Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Քուէարկեց Ի Նպաստ Արցախի Համար Հարթակի Ստեղծման
ՊԵՐՆ․- Մարտ 18-ին, Զուիցերիոյ դաշնակցային ժողովի վերին պալատը` Քանթոններու խորհուրդը ընդունեց թիւ 24.4259 նախագիծը` «Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղութեան հարթակ. հայերու վերադարձի կարելիութեան ապահովում» վերնագիրով:
46 անդամներէն 29-ը թեր քուէարկեցին, 12-ը դէմ եւ երկու ձեռնպահ։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ապահովել բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան անվտանգ, հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձը իր պատմական հայրենիք:
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց. «Ժամանակն է, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը ամբողջովին գործադրէ այս որոշումի կէտերը եւ արցախահայ քաղաքայիններու իրենց հայրենիք ապահով ու անարգել վերադարձը ջատագովէ: Այսպիսի միջազգային երաշխիքներով տունդարձի իրաւունքը դիւրացնող հարթակի մը հաստատումը ոչ միայն հայ ժողովուրդի համար յաղթանակ է, այլ նաեւ յաղթանակ մը անոնց համար, որոնք արդարութեան եւ խաղաղութեան համար կը պայքարին»:
Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան իր կարգին, նշեց, թէ․ «Քանթոններու խորհուրդի որոշումը կը յաջորդէ Ազգային խորհուրդի` խորհրդարանի ստորին պալատի կողմէ նոյն առաջարկի որդեգրման, որ կայացած է Դեկտեմբեր, 17 2024-ին: Երկու պալատներու հաւանութեամբ թիւ 24.4259 նախագիծը կը ստանայ օրէնքի ուժ` պարտաւորեցնելով դաշնակցային խորհուրդը սկսելու անոր իրականացումը»:
Քանթոններու խորհուրդին մէջ, առաջարկի հեղինակն էր պատգամաւոր Տիանա Անկելինա Մոզերը (Կանաչ Ազատական կուսակցութիւն-Ցիւրիխ), իսկ Ազգային խորհուրդին մէջ՝ Էրիխ Ֆոթոպելը (Զուիցերիական ժողովրդական կուսակցութիւն-Ցիւրիխ): Առաջին անգամ ըլլալով, խորհրդարանի երկու պալատներն ալ ընդունած են որոշում, որ կը վերաբերի հայկական հարցին: