
Եկեղեցիներու եւ միջ-եկեղեցական կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարներու համաժողովը իր տարեկան նիստը գումարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 2-6 Նոյեմբերին, հրաւէրով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: 14 երկիրներէ ժամանած 23 մասնակիցները հիւրընկալուեցան Սփիւռքի կեդրոնին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ:

