանքին մէջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button