Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Անդամներ Հայաստանի Մօտ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ Հանդիպում Մը Ունեցան
Մարտ 18-ին, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արսէն Համբարձումեան հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ: Ռուստամեան ընդհանուր գիծերով տեղեկացուց նախորդ շաբաթներուն տեղի ունեցած Հ․Յ․Դ․ 35-րդ Ընդհանուր ժողովին, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նորընտիր կազմին, ընդունուած հիմնական որոշումներուն եւ կուսակցութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն մասին:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամները յատուկ կերպով շեշտեցին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ապօրինի դատավարութեան գծով իրենց մտահոգութիւնները: Միտքեր փոխանակուեցան աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն, տարածաշրջանին եւ, յատկապէս, Հայաստանի շուրջ ծաւալած ապահովական մարտահրաւէրներուն մասին:
Կարեւոր նկատուեցաւ Ռուսիոյ հետ կարգ մը ուղղութիւններով, մասնաւորապէս` խորհրդարանական ձեւաչափով համագործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը: