Հ.Օ.Մ.-ը Մ․Ա․Կ.-ի 69-րդ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովին
Հայ Օգնութեան Միութիւնը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ նախաձեռնութիւններու, որոնք տեղի ունեցան կազմակերպութեամբ Մ․Ա․Կ.-ի Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովին / Պէյճինկ 30+, Մ․Ա․Կ.-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, (Մարտ 10-21, 2025):
Հ.Օ.Մ.-ի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 69րդ խորհրդաժողովին բացման հանդիսութեան, ուր առիթը ունեցաւ հանդիպելու Լիբանանի Հանրապետութեան առաջին տիկին Նաամաթ Աունի հետ: Հ.Օ.Մ.ը իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, 1976-էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ: Իսկ 1998-էն ի վեր, կ՛անդամակցի որպէս գրանցուած խորհրդատու անդամ Մ․Ա․Կ.-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC):
Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովի 69-րդ նիստերու մասնակից Հ.Օ.Մ.-ի անդամները` Նիւ Եորքէն, Նիւ ճըրզիէն, Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթըն Տի.Սի-էն եւ Գանատայէն ներկայ գտնուեցան «Թաունհոլ»-ի տարեկան հանդիպման՝ Մ․Ա․Կ.-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէսի հետ, ինչպէս նաեւ Մ․Ա․Կ.-ի անդամ պետութիւններու ու բաժանմունքներու կողմէ կազմակերպուած նիստերուն եւ իրենց ներդրումը ունեցան անոնց յաջորդող հարցպատասխանի քննարկումներուն:
Մարտ 12-ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, համագործակցաբար Հայկական Իրաւական Կեդրոնին, կազմակերպեց նիստ մը՝ Մ․Ա․Կ.-ի Կիներու Կարգավիճակի Յանձնաժողովին/ Պէյճինկ 30+ գումարման օրերուն, «Տոկունութիւն եւ Ապաքինում. Կիներու Դերը Տագնապներու Գօտիներուն եւ Առողջութեան Պաշտպանութեան մէջ» խորագրով՝ Մ․Ա․Կ.-ի Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ, որ Նիւ Եորք կը գտնուի։
Հ.Օ.Մ.-ի նիստին բացման խօսքը ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան։ Ապա Թերեզա Երիմեան ներկայացուց «Տագնապներու Գօտիներու մէջ Կիներու Դերակատարութեան մասին» խորագրով զեկոյց մը, որուն յաջորդեց դոկտ. Գէորգ Յակոբճեանի զեկոյցը։ Ան անդրադարձաւ տագնապներու գօտիներուն մէջ կիներու պաշտպանութեան կոչուած օրինական քայլերու ամրապնդման կարեւորութեան։ Ապա դոկտ. Լորքի Լիպարիտեան առցանց միացաւ Հայաստանէն եւ խօսեցաւ տագնապներ դիմագրաւող կիներու առողջութեան պաշտպանութեան մասին։ Վերջապէս դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ պատմութիւններ եւ դրուագներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Երուսաղէմի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի նախաձեռնութիւնները։ Ան նաեւ կատարեց նիստի համակարգողի պարտականութիւնը։
Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հայկական Իրաւական Կեդրոնին նախաձեռնած նիստին աւարտին կատարուեցաւ հարց ու պատասխանի բաւական աշխոյժ բաժինը, որուն մասնակցեցան անդամ պետութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ, Մ․Ա․Կ.-ի գործակալութիւններու, ոչ կառավարական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ Հ.Օ.Մ.-ի անդամներ։ Նիստը ուղղակի սփռուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի հաղորդակցութեան եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, որուն արձանագրութիւնը կարելի է տեսնել Հ.Օ.Մ.-ի դիմատետրի եւ «Ինսթակրամ»-եան էջերու վրայ:
Այս հանդիպումը կը նպատակադրէր միացնել անձեր, որոնք հետաքրքրուած են տագնապներու գօտիներու մէջ ապրող կիներու ուժ եւ թիկունք կանգնելու աշխատանքով եւ պաշտպանելու անոնց առողջութիւնը՝ տարբեր յայտագիրներու եւ ծրագրերու միջոցով, որոնք կ՛օժանդակեն անոնց վերականգնման ճիգերուն։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը հպարտ մասնակից եւ անդամն է Մ․Ա․Կ.-ի Կանանց յանձնաժողովին եւ պիտի շարունակէ իր ճիգերը՝ հզօրացնելու համար կիները Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։