ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան բացայայտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին՝ որոշ կողմերու միջնորդութեամբ, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կայացնելու առաջադրանքով։

Ֆիտան նման հանդիպումի մը ուշացման պատճառը համարեց Սուրիոյ ներքին խնդիրները՝ յոյս յայտնելով,որ Դամասկոսի իշխանութիւնները ի վերջոյ  կը կարենան լուծել ներքին խնդիրները։ Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին հետախուզական եւ ռազմական մարզերուն մէջ՝ աւելցնելով, որ հաղորդակցութիւններ կան նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ։

*

Իրանի նախագահ մասուտ Փեզեշքիան հաստատեց,որ շուտով Թուրքիա պիտի այցելէ՝ գովաբանելով Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները։ «Թուրքիա մեզի բարեկամ պետութիւն է։ Հարեւան ըլլալու կողքին, մենք նաեւ ընտանեկան կապեր կը բաժնեկցինք թուրքերուն հետ», ըսաւ ան՝ յայտնապէս ակնարկելով իր թրքական արմատներուն։

Իրանի նախագահը կենսական համարեց, որ Թուրքիոյ հետ կապերը առաւել ամրապնդուին։ «Թուրք պաշտօնատարներ, ակադեմականներ եւ ներդրողներ Իրան պիտի հրաւիրենք», ըսաւ Փեզեշքիան եւ նշեց, որ յանձնառու կը մնայ հարեւան պետութիւններու հետ բարեկամական կապերը ամուր պահելու իրանեան քաղաքական ուղեգիծին։

Տեղին է նշել, որ իբրեւ Իրանի նախագահ, Փեզեշքիան իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Իրաք։

*

Ամերիկացի պաշտօնատարներ կապ հաստատած են թրքական ելեւմտական հաստատութիւններու հետ եւ սպառնացած են պատժամիջոցներ հաստատել, եթէ անոնք շարունակեն սպասարկել Ռուսիոյ հետ գործարքներու, հաստատեց ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով թրքական լաւատեղեակ ելեւմտական աղբիւր մը, որ նաեւ հաստատեց, թէ գործարքները թրքական դրամատուներու միջոցով կրնան շարունակուիլ, եթէ ներկայացուին համապատասխան փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ գործարքը չի խախտեր գործող պատժամիջոցները եւ սահմանափակումները։

Տեղին է նշել,որ անցեալին Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներ հաստատուած են թրքական շարք մը ընկերութիւններու դէմ, որոնք Ռուսիոյ հետ առեւտրային գործառնութիւններ կը կատարէին։

*

Թրքական դատական իշխանութիւնները քսան մեղադրեալներու դէմ ամբաստանագիրներ արձակեցին, զանոնք մեղադրելով Իսրայէլի գաղտնի գործակալութեան՝ Մոսատի հաշւոյն լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով։Եթէ մեղադրանքները հաստատուին, մեղադրեալները կրնան մինչեւ 19էն 45 տարի բանտարկութեան վճիռներ ստանալ։

Պետական դատախազին, համաձայն քսան մեղադրեալները, որոնց 16 կալանաւորուած է, Մոսատի հաշւոյն լրտեսութիւն կատարած են, օտարահպատակներու մասին, որոնք Թուրքիա կ՛ապրին։ Մեղադրեալները Մոսատի կողմէ վարձուած են՝ օժանդակութեան ծանուցումներու պատասխանելէ ետք։ Լրտեսութիւն կատարողները Մոսատի առաքած են Համասի անդամներու լուսանկարներ եւ անոնց մասին որոշ տեղեկութիւններ։

*

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ դատական անկախ համակարգ մը անկիւնաքարն է տնտեսական զարգացման։

Օգնական դատաւորներու պատրաստման դասընթացքի մը մասնակցողներուն վկայման հանդէսին խօսք առնելով, Թուրքիոյ նախագահը նկատել տուաւ, որ միասին ապրելու կանոններէն մին է միասնականութեան նպաստող օրէնքներու ստեղծումը եւ անոնց գործադրութեան ապահովումը։ Ան յայտնապէս սակայն կը մոռնար, որ Թուրքիոյ մէջ միասնականութիւն գոյութիւն չունի, երբ գոյութիւն ունին քաղաքական մեծաթիւ բանտարկեալներ, երբ անտեսուած են փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները, յատկապէս՝ քիւրտերուն քրտերէն ուսուցանելու եւ այլ իրաւունքներ, որոնց անտեսումը, քիւրտերը վերածած են իրաւազրկուած հաւաքականութեան մը։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մսխեթ թուրքերու Համաշխարհային Միութեան  առաջնորդ Զիատտին Քասանովի հետ։Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները ոչինչ հաղորդեցին այս հանդիպման մասին։Սակայն յստակ է, որ անիկա կ՛իյնայ աշխարհի մէջ թուրքերու եւ թրքացեղ համախմբումներու հետ Անգարայի կապերը առաւել հաստատելու ճիգերուն ծիրին մէջ։Անգարայի իշխանութիւնները կը ջանան առաջնորդը դառնալ թրքացեղ երկիրներու եւ թրքական ծագում ունեցող համախմբուած հաւաքականութիւններու, միշտ հետապնդելով համաթրքութեան եւ փանթուրքիզմի հաստատման երազը։

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles