ՆՇՄԱՐ.- ԱՆՏԱՌԻ ՕՐԷՆՔԻ ՎԵՐԱԴԱ՞ՐՁ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
18 Մարտ 2025
Ժամանակակից աշխարհի դէպքերուն եւ զանոնք «կառավարողներուն» հետեւողը կը թօթափէ այն զգացումը, թէ կը գտնուինք քաղաքակիրթ ու բարեշրջուած փուլի մը մէջ. ընդհակառակն, իւրաքանչիւր քայլափոխի կը փաստուի, թէ նախամարդը օր ըստ օրէ կը վերականգնի քիչ մը ամէն տեղ, իրեն հետ վերականգնելով «Անտառի օրէնք»-ը, ուր ո՛չ ոճրագործ պէտք է փնտռել, ո՛չ ալ զոհ. միակ «օրէնք»-ը՝ «Աշխարհը դմակ, ձեռքիդ դանակ»-ն է: Աւելի՛ն, խաղաղութեան եւ պատերազմի միջեւ անհաւասար մրցումը ներգրաւած է աշխարհի ճակատագիրին հետ խաղացողները, խլութեան մատնելով ՄԱՐԴԱՆԱԼՈՒ կոչերը:
Արձանագրենք քանի մը նոր իրադարձութիւն:
- Իսրայէլ լայնածիր եւ ահաւոր ռմբակոծումի ենթարեց կազացիները, քանի մը ժամուան մէջ խլեց աւելի քան 400 զոհ, նոր աւեր, նոր քանդում: Ոճրագործ իշխանութեան պետը կը սպառնայ շարունակել նախճիրը, աւելին՝ կը յոխորտայ, որ Ուաշինկթըն կանաչ լոյս տուած է իրեն: Ուաշինկթըն անուղղակիօրէն կը վաւերացնէ սպանդը, կը ձայնակցի ոճրագործին եւ կ’արդարացնէ անոր պատճառաբանութիւնները:
- Թրամփ եւ Փութին իր վերջոյ ունեցան երկար ատենէ սպասուած իրենց ուղղակի հաղորդակութիւնը, Ուքրայինայի մէջ խաղաղութեան հասնելու յոյսեր արձակեցին, սակայն շատ բան կը մնայ անորոշ: Երկու շաբաթ առաջ Զելենսքին գետնին տակը անցընող Թրամփ խոստացեր է վերսկսիլ ուքրայինացիներուն զինումը: Ռազմաճակատները կը մնան տաք եւ մահասփիւռ: Ոճրագործ մի՛ փնտռէք…: Եւրոպացիք արդէն վար չէին դրած զինարշաւի դրօշը, ի հեճուկս իրենց երկիրներու տնտեսութեան: Հիմա, զինական պիւտճէի յաւելման մրցավազք մըն ալ սկսած է (պարզապէս նոր թափ ստացած), բարձրացուցած են «մենք մեր ուժերուն պէտք է վստահինք»ի եւ «Միացեալ Նահանգներուն չյենելու» պատճառաբանութիւնները: Ի՜նչ փոյթ, որ յաւելեալ զինումը պիտի ըլլայ անհատ երկիրներու տնտեսական-ընկերային տագնապներուն խորացման հաշւոյն: Օրինակի համար, Գերմանիա կը ծրագրէ աւելցնել պաշտպանութեան պիւտճէն, բարեփոխման խոստումներ կու տան, մինչ անդին, կը մտրակահարուին գործազրկումի երիվարները (նաեւ այլ երկիրներու մէջ): Իսկ թէ ի՞նչ սակարկութիւններ տեղի կ’ունենան երկու գերպետութիւններուն միջեւ, Իրանի, Չինաստանի եւ այլ շրջաններու մասին, կը մնան ծածկոցի տակ, վաղը ջերմացող յոյսերուն վրայ կրնայ պաղ ջուր թափուիլ…
- Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան դրօշը կը կարմրի նոր արիւնահեղութիւններով: Կը բացայայտուի, որ ոճրածին արհեստավարժ զինեալներ բերուած են սպանդներ կազմակերպելու համար ծովեզերեայ քաղաքներու մէջ: Ժամանակաւոր իշխանութիւնը ուղղակի եւ անուղղակի հարուածներ կը ստանայ (ըստ իր հաւաստիքներուն): Անդին, Լիբանանի հետ սահմանին վրայ բախումներ կը հրահրուին անիրական թուացող անուններով. մինչեւ երէկ ընդհանրապէս բարեկամական եւ գործակցական յարաբերութիւններով ծանօթ Սուրիան եւ Լիբանանը (անկախ բազում լուծելի հարցերէն) կ’առաջնորդուին դէպի բախումներու ոլորտ: Երրորդ գիծի մը վրայ, Իսրայէլ նոր հորիզոններ կը տեսնէ Կոլանէն մինչեւ Եփրատ եւ անդին- անոր ախորժակները լծակից-մրցակից եւ Էրտողանի Թուրքիոյ հեռանկարներուն:
- Կարմիր ծովէն եւ շրջակայ գօտիէն (Եմէն) կարմիր լուրեր կը հասնին դարձեալ (տարբեր՝ անմահ Սիամանթոյի նմանօրնակ բնութագրումէն), նոր վառելանիւթ թափելով Իրան-Միացեալ Նահանգներ հակադրութեան խարոյկին վրայ:
- Եւրոպայի արեւելեան գօտիին մէջ, խառնիճաղանճը ունի տարբեր դրսեւորումներ, կը բացայայտէ Եւրոպայի իրողական նոր տարբաղադրումին մէկ երեսը:
- Միացեալ Նահանգներու նոր իշխանութիւնը տնտեսական պատերազմ յայտարարած է թէ՛ Քանատայի, թէ՛ Մեքսիքայի, թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ Ռուսիոյ ու Չինաստանի դէմ (շարքը կրնանք երկարել), հրապարակ կու գայ կայսերական հեռանկարներով, կ’ուզէ սեփականացնել Փանաման, Քանատան, Կրուելանտան (հոն ալ նոր ծրագիրներ կրնան ի յայտ գալ), եւ այս բոլորէն կը շահին… անհայրենիք դրամատէր հսկաներ, որոնք նպաստեցին այս իշխանութեան վերարտադրութեան, նոյնը կ’ընեն Եւրոպայի մէջ եւ այլուր:
- Ափրիկէի մէջ, խայտառակութիւնը եւ խառնիճաղանճը ունի բազմաթիւ դրսեւորումներ, որոնցմէ մաս մը՝ արիւնալի եւ ոճրային, թէեւ Կազան ու Ուքրանիան են որ գրաւած են լուսարձակներու մեծ բաժինը: Պզտլի՜կ Ռուանտա մը ( հազիւ 27 հազար քառ. քլմ.) յարձակում կը գործէ ցամաքամասի ամէնէն տարածուն մէկ երկրին՝ Քոնկոյի վրայ (աւելի քան 2.3 միլիոն քառ. քլմ.), կը մնայ անզսպելի եւ հակակշիռէ դուրս, ափրիկեան երկիրներ տակն ու վրայ կ’ըլլան, եւրոպացիներու հետ դիւանագիտական տագնապներ կը ստեղծուին (եւ լուսարձակները կը հեռացնեն ռուսական դիւանագիտական-ռազմավարական յառաջաքայլերէ): Անդին, Սուտանը դարձեալ բեմ կը դառնայ արիւնահեղութիւններու (պատճառը մի՛շտ ալ երկիրը կողոպտելու ծրագիրներն են, ու այդ նպատակով գործակիցներու ապահովումը…): Ցանկը կրնայ երկարիլ Եթովպիայով ու այլ շրջաններով. «իսլամական»-ներ շարք մը երկիրներու մէջ սովորութիւն դարձուցած են ջարդերն ու տեղահանութիւնները, սանձարձակութիւնները, որոնք, ինչէս ամէն տեղ, ո՛չ մէկ աղերս ունին Իսլամին հետ:
- Եթէ ճամբորդենք դէպի ասիական երկիրներ, հոն ալ «մանր» ոճիրներու մանեակներ կը հիւսուին…
Այս ու նմանօրինակ ոճրային եւ ոճրախառն խառնիճաղանճին լոյսին տակ, մինչեւ իսկ կը նսեմանայ Ճորճ Օրուէլի ծանօթ վէպին՝ «1984»-ին այն նախատեսութիւնը, թէ աշխարհը բաժանուած պիտի ըլլայ երեք բռնատիրական կայսրութիւններու միջեւ, որոնք ինչ-ինչ նշանախօսքերով պատերազմի մէջ պիտի ըլլան իրարու դէմ եւ «Մեծ եղբայր»ը պիտի դառնայ վերահսկող՝ ամենատես ու ամենակարող «աչքը»: Օրուէլ այնքան յառաջ չէր գացած, որ նման վիճակ բառացիօրէն սահմանէր իբրեւ… «Անտառի օրէնք»-ի վերահաստատում:
***
Մենք, հայերս, այս ու նման իրադարձութիւններու կը հետեւինք մօտէն-հեռուէն (երբեմն ալ չենք հետեւիր եւ կը մտածենք՝ մեզի ի՜նչ): Մեզ տագնապեցնողը՝ մեր «փոքր ածու»ին գլխուն կուտակուող ամպերն են, որոնք երէկ բերին արիւնալի ամպրոպներ, եւ վաղն ալ կրնան կրկնուիլ: Այս մօտեցումը որոշ բացատրութիւն ունի, բայց լիովին չ’արդարանար…
Ոճրագործ Ատրպէյճանը – եւ զայն հովանաւորող Թուրքիան – յաճախ ռազմական համանուագներ կը հնչեցնեն, չեն բաւականանար միայն թմբուկով, պահանջներու անհատնում եւ նորոգուող ցանկեր կը դրուին Հայաստանի դիմաց, իսկ Երեւանի իշխանութիւնը ինքզինք պատանդ դարձուցած է «խաղաղութեան համաձայնագիր» կոչուած՝ այլապէս բարի երազին, որուն իրականացումը մօտ երեւցնող որեւէ քայլի՝ կը յաջորդեն ազերիական դրժումներ եւ բանիւ եւ գործով սպառնալիքներ:
Ստեղծուած է – իրականին մէջ՝ կը կրկնուի – խառնիճաղանճի այն մթնոլորտը, որուն մէջ պարզ քաղաքացին անկարողութեան մատնուած է՝ չորը թացէն զանազանելու (իշխանաւորներու քարոզչութեան հետեւանքով): Անտառի օրէնքի այլ կիրարկում տեղի կ’ունենայ մեր հայրենիքին մէջ, մէկ կողմէ՝ թուրք-ազերիական սպառնալիքներու, եւ միւս կողմէ՝ այդ ծրագիրներուն գործակատար իշխանաւորներուն պատճառով (Անտառի օրէնքի այլ կիրարկումներ կան տնտեսական գետնի վրայ, հայրենազրկուած արցախցիներու հանդէպ անփութութեան լոյսին տակ, նաեւ այլ գետիններու վրայ):
…Անտառի օրէնք-ին վերադարձը պէտք է կասեցնել թէ՛ աշխարհի տարածքին եւ թէ մեր հայրենիքին մէջ: Այդ օրէնքին կիրարկման լծուած իշխանաւորները պիտի չիրականացնեն այս արդար պահանջը: Անիկա ճիտին պարտքն է Արդարութեան եւ Իրաւունքի տէրերուն, որոնք աշխարհի տարբեր շրջաններէ գալով՝ բուրգին գագաթը իրարու կը միանան ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ընդհանուր խորագիրին տակ, մի՛շտ հաւատարիմ մնալով ազգային շահերուն եւ աւանդներուն: Այլ ընտրանքները պէտք է մնան անվաղորդայն: