Լրահոս

«Ուժեղ Հայաստան»-ը լքեց Ազգային ժողովի Դահլիճը

ԵՐԵՒԱՆ․- Երեքշաբթի, 17 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ մթնոլորտը դարձեալ լարուեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ի հասցէին իշխանական պատգամաւորներու յայտարարութիւններէն ետք։ Ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները սկսան հարուածել իրենց սեղաններուն, իսկ քիչ ետք լքեցին նիստերու դահլիճը։

Մթնոլորտը տաքնալու սկսաւ, երբ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Յասմիկ Յակոբեան, քննադատելով ժողովրդավարութեան նահանջին վերաբերեալ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած յայտարարութեան նախագիծը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը անուանեց «Կտրիճ Ներսիսեան»։

Ի նշան բողոքի՝ ընդդիմադիր պատգամաւորները սկսան հարուածել սեղաններուն։ Այդ պահուն միջամտեց Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան՝ յայտարարելով, թէ դէմ է ոեւէ պատգամաւորի՝ ոչ վիրաւորական արտայայտութիւններ գործածելու իրաւունքի սահմանափակման։

«Ես դէմ եմ, որ ոեւէ պատգամաւոր կաշկանդուի որեւէ ոչ վիրաւորական արտայայտութիւն արտաբերելէ», ըսաւ Ռուբինեան, ապա սկսաւ Կաթողիկոսին հասցէին ուղղուած մեղադրանքներ թուարկել.

«Կտրիճ Ներսիսեան, ԿԳԲ-ի գործակալի եղբայր, կուսակրօնութեան ուխտը խախտած, փտածութեան պաշտպան, հազարամեայ հայկական եկեղեցին փտածութեան վահան դարձուցած Կտրիճ Ներսիսեան»։

Advertisement Donate Today

Ռուբինեանի խօսքերուն ընթացքին ընդդիմադիրները կը շարունակէին հարուածել սեղաններուն, մինչդեռ իշխանական պատգամաւորները ծափահարութիւններով կ՛արձագանգէին անոր ելոյթին։

Լարուածութիւնը շարունակուեցաւ, երբ Յասմիկ Յակոբեան անդրադարձաւ օրեր առաջ «Նուպարաշէն» քրեակատարողական հիմնարկին մէջ մահացած ընդդիմադիր գործիչ Արսէն Գէորգեանին։

«Ամենաստոր ձեւով շահարկած էք մահացած գործընկերոջ անունը եւ քաղաքական մանրադրամի վերածած անոր մահը», ընդդիմադիրներուն մեղադրեց ՔՊ-ական պատգամաւորը։

Այս խօսքերուն ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւորները սկսան լքել նիստերու դահլիճը։

Նշենք, որ նոյն պահուն ՔՊ-ական պատգամաւորներուն միացաւ նաեւ դահլիճէն դուրս գտնուող Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Ալէն Սիմոնեան։

«Կտրիճ Ներսիսեանը ազգային անվտանգութեան մեծագոյն սպառնալիքն է։ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան», գրեց պաշտօնեան ընկերային ցանցերու վրայ։

Խորհրդարանին մէջ այսօրուան բանավէճը ծաւալեցաւ «Հայաստան» խմբակցութեան հեղինակած յայտարարութեան նախագիծի քննարկման ընթացքին։ Նախագիծը կը վերաբերէր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին, քաղաքական հետապնդումներուն եւ այդ հետապնդումներուն ենթարկուող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը դէմ քուէարկեց նախագիծին, որուն հետեւանքով անիկա չընդգրկուեցաւ Ազգային ժողովի նիստի օրակարգին մէջ։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button