Արտերկիր

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը Հրատարակեց Թոմըս Կրինշիլծի The Settlement of Armenian Refugees in Syria and Lebanon, 1919-1939 Դոկտորական Թեզը

 

Հատորը լուսարձակի տակ կ’առնէ 20 Հոկտեմբեր 1921ին կնքուած ֆրանքօ-թրքական համաձայնագիրին հետեւանքները՝ պապենական հողեր վերադարձած հայ խլեակներուն վրայ:

Արդարեւ, Ցեղասպանութենէն վերապրած, տասանորդուած հայ մնացորդացին կարեւոր մէկ մասը հաւաքուած էր Կիլիկիա՝ այնտեղ հայկական պետութիւն հիմնելու երազներով:

Սակայն, այդ երազները փշրուեցան վերոյիշեալ տխրահռչակ համաձայնագիրով, որ Կիլիկիան յանձնեց նորածիլ քեմալական Թուրքիոյ: Հայութիւնը ստիպուած էր կրկնաքսորի դատապարտուիլ՝ խուսափելու համար երկրորդ Ցեղասպանութենէ մը: Արդարեւ Մուսթաֆա Քեմալի քաղաքականութիւնն էր Թուրքիան թրքացնել, երկիրը վերածելով միատարր ազգութեան:

Կրկնաքսորի ելած հայութեան մեծամասնութիւնը հաստատուեցաւ Սուրիա-Լիբանան, իսկ աւելի փոքր թիւերով հայեր գաղթեցին Կիպրոս, Եգիպտոս, Պաղեստին եւն.:

Սուրիա-Լիբանան հասած հայ գաղթականներուն տեղաւորման, կենցաղային, ընկերային, առողջապահական, որբանոցային եւ այլեւայլ կարիքներուն օգնութեան հասան միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ, Նիր Իսթ Րիլիֆը, միսիոնարական խմբաւորումներ, հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւնները, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, բարոյական մեծ աջակցութիւն ցուցաբերեց նաեւ Հայ Եկեղեցին:

1970ականներուն Տըրհէմ համալսարանի ուսանող Թոմ Կրինշիլծ եղաւ այն երիտասարդ աշխատասիրողը, որ դոկտորականի իր թեզին նիւթ դարձուց Սուրիա-Լիբանան տեղաւորումը կրկնաքսորուած հայ գաղթականութեան: Հիմնուելով Ազգերու Լիկայի արխիւային, ինչպէս եւ այլ արխիւներու նիւթերուն թէ ժամանակակից մամուլին ու պարբերականներուն մէջ լոյս տեսած համապատասխան տեղեկագրերու եւ լրատուութիւններու վրայ, երիտասարդ գիտաշխատողը ներկայացուց գիտական կարեւոր աշխատութիւն մը, որ իր տեսակին մէջ ցարդ կը մնայ անգերազանցելի:

Իր գիտական արժէքին պատճառով, ուսումնասիրութիւնը ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան, որ հաղորդակցութեան մէջ մտաւ ծերունազարդ հեղինակին հետ: Վերջինս ազնուօրէն ընդառաջեց թեզը գիրքի ձեւաչափով հրատարակելու փափաքին:

Գիրքը անզուգական, բացառիկ, լայնածիր, մանրամասն ուսումնասիրութիւն մըն է՝ ժողովրդային աշխարհագրութեան (human geography) բնագաւառին համար: Ան կարեւոր սկզբնաղբիւր է գաղթականութեան, գաղթականներու տեղաւորման, հիւր երկիրներու հաւաքականութիւններուն համարկումին ուսումնասիրութեանց առումով: Ան խորունկ ուսումնասիրութեան նիւթ կը դարձնէ գաղթական զանգուածներու տեղաւորման գործընթացին ընկերային, աշխատանքային, կրթական, մշակութային, առողջապահական, տնտեսական, աշխարհագրական թէ այլ մարտահրաւէրները:  Աշխատասիրութիւնը կրնայ ծառայել նաեւ իբրեւ բաղդատական կորիզ՝ հայ գաղթականութեան Կիպրոս, Յունաստան, Եգիպտոս թէ Պաղեստին տեղաւորման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ Զմիւռնիոյ աղէտին հետեւանքով յոյն եւ հայ գաղթականութեան Յունաստան տեղափոխման եւ տեղաւորման գործընթացներուն առնչութեամբ, իսկ ընդհանրապէս՝ Միջին Արեւելքի թէ աշխարհի այլ մասերու մէջ գաղթականութեան տեղաւորման գործընթացներուն:

Հուսկ, գիրքը գիտական պատումն է 1919-1939 Լիբանան եւ Սուրիա հաստատուած հայութեան տեղաւորումի գործընթացին՝ իր այլազան երեսակներով:

Հատորը լոյս տեսած է նուիրատուութեամբը Ատալեան ընտանիքին՝ ի յիշատակ իրենց մօր, Արաքսի Տէր Պօղոսեանի եւ իր հօրեղբօր՝ Փոլ Տէր Պօղոսեանի, որ աշակերտը եղած է Արմենակ Հայկազեանի:

 

Հատորը կարելի է ներբեռնել հետեւեալ հասցէներէն.-

https://arar.sci.am/dlibra/publication/412398 , https://doi.org/10.62811/hup.032

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button