Յօդուածներ

Փաշինեան Պէտք ՉԷր Թուրք Լրագրողները Հարցազրոյցի Համար Երեւան Հրաւիրէր


Յարութ Սասունեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախորդ շաբաթ անգամ մը եւս սխալ գործեց՝ Թուրքիոյ տասը լրագրողներ Երեւան հրաւիրելով եւ մէկուկէս ժամ զրուցելով անոնց հետ:
Նախքան Փաշինեանի խօսքերուն բուն բովանդակութեան անցնիլը՝ կը փափաքիմ մատնանշել անոր եւ անոր մամլոյ քարտուղարին յայտարարութիւններուն վերաբերող քանի մը հիմնական հարցեր։
Նախ՝ մամլոյ քարտուղարը բացայայտեց, որ թուրք լրագրողները Երեւան հրաւիրուած էին Հայաստանի կառավարութեան նիւթական յատկացումով: Ասիկա լրագրողական բարոյագիտութեան խախտում է: Արհեստավարժ լրագրողներուն չեն առաջարկեր, եւ անոնք չեն ընդունիր իրենց ուղեւորութեան եւ կեցութեան համար վճարումները` հարցազրոյցին ընթացքին իրենց անկախութիւնը պահպանելու համար:
Երկրորդ՝ Փաշինեանին մամլոյ քարտուղարը ըսաւ, որ Հայաստան հրաւիրած է թուրք լրագրողներ՝ քաղաքական խաւի բոլոր կողմերէ, ներառեալ՝ իշխանամէտ, ընդդիմադիր եւ անկախ լրատուամիջոցներ: Բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին թրքական լրատուամիջոցներուն, գիտեն, որ Թուրքիոյ մէջ գրեթէ ոչ մէկ ընդդիմադիր լրագրող կայ: Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կա՛մ կը վերահսկէ բոլոր ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն, կա՛մ կը փակէ զանոնք եւ կը բանտարկէ այլախոհ լրագրողները: Հայաստան հրաւիրուած լրագրողները եղեր են՝ T24-էն, Sozcu TV-էն, «Անատոլու» գործակալութենէն, «Հիւրիէթ» օրաթերթէն, թրքական ձայնասփիւռ-պատկերասփիւռէն, Medyascope-էն, NTV-էն, հայկական «Ակօս» թերթէն, «Իհլաս» լրատուական գործակալութենէն եւ CNN Turk-էն: Հրաւիրուած տասը թրքական լրատուամիջոցներէն միայն երկուքը` Sozcu TV-ն եւ «Ակօս»-ը, կրնան նկատուիլ անկախ լրատուամիջոցներ:
Երրորդ՝ Փաշինեան հպարտօրէն թուրք լրագրողներուն ըսաւ, որ անոնց հետ իր հանդիպումը աննախընթաց իրադարձութիւն էր: Ինչպէս միշտ, անոր յայտարարութիւնները հիմնուած չեն փաստերու վրայ:
Արդարեւ, Երեւանի մէջ թուրք լրագրողներուն հետ հանդիպումը աննախընթաց ՉԷՐ: Նախապէս ալ հայ պաշտօնատարներու եւ թուրք լրագրողներու միջեւ եղած են տարբեր հանդիպումներ: Կը յիշեմ 2001 թուականին տեղի ունեցած հարցազրոյց մը, երբ CNN Turk-ի յայտնի թուրք լրագրող Մեհմետ Ալի Պիրանտը եկած էր Երեւան եւ հարցազրոյց կատարած՝ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի հետ: Այդ հարցազրոյցը մեծ բանավէճի պատճառ դարձաւ, քանի որ Պիրանտ խեղաթիւրեց Քոչարեանին ըսածները` սխալ թարգմանելով անոր խօսքերը հայերէնէ թրքերէնի: 2001 թուականին ես գրած էի յօդուած մը` մատնանշելով Պիրանտի խեղաթիւրումները եւ քննադատելով նախագահ Քոչարեանը՝ քաղաքական զգայուն թեմաներու մասին հարցազրոյց տալու անոր համաձայնութեան համար, եւ անոր համար, որ ան եւ իր խորհրդականները պէտք է գիտնային, որ թուրք լրագրողին կողմէ խեղաթիւրում պիտի կատարուէր: Բացի Պիրանտէն՝ անցեալին բազմաթիւ թուրք լրագրողներ եկած էին Հայաստան` հայ պաշտօնատարներու հետ հարցազրոյցներ կատարելու համար: Աւելի՛ն. մեծ թիւով հայ եւ թուրք լրագրողներ 2007-08 թուականներուն այցելած են իրարու երկիրներ՝ իբրեւ «Հայաստան-Թուրքիա խմբային լրագրողական նախագիծ»-ի մաս:
Թուրք լրագրողները վատ համբաւի տէր են իրենց հարցազրոյցներու մասնակիցներուն խօսքերը խեղաթիւրելու առումով: Այդ պատճառով վերջին 40 տարիներուն ես մերժած եմ հարցազրոյցներ կատարելու թրքական բոլոր դիմումները։
Չորրորդ` Փաշինեան անճիշդ յայտարարութիւն կատարեց այն մասին, որ Հայաստանի նախորդ իշխանութիւններուն օրօք ուղղակի կապեր չեն եղած հայ եւ թուրք պաշտօնատարներու միջեւ: Ան վկայակոչեց իր հրաւէրը` մասնակցելու նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութիւն Անգարայի մէջ եւ անոր հետ Նիւ Եորքի մէջ կայացած հանդիպումը: Ան նշեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անգարա կատարած այցելութիւններուն մասին: Ան ըսաւ, որ նախապէս հայ եւ թուրք պաշտօնատարները իրարու տեսակէտներու մասին տեղեակ եղած են միայն երրորդ կողմերու միջոցով: Փաշինեան՝ իբրեւ «համագործակցութեան ճշգրիտ օրինակ», յիշեց վերջերս Հայաստանի կողմէ յանցագործութեան մէջ մեղադրուող երկու թուրքերու արտայանձնումը Թուրքիոյ:
Փաշինեանի պնդումները, թէ իրմէ առաջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պաշտօնական շփումներ չեն եղած, ամբողջութեամբ կեղծ են: Ան կ՛ուզէ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ ոչինչ եղած է մինչեւ 2018 թուականին իր իշխանութեան գալը: Աւելի կանուխ, նախքան Փաշինեանի վարչապետ դառնալը, երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ տասնեակ կապեր եղած են: Ահաւասիկ՝ քանի մը հատը.
1) Արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան 1992 թուականին գացած է Պոլիս` մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան համաժողովին:
2) Նախագահի խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեան Անգարա գացած է 1992 թուականին:
3) Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան 1993 թուականին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» խմբաւորման հիմնադիր եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ալփասլան Թուրքեշի հետ:
4) Նախագահ Տէր Պետրոսեան՝ արտաքին գործոց նախարար Վահան Փափազեանի եւ նախագահի խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեանի ընկերակցութեամբ, 1993 թուականին մեկնած է Անգարա` մասնակցելու Թուրքիոյ նախագահ Թուրկութ Օզալի յուղարկաւորութեան: Այդ առիթով Տէր Պետրոսեան հանդիպում ունեցած է վարչապետ Սուլէյման Տեմիրելի հետ: Այցելութեան ընթացքին Տէր Պետրոսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյի հետ:
5) Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ 2008 թուականին այցելած էր Երեւան` նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ դիտելու Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի խաղը:
6) Նախագահ Սերժ Սարգսեան 2009 թուականին գացած էր Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքը ` Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլի հետ Հայաստան-Թուրքիա պատասխան ֆութպոլի խաղը դիտելու համար:
7) Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն 2009 թուականին հանդիպած են Ցիւրիխի մէջ` ստորագրելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները:
8) Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութողլուն այցելած է Երեւան 2013 թուականին:
9) Արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան 2014 թուականին մեկնած է Անգարա` մասնակցելու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան:
Ուստի, Փաշինեան կը սխալի՝ ըսելով, որ նախապէս հայ եւ թուրք պաշտօնատարներ անմիջական կապեր չեն ունեցած եւ յարաբերութիւն հաստատած են միա՛յն երրորդ կողմերու միջոցով:
Իմ յաջորդ յօդուածիս մէջ կը ներկայացնեմ Փաշինեանի յայտարարութիւնները՝ թուրք լրագրողներուն, որոնք նախորդ շաբաթ այցելած էին Երեւան:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button