«Համազգային»-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի «Մանուկներու Խաղավայր» մանկամսուրի 10-ամեակ

1 0
Read Time:2 Minute, 3 Second

Արդէն իսկ 10 տարիէ ի վեր կը գործէ «Համազգային»-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի «Մանուկներու Խաղավայր» մանկամսուրը։

Ինչպէս Սարդարապատ  երգը կը նշէ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» այսպէս ալ «Համազգային»-ը յղացաւ ունենալու մանկամսուր մը : Ստորեւ, հարցազրոյց մը «Համազգային»-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Յասմիկ Աբրահամեանի հետ։

Հարցում/ Տաս տարիէ ի վեր կը գործէ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ «Համազգային»-ի մանկամսուրը։ Կարելի՞ է քանի մը տողով ներկայացնել այս կրթօճախին ծննդոցը։

Պատասխան/ Շնորհակալութիւն Հայրենիք շաբաթաթերթին  առիթը տալու ներկայացնելու  հանրութեան Համազգային  Հայ  Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան ԱՄՆ  Շրջանային  Վարչութեան Children’s Playhouse «Մանուկներու Խաղավայր» մանկամսուրի մասին:

Ինչպէս Սարդարապատ  երգը կ’ըսէ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, Խենթերն են գտնում հնար» այսպէս ալ Համազգայինը յղացաւ ունենալու մանկամսուր մը :Մի քանի տարի փնտռելէ ետք ունեցանք մեր  ցանկացած մանկամսուրը եւ անուանեցինք Children’s Playhouse «Մանուկներու Խաղավայր»։

Հ/ Ինչպէ՞ս կը գործէ այս հաստատութիւնը, սկսելով վարչական պատասխանատուներէն մինչեւ ուսուցչական կազմը։

Պ/ 2014 Օգոստոսին գնուեցաւ «Մանուկներու Խաղավայր»ը: Այսoր տասը տարիներէ ի վեր կը գործէ մանկամսուրը ներկայիս վարիչ տնօրէն ունենալով Հուրի Սանոսեանը իսկ նախկին վարիչ տնօրէն՝ Ֆլորիա Գասպարեան որը մօտէն կը հետեւի ամենօրեայ  գործունէութիւններուն իսկ ընկերուհի Քարի Ղէզէրեան՝ հաշուապահ:

Ի յարկ է, որ Children’s Playhouse «Մանուկներու Խաղավայր» մանկամսուրը ունի իր յանձնախումբը, իր ենթայանձնախումբը բաղկացած 9 ընկեր ընկերուհիներէ  որոնք կ’ունենան իրենց  ընթացիկ ժողովները:

Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար իրագործել մեր երազանքը  առանց մեր նուիրուած անձնազոհ ընկերներուն որոնք անխնայ կ’աշխատին քուլիսներու ետին:

Հ/ Աւելի մանրամասնութիւններ կարելի՞ է փոխանցել, թէ քանի՞ տարեկանէն կարելի է յաճախել այս մանկամսուրը։

Պ/ Ներկայիս ունինք տասը վկայեալ ուսուցչուհիներ եւ  երեսուն եօթը աշակերտներ սկսեալ երեք ամսուայ մանուկներէ մինչեւ եօթը տարեկան երեխաներ:

Հ/Տարիքային բաժանմունքներ ստեղծուա՞ծ են եւ ըստ այնմ յատուկ ծրագրեր կը կիրարկուի՞ն։ Ընդհանուր պատկեր մը կարելի՞ է ներկայացնել։

Պ/ Children’s Playhouse «Մանուկներու Խաղավայր» մանկամսուրը օժտուած իր արդիական  խաղավայրով ունի տարբեր ծրագիրներ տարիքային բաժանմունքներով

Հ/Ապագայի ծրագրեր կա՞ն, թէ իբրեւ կառոյց եւ թէ՛ իբրեւ կրթութեան եւ դաստիարակութեան յայտագիր:

Պ/ կը հետեւինք “NJ Grow kids” արդիական մանկավարժութեան բարձրագոյն մակարդակի նախագիծերուն ըլլան անոնք մարմնական, բնագիտական եւ մտային մարզերու մէջ:

Հ/Յաւելեալ կարիք ունեցող, որոշ բարդոյթներ ունեցող եւ հաշմանդամ երեխաներու առնչութեամբ մշակուած ծրագրեր կա՞ն։

Պ/ Ունինք այս մարզին մէջ մասնագիտացած ուսուցչուհիներ որոնք կը հետեւին մեզի տրամադրուած  մասնայատուկ ծրագիրներու:

Հ/Այս հաստատութեան տասնամեակին առթիւ, յատուկ ծրագրեր մշակա՞ծ էք։

Պ/ Ամփոփելու համար մեր այսօրուայ հարցազրոյցը կ’ուզեմ ըսել որ Սեպտեմբեր 14ին պիտի տօնենք մեր մանկամսուրի տասնամեակը :

Մի քանի տարի փնտռելէ ետք ունեցանք մեր  ցանկացած մանկամսուրը եւ անուանեցինք Children’s Playhouse «Մանուկներու Խաղավայր»։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles