ԳլխաւորԽմբագրական

ԱՆՏԷՐ ԵՒ ԱՆՏԻՐԱԿԱՆ ՔՊ-ԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

 

Դիւանագիտութիւնը ճատրակի խաղ է, որուն մէջ… ազգերը «չեքմէյթ»-ի կ’ենթարկուին:
Քլաուս Քրաուս (1874-1936, աւստրիացի գրող, լրագրող, երգիծաբան եւ բանաստեղծ)

Քրաուսի յիշեալ իմաստուն խօսքը դիպուկ է եւ զարմանալիօրէն կը ցոլացնէ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթըր Շթայնմայըրի Երեւան այցելութեան օրը պատահածը։
Արդարեւ, տարածաշրջան այցելող Շթայնմայըր, որուն առաջին հանգրուանը Երեւանն էր, իր ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց Արցախի դրօշակով լուսանկար մը եւ արդար նշում մը կատարեց արցախահայութեան մասին: «Ինսթակրամ»-ի իր պաշտօնական էջին մէջ, ան գրած էր հետեւեալը․- «Հակամարտութիւնը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին: Տարածաշրջանը իրաւականօրէն կը պատկանի Ատրպէյճանին: Այնտեղ հիմնականին մէջ հայեր կ՛ապրին: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, բազմիցս բախումներ տեղի ունեցած են»։ Թէեւ այս տողերը կիսատ-պռատ եւ հպանցիկ արտայայտութիւններ էին, անոր կողքին՝ տեսողական բաժինն էր, որ զայրացուց Պաքուն, երբ կարդացողները տեսան, որ Արցախի դրօշը կ՛ընկերանար տողերուն: Ի դէպ, չենք մոռնար, որ այս նախագահը անցեալին հայութեան եւ այլոց իրաւունքներուն մասին շատ աւելի յստակ եւ արդար կեցուածք ունեցած է:
Ի՜նչ պատեհ առիթ՝ հայութեան եւ յատկապէս հայրենի դիւանագիտութեան համար, որպէսզի այս ոսկի առիթը օգտագործուէր եւ տաքը-տաքին գործ տեսնուէր: «Երկինքէն ինկած» առիթ մըն էր, առաջին հերթին նշելու՝ թէ Արցախը պարզապէս հայերով բնակուած հողամաս չէր, այլ հիմնականին մէջ ողջ հայութեան ու Հայաստանին պատկանող հող, որ Սթալինի օրերուն, «մութ հաշիւներ»-ու հետեւանքով նուէր տրուեցաւ Խորհրդային Ատրպէյճանին, ինչպէս՝ Նախիջեւանը: Հիմա այդ հաշիւները ըստ բաւականին լուսաւորուած են եւ ունին… ՔՊ-ական հաւատարմատարներ:
Առիթը, բազմաթիւ նմաններու պէս՝ կորսուեցաւ: Ոչ մէկ դրական շարժում եւ արտայայտութիւն։ Անցուդարձերուն մօտէն հետեւող հայորդիին համար, անակնկալ մը չէր պատահածը։ «Չեքմէյթ»-ի ենթարկուած ՔՊ-ական ներկայ Հայաստանի Ոստիկանական Հանրապետութեան համար, որեւէ ոսկի առիթ կը նկատուի մսխելի ու աննկատ ձգուելիք նիւթ:
Ի՜նչ խօսք. Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութեան ակնոցով՝ այս կիսովին հայանպաստ արտայայտութիւնը կրնար արգելք հանդիսանալ այդ գեր-երազային եւ ցանկալի՝ «Խաղաղութեան համաձայնագիր»-ին իրականացման, հոգ չէ թէ Ատրպէյճան ո՛չ մէկ նշան ցոյց կու տայ, որ փոքրագոյն քայլ մը պիտի առնէ այդ ուղղութեամբ, ընդհակառակն, բանիւ եւ գործով կը շարունակէ Հայաստանը կուլ տալու իր ծրագիրին իրականացումը։
Արդեօք պէտք է ուրա՞խ զգալ, մտածելով, որ Երեւանի վարիչները իրե՛նք բողոք չներկայացուցին հիւր նախագահին, յիշեցնելով՝ որ իրենք Արցախը կը ճանչնան իբրեւ Ատրպէյճանի մաս, կը պատրաստուին միջազգային ատեաններուն ներկայացուած հայութեան անվիճելի բողոքները ետ քաշելու…
Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ սահմանին միւս կողմը: Իր հայանուն կամակատարներուն լռութեան դիմաց՝ Պաքուն է, որ անմիջապէս գործի լծուեցաւ. արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Գերմանիոյ դեսպանը, որուն յանձնուեցաւ ծանր ու խիստ բողոքագիր մը, մատնանշելով, թէ Գերմանիոյ նախագահը «յադգնած» է Արցախի դրօշը հրապարակել պետական կառոյցի մը ցանցին վրայ։ Աւելի՛ն, Պաքուի շիլ աչքերով՝ Շթայնմայըր ոտնձգութիւն եւ բացայայտ քաղաքական սադրանք կատարած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ։ Շարունակելով յարձակողականը՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէ, թէ Ատրպէյճանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղ անունով վարչական միաւոր գոյութիւն չունի, թէ՝ տարածաշրջանին մէջ նմանօրինակ՝ գոյութիւն չունեցող, շինծու անուններ գործածելը կը հակասէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, եւ դեռ, աւելին՝ խաղաղութեան գործընթացին:
Գերմանիոյ նախագահը կատարեց ամօթալի նահանջ մը: Երեւանէն Պաքու անցնելէ առաջ, վերատեսութեան ենթարկեց արձանագրութիւնը եւ աշխատակազմի ղեկավար-պետական քարտուղարին ճամբով խոր ներողամտութիւն հայցեց, յայտնելով, թէ «պատահածը թեքնիք սխալ մըն էր» եւ թէ՝ «խորապէս կը ցաւինք այդ սխալի համար եւ անկեղծօրէն կ՛ուզենք ներողութիւն խնդրել»։ «Ատրպէյճանի շրջանին վերաբերող սխալ դրօշ»ի զետեղումն ու անոր ուղեկցող գրութիւնը շուտով հանուեցաւ նախագահի ընկերային ցանցի էջէն…
Երեւանը մնաց սուրբգրային հերոսներէն՝՝ Զաքարիայի պապանձումին աթոռին կառչած…
Ճատրակը Հայաստանի մէջ մեծ հռչակ եւ ժողովրդականութիւն վայելող մտային մարզանք մըն է. ցանկը երկար է այն վարպետներուն ու ախոյեաններուն, որոնք բարձր պահած են հայութեան դրօշը, սկսեալ Խորհրդային Միութեան օրերէն։
Քաղաքական ու դիւանագիտական կեանքի մէջ, պատկերը տարբեր է, իրերայաջորդ պարտութիւնները կը «զարդարեն» ՔՊ-ակա՛ն Հայաստանի դրօշը։
Փոխանակ առիթը օգտագործելու եւ «չեքմէյթ»ի ուղղութեամբ շարժելու՝ ՔՊ-ական դիւանագիտութիւնը մնաց անգործ: Անտիրութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ կրկին ու կրկին տեղի տանք եւ «չեքմէյթ» ըլլանք։ Անշուշտ պէտք չէ անտեսել «չէքմէյթ»-ի այլ մատնուող մը՝ Գերմանիոյ նախագահը, որուն մէջ տիրապետող դարձած է, արդարութեան ձայնին փոխարէն՝ Ատրպէյճանին տուրք տալու շեփորը, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս կ’ընեն իր եւրոպացի նմանակները…

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button