Ծ.Խ. Անցեալ տարուայ անկակնկալ եւ անծանօթ ելեկտրանամակներէն մէկը, խմբագրութիւնս ստացաւ Ռումանիայէն, երիտասարդ ուսանող ՕանաՄարսելա Փոփիթիուէն: Արուեստի պատմութեան տոքթորականի թեկնածու, Օանա ելեկտրանամակը յղած էր Քլուժի համալսարանէն…քաղաք մը, ուր 22 տարի առաջ սկսած էր ըմբոստութիւնն ու յեղափոխութիւնը՝ մենատէր Չաուչէսքուի դէմ: Օանա յատուկ ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած է Փորթուգալի եւ Ռումանիոյ մշակութային փոխյարաբերութիւններուն եւ կապերուն մասին: Այս ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, ան ծանօթացած է մերթ Սպանիա եւ մերթ Փորթուգալ բնակութիւն հաստատած յատուկ Իպերիահայու մը, յանձին Օննիկ Սահակեանի, որուն հետ կատարած էր հետաքրքրական հարցազրոյց մը: Ո՞վ է այս անծանօթը, կամ ալ արուեստի աշխարհէն ներս…ծանօթը:
Օննիկ, ծանօթ սպանացի արուեստագէտ Սալվատոր Տալիի ամէնէն աւելի մօտիկ գործակիցն էր, որ տարիներ շարունակ գործակցած էր այդ համաշխարհային հռչակ սփռած աստղին հետ: Ստորեւ, թարգմանաբար կը ներկայացնենք, այս հետաքրքրական եւ ծաւալուն հարցազրոյցը, իր նախաբանով.
Թերեւս բոլորս ալ չենք լսած Օննիկ Սահակեանին մասին, ամէնէն »Տալիական«ը, ինչպէս ան կոչուած էր նոյնինքն Սալվատոր Տալիի կողմէ: Օննիկ Սահակեանն էր այն անձը, որ Տալիին օգնեց անոր փակցանկարչութիւններուն (collages) ստեղծագործութեան ընթացքին, նկարչութիւններուն եւ քանդակագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ Նիւ Ամսթերտամի հռչակաւոր պղնձեայ կիսանդրին, 1974 թուականին: Երկու արուեստագէտները տարիներ շարունակ ուսումնասիրեցին ձեւն ու կազմութիւնը (form and structure) եւ այս փորձառութիւնը ճամբան հարթեց Օննիկի իւրայատուկ գերիրապաշտական ոճին զարգացման: Օննիկին հանդիպեցայ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի Կաոտի պանդոկէն ներս: Ան ինձ կը սպասէր պանդոկին սրահը, գաւաթ մը սուրճի շուրջ: Թէեւ ան որոշ տարիքի մը հասած է, սակայն միշտ ալ պահած է իր ազնուական վերաբերմունքն ու հմայքը: Թէեւ, ըստ սովորութեան, ուշ հասայ մեր ժամադրութեան վայրը, սակայն ան առանց զայրոյթի եւ վրդովումի զիս դիմաւորեց: Իր շարժումներէն իսկ, կարելի էր եզրակացնել թէ ան ժամանակին »պալէ«ի պարող եղած էր: Կարծես թէ ժամանակը իրեն չէր վերաբերէր… Կանգնած էի մարդու մը առջեւ Ամերիկեան թերթերու արխիւներէն ելած, որ գրեթէ քսան տարի Տալիի հետ գործակցած էր, …որ Նիքսընին տիկնոջ համար գոհարեղէններ ստեղծած էր, …որ Մոսկուայի բեմերուն վրայ ելոյթ ունեցած էր, եւ վերջապէս …որուն նկարչութիւնները կը ցուցադրուին աշխարհի մեծ թանգարաններէն ներս, ինչպէս համբաւաւոր Աշխարհի Մշակոյթի Թանգարանը՝ Կոթըպըրկի (Շուէտ) մէջ, Փարիզի »Կրան Փալէ«ն, Մոսկուայի եւ Թեհրանի Արդի Արուեստի թանգարանները: Այս յաջողութիւններէն անկախ, ես պարզապէս կ’ուզէի բացայայտել Օննիկ Սահակեանի կեանքի պատմութիւնը, մարդը որ… սիրահարուած է սիրոյ հետ, մարդը որ կը հաւատայ կեանքի ուժին, եւ վերջապէս, մարդը որ արեւը կը պաշտէ: Պարզապէս կ’ուզէի յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալ այն մարդուն պատմութիւնը որ ապրած էր շատ երկար ժամանակ Սալվատոր Տալիի շուքին տակ…
Հ. Նախ եւ առաջ, կ’ուզեմ հարցնել քու ընտանիքիդ մասին: Փորձէ յիշել, նոյնիսկ եթէ դժուար է, մօրդ, հօրդ, մեծ մօրդ ու մեծ հօրդ կերպարները: Ի՞նչ կը յիշես. Անոնք ին՞չ ազդեցութիւն ունեցան քու եւ քու ապրելաոճիդ վրայ:
Պ. Լաւապէս կը յիշեմ, մանկութենէս ի վեր, ծնողքս պարտաւորուած էր հեռանալ Ռուսիայէն, 1917ի յեղափոխութենէն ետք: Անոնք մաս կը կազմէին ռուսական փոքր պուրժուազիային: Անոնք դժուար ժամանակներ անցուցին համայնավար ռեժիմին տակ: Մեծ հայրս պարսկական անձնաթուղթ ունէր: Գիտեմ որ անոնք կը կոչուէին Նազարովիչի: Ուրեմն անոնք Ռուսաստանէն ձեռք ձգեցին հարկ եղած փաստաթուղթերն ու թուղթերը, Պարսկաստան փոխադրուելու համար: Չորս տարի տեւեց որպէսզի անոնք կարենային վերադառնալ Ռուսաստան: Յեղափոխութենէն ետք շատ բան փոխուած էր Ռուսիոյ մէջ: Պարսկաստանի մէջ ընտանիքս շատ վատ օրեր ապրեցաւ, պարտադրուած օրէնքներուն պատճառով: Ամէն մարդ ստիպուած »չատոր« կը հագուէր: Ընտանիքիս անդամներուն արտօնուած չէր մսավաճառին մօտ այցելել, որովհետեւ ան քրիստոնեայ էր: Անոնք մսավաճառին մուտքին կը կանգնէին եւ տախտակի մը վրայ կը գրէին ինչպիսի միս կը փափաքէին գնել: Նոյն պատճառով,անոնք իրաւունք չունէին գետնախնձորներուն դպնալ: Ահաւոր էր, յատկապէս անոնց համար որոնք այդ օրերուն համեմատաբար յառաջադէմ Ռուսաստանէն: Պարսկաստանի կեանքը շատ դժուար էր: Յանկարծ այսպիսի հարցեր իրենց առջեւ յայտնուեցան: Բայց Պարսկաստանը կամացկամաց սկսաւ փոխուիլ: Բարեբաղդաբար յետագային, Շահը գահ բարձրացաւ եւ Պարսկաստանը իր դռները բացաւ եւրոպական ոճին: Ան իսկոյն որոշեց թէ կիները կրնային իրենց »չատոր«ը մէկդի դնել: Այսպէս Պարսկաստանը յանկարծ համակրելի թուեցաւ եւ վերջապէս, որոշեցինք հոն մնալ: Քանի որ ծնողքս Ռուսաստանէն ժամանած էր, բնականաբար պալէ, արուեստ, ու դասական երաժշտութիւն կը սիրէի: Այդ ուղղութեամբ, մանկութենէս ազդուած եմ:
Հ. Կենսագրութիւնդ կը յայտնէ թէ հայրդ տեսլականի տէր գիւտարար մըն էր: Ճիշդ ի՞նչ էր անոր արհեստը:
Պ. Ան բժշկական գործողութիւններու համար գործիքներ հնարած է: Այդպիսի բաներ գոյութիւն չունէին Պարսկաստան: Օրինակի համար, ան հնարեց յատուկ կնախտաբանութեան սեղան մը ծննդաբերութեան համար: Ան գիւտարար մըն էր: Ան նաեւ Պարսկաստանի մէջ առաջին անձն էր որ պատրաստեց երեխաներու համար կառքեր, եւ շուտով ամէն մարդ հատ մը ուզեց իրենց երեխաներուն համար, եւ այնպէս հայրս շուտով հարստացաւ:
Հ. Հայրդ ու՞ր ծնած է:
Պ. Ան ծնած էր Ռուսաստան; իմ բոլոր ընտանիքս Ռուսաստանէն եկած է: Գրեթէ բոլորն ալ Մոսկուա ծնած են, իսկ ոմանք Սէնթ Փիթըրզպուրկ: Այս վերջինն է մօրաքրոջս եւ հօրաքրոջս պարագան, որոնք ուսանած են Զուիցերիոյ մէջ: Հայրս թոքախտէ մահացաւ երբ ես հազիւ վեց ամսուայ երեխայ էի, ուրեմն իրեն չեմ յիշեր: Ապա, մայրս վերամուսնացաւ հայու մը հետ ու մենք փոխադրուեցանք Կասպից Ծով: Բայց ես ծնած եմ Թեհրան եւ բնակած յունական ոճով հին տան մը մէջ: Կրնաս նշմարել այդ հին յունական ոճով տունը փողոցին ծայրէն: Անցք մը կայ, երկու սանդուխտ, ապա բակը: Հոն, մէջտեղը լողալու աւազան մը կայ եւ ամէն տուները կը շրջաբակեն այդ բակը: Այդ հոյակապ էր: Մանկութեանս մէկ կարեւոր մասը այդ տան մէջ ապրեցայ: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն անմիջապէս ետք է, որ մայրս որոշեց վերամուսնանալ: Ես շուրջ ինը տարեկան էի, քանի որ կը յիշեմ թէ ինչպէս կÿերթայի ռուսական թերթեր գնելու հօրեղբօրս եւ մօրեղբօրս համար, օրուան լուրերուն հետ քայլ պահելու համար:
Հ. Տան մէջ ռուսերէ՞ն կը խօսէիք:
Պ. Ոմանք ռուսերէն կը խօսէին, ուրիշներ՝ ֆրանսերէն: Հօրս ազգականները տան մէջ ֆրանսերէն կը խօսէին, իսկ մօրս ազգականները՝ ռուսերէն եւ գերմաներէն: Ամուսնութենէն ետք, մայրս Թեհրանը ձգեց, իսկ ես մնացի մեծ մօրս մօտ: Եւ երեք ամիս վերջ իրեն այցելելու գացի Կասպից Ծով, բայց խորթ հայրս շատ ուրախ չէր այս պայմանով: Ան չուզեց որ հոն մնամ:
Հ. Խորթ հօրդ հետ լաւ յարաբերութիւն չունէի՞ր:
Պ. Ահաւոր յարաբերութիւն ունէինք: Զզուելի յարաբերութիւն մը: Ամէն օր ինծի կÿըսուէր թէ ինչ պէտք է ընեմ: Անշուշտ ինձ արտօնուած չէր պարելը, կամ որեւէ արուեստական բան ընելը: Ոչինչ: Ան կÿուզէր որ միայն իր խանութին մէջ աշխատիմ, ապակիներ մաքրեմ իրեն համար: Ես այդ բաները չէի ուզեր կատարել:
Երեք ահաւոր տարիներէ ետք, այլեւս շունչ առնել չէի կրնար: Չէի ուզեր հարց ստեղծել մօրս համար: Մայրս կÿըսէր թէ իր ամուսնութեան նպատակը՝ ինձ համար հայր մը հայթայթելն էր: Բայց ան ինձ համար հայր մը չէր: Ան զզուելի բնաւորութեան տէր անձնաւորութիւն մըն էր , եւ այդ ալ չափազանց անհամակրելիութեան աստիճան:…Ուրեմն ստիպողաբար, շատ հետաքրքիր բան մը ըրի: Պարսկաստանի մէջ մարդիկ շատ կրօնասէր էին եւ ամէն Ուրբաթ գիշեր կ’աղօթէին Իմամ Ռեզային համար: Կÿըսէին որ եթէ հաւատքով աղօթէս, ան քեզ կ’օգնէ: Եւ նաեւ կÿըսէին որ եթէ դուն փոքր տղայ մըն ես եւ կորսնցուցած ես քու հայրդ, ան շուտափոյթ օգնութեանդ կը հասնի: Այդ օրը յստակ կը յիշեմ: Այդ օր քամին գէշ կը փչէր, չէի կրնար նոյնիսկ քալել: Եւ լսեցի այդ մարդոց աղօթքը, եւ յիշեցի Իմամ Ռեզան: Հոն պահ մը կանգ առի, մտիկ ըրի, եւ նախքան ուժգի գալս, արդէն իսկ կ’աղօթէի անոնց հետ: Ինչ որ է, այդ գիշեր Իմամ Ռեզան երեւցաւ երազիս մէջ: Սքանչելի էր: Սենեակիս մէջ էր ան, ձիու մը հետ: Սքանչելի էր, այնքան հոյակապ էր: Սենեակիս մէջ էր, ձիու մը հետ…: Չէի կրնար հաւատալ: Այս մարդուն կը նայէի: Աստուած իմ: Մարդ մը ու իր սպիտակ ձին: Ըսաւ »Դուն ինձ կանչեցի՞ր: Եթէ կÿուզես կեանքիդ ընթացքը փոխել, իմ խրատս է որ այս տունէն դուրս գաս իսկոյն: Այստեղէն դուրս ելիր: Այս քեզի համար չէ«:…Եւ երկու օր վերջ, արդէն ինքնավստահ, մեր տունէն խոյս տուի: »Ես քեզմէ կը հեռանամ: Այլեւս դուն իմ մայրս չես«, ըսի եւ հաստատուեցայ մեծ մօրս տունը: Նոյնիսկ վերադառնալու դրամ չունէի, երեխայ էի:
Հ. Ուրեմն որոշեցիր հեռանալ տասներկու տարեկան հասակի՞դ:
Պ. Այո°, տասներկու տարեկան էի: Ուրեմն Թեհրան երթալու դրամ չունէի: հօրաքոյրս ամուսնացած էր եւ նոյնպէս Կասպից Ծով կÿապրէր: Ան ինծի Թեհրան տարաւ: Ան յատուկ, ինծի համար պարելու տարազներ կը ձեւաւորէր: Այսպէս բնակարանէն դուրս եկայ եւ քսան տարիներէ աւելի մօրս չտեսայ:
Հ. Արդեօք ան չփորձե՞ց քու հետդ կապի մէջ մտնել:
Պ. Երբ Թեհրան հասայ, անմիջապէս սկսայ փաստաթուղթերս կարգի դնել որպէսզի Միացեալ Նահանգներ ճամբորդեմ: Այդ ժամանակ այդ մէկը դիւրին գործ մը չէր: Շատ բարդ հարց մըն էր: Շատ մը անձերու հետ կաշառք պէտք էր կատարէի, անձնաթուղթ ստանալու համար: Ի վերջոյ մօրեղբայրս օգնեց որ անցագիր մը ձեռք ձգեմ: Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնութիւն ստացայ իբրեւ աշակերտ: 1956ին Պարսկաստանէն դուրս ելայ եւ գրպանս ունէի …25 տոլար:
Հ. Եւ հազիւ քսան գարուններ բոլորած էիր…
Պ. Միացեալ Նահանգներ հասայ, ուր հօրեղբայրս եւ պապենական մեծ մայրս կÿապրէին: Անոնք ձգած էին Պարսկաստանը 1953 թուականին: Դպրոց յաճախեցի: Եթէ լաւ աշակերտ էիր, արտօնութիւն ունէիր աշխատելու օրական չորս ժամ՝ շաբաթը քսան ժամ: Թատերասրահէ մը ներս գործ գտայ, իբր դերասան: Շաբաթը երեսուն տոլար կը շահէի, եւ դպրոցիս մօտերը սենեակ մը գտայ: Ասոր կողքին, սկսայ գծագրել: Սեւով ճերմակ գծագրութիւններ կÿարտադրէի, մելանով գծագրութիւններ, չինական գծագրութիւններ, եւ արուեստի խանութներ կÿայցելէի եւ կը հարցնէի. »Այս գծագրութիւնը ունիմ կը կարծէ՞ք կարելի է զայն ծախել«:… Երկու օր ետք հեռաձայնեցին, »Բոլոր գծագրութիւններդ ալ ծախեցինք. Ուրիշներ ունի՞ս: Գծագրութեամբ դրամ կը շահէի, ինչպէս նաեւ միեւնոյն ժամանակ համալսարանիս վճառումները յանձն առած էի: Շատ մարդիկ գծագրութիւններս կը գնէին: Այսպէս կրցայ նիւթական ապահովել եւ ոչ ոքէ որեւէ օգնութիւն չպահանջել:
Հ. Այդ ժամանակ շատ ընկերներ ունէի՞ր:
Պ. Հետաքրքրական շատ ընկերներ ունէի: Երբեք մինակ չէի: Երիտասարդներ, տարէցներ: Ուսուցիչներս կÿուզէին միշտ իմ շուրջս ըլլալ եւ զիս խրախուսել: Այսպէս ընկերական շրջանակ մը ստեղծեցի եւ դպրոցական վեցամսեակի աւարտին, սկսայ թատերական ելոյթներ ունենալ: Եւ այսպէս հետզհետէ շատ ծանօթ մէկը սկսայ դառնալ: ..Կեանքս բոլորովին փոխուած էր Պարսկաստանէն Նոր Աշխարհ փոխադրուելով: Երկու տարբեր մշակոյթներ էին: Երիտասարդ մըն էի պարսկականմահմետական առաքելական արմատներով, Պարսկաստան ապրող, եւ յանկարծ աչքերս բացի բոլորովին տարբեր մշակոյթի մը մէջ:
Հ. Այս բնագաւառէն ներս, ինչպէ՞ս կրցար ինքնութիւնդ պահել: Արդեօ՞ք դուն էիր որ ուրիշներուն վրայ ազդեցիր, կամ ուրիշներ՝ քու վրադ:
Պ. Կարծեմ ես էի որ իրենց վրայ ազդեցի: Բոլոր լրագրողները կÿուզէին իմ հետս տեսակցիլ: Ես բարեկամ մը ունէի, Սեպու, որ միշտ իմ ելոյթներուս ներկայ կը գտնուէր Պարսկաստանի մէջ: Ան Ռուսաստանի թագաւորական ընտանիքին վարսայարդարն էր. Եւ ան Ամերիկա փոխադրուեցաւ: Ան կÿաշխատէր »Ռեվլոն« ընկերութեան համար եւ օրուան աստղերը, եւ ամէն կարեւոր մարդիկը իր մօտ կÿերթային: Տալին ալ նոյնպէս իր մօտ կÿերթար: Օր մըն ալ Տալին Սեպուէն խնդրեց իրեն Վելասքէզին նմանցնել: Ամէնայն հմտութեամբ, ան իրագործեց: Եւ այսպէս, օր մըն ալ, Սեպուին հետ խօսած ժամանակս անոր ըսի թէ կ’ուզէի Տալիին հանդիպիլ: Ըսաւ. »Շատ լաւ, երբ մօտս գայ քեզ ալ կը կանչեմ«: Այն ժամանակ Լոս Անճելըս կ’ապրէի: Եւ օր մըն ալ, երբ Տալի այցելեց, Սեպուն յայտնեց որ ազգական մը ունէր որ կÿուզէր իր հետ ծանօթանալ: »Իրապէ՞ս. բայց ան սովորակա՞ն թէ խենթ տղայ մըն է«, հարցուց Տալին: Սեպուն պատասխանեց, “Օ¯, չէ. ան բոլորովին խենթ է:” Եւ Տալին պատասխանեց »Ուրեմն քանի այդպէս է, հետաքրքրուած եմ իր հետ ծանօթանալու«:
Հ. Ինչո՞ւ կÿուզէիր Տալիին հետ հանդիպիլ: Արդէն իսկ ծանօթ. Իր արուեստին ծանօ՞թ էիր:
Պ.Գիտես, երբ երեխայ էի շատ կը սիրէի գերիրապաշտ արուեստի գործերը: Տալիին գործերուն ծանօթ էի միայն գիրքերու միջոցաւ: Ուրեմն Նիւ Եորք գացի Տալիին հանդիպելու: Կէսօրէ վերջ հասայ եւ Սեպուին գործատեղին մտայ: Տալին նստած էր հոն: Ան շատ մազ չունէր, բայց Սեպուն ամէն գնով կը փորձէր զինք գոհացնել:
Սենեակէն ներս մտայ, թաւիշէ բաճկոն մը ուսերուս, եւ մեծ ժապաւէն մը վիզիս կապած: Այնպէս մը զգացի կարծես բեմին վրայ էի: Բեմապարի արագ շարժումներով կլոր մը դարձայ ու ճիշդ իր առջեւ նստեցայ: Չէր հաւատար… »Ապրիս…. Ապրիս« յայտնելով առաջարկեց որ միասնաբար գործակցինք: Այդպէս ալ եղաւ: Տալիին քով պէտք է ըլլայի ամէն օր: Այս կը պատահէր 1958ին: Ես Միացեալ Նահանգներ ժամանած էի 1956ին:
Դպրոցս աւարտեցի 1964ին եւ մինչեւ 1969 մնացի Լոս Անճելըս: Ապա որոշեցի Նիւ Եորք փոխադրուիլ պարելու եւ երաժշտական ելոյթներու համար: Սեպուին մօտ մնացի մինչեւ անձնական յարկաբաժին մը գտայ: Շուտով սկսայ գոհարեղէններ ստեղծել (design): Երբ Նիւ Եորք հասայ, »Թիֆընի« ընկերութեան նամակ գրեցի ըսելով որ պարող մըն եմ եւ գոհարեղէններ կը ստեղծեմ (design): Իրենց ըսի որ Նիւ Եորք կու գամ եւ կÿուզեմ իրենց համար գոհարեղէններ ստեղծել: Ոչ ոք պատասխանեց իմ երկտողիս, բացի »Վան Քլիֆ էնտ Արփել« գոհարավաճառներէն, որոնց հետ շահաբաժինի դրութեամբ գործակցեցայ:
Հ. Գոհարեղէնի հանդէպ սէրդ ու՞րկէ եկած է:
Պ. Միշտ ալ ունեցած եմ սէր գոհարեղէնի հանդէպ: Ժամանակին պարի տարազներս ես կը ձեւաւորէի: Նոյնիսկ արեւելեան ոճով կտոր մը յղացայ »Վան Քլիֆ եւ Արփել« գոհարավաճառներուն համար. բայց լաւ չէի վճառուիր: Տիկին մը կար Նիւ Եորքի մէջ, անունը Սիւզի Միթա Պարքըր էր, եւ ան շատ նշանաւոր յօդուածագիր լրագրող մըն էր: Ան շատ ազդեցիկ անձ մըն էր, եւ Սեպուն իր վարսայարդարն էր: Ան յայտնեց թէ Սիւզին կ’երթար Նախագահին ընտրական մէկ հաւաքին: »Ինչո՞ւ իրեն համար սքանչելի կտոր մը չես պատրաստեր«: Ուրեմն սքանչելի կտոր մը ստեղծեցի եւ ամէն մարդ հարց տուաւ այդ ազդեցիկ լրագրողին թէ այդ վզնոցը որո՞ւն գործն էր: »Այս մէկը յղացումն էր վերջերս Նիւ Եորք փոխադրուած նոր արուեստագէտի մը: Անոր անունը Օննիկ է«, պատասխանեց Սիւզի եւ այսպէս, Քեննէթ Լէյնը, որուն բազմիցս նամակ գրած էի եւ ոչ մէկ պատասխան ստացած էի, սկսած էր մօտէն հետաքրքրուիլ եւ կը փափաքէր հետս աշխատիլ: Մինչեւ օրս նամակը պահած եմ: Այդ նամակը քսան անգամ կարդացած եմ: Աչքերուս չէի հաւատար: Եւ երբ հանդիպեցանք, ինձմէ խնդրեց որ նոր հաւաքածոյ մը յղանամ իրեն համար: Հարիւր տարբեր յղացայ եւ 1975ին արդէն միլիառատէր էի: Այսպէս, վեց ամիսներ Քեննէթ Լէյնին համար աշխատեցայ, եւ անկէ վերջ իմ անձնական հաստատութիւնս ունեցայ. Օննիկ Տիզայնզ (Onik Designs Ltd.): 1974ին գոհարեղէնի կտոր մը ստեղծեցի Նիքսընի տիկնոջ համար: Բայց այդ ժամանակ Ուաթըրկէյթի գայթակղութիւնը արդէն իսկ սկսած էր: Ամերիկան կը սնանկանար: Հինգ տարիներ վիճակը վատացաւ: …Եւ արուեստագէտի կենաքն ու մտայնութիւնը գիտէք… շատ դրամ կորսնցուցի:
Հ. Միտքէդ ի՞նչ կÿանցնէր: Ընտանիքի մը միակ զաւակն էիր Նոր Աշխարհ ժամանելէդ առաջ. յանկարծ բոլոր փափաքներուդ տիրացար, եւ ապա կորսնցուցիր…
Պ. Գիտէի որ գէշ երազ մըն էր: Բայց …յետագային կեանքը նորէն սկսաւ դիւրանալ: 1981ին հին բարեկամի մը հանդիպեցայ: Սկսայ նկարչութիւններս ծախել: Յետոյ, դրացիէ մը, քարիւղի գործին մէջ մտնալու առաջարկ մը ստացայ: 1983ին եւ 1984ին, իւրաքանչիւր օր 15,000 տոլար կը շահէի այս քարիւղի գործէն: 1986ին Փորթուկալ փոխադրուեցայ եւ ամէն ունեցածս ծախեցի:
Հ. Քու գործերուդ մասին բաւական պատմութիւններ պատմեցիր. բայց անձնական կեա՞նքդ …:
Պ. Ամբողջ կեանքիս ընթացքին մինակս ապրած եմ: Ինը կատուներ ունիմ: Նուիրուած եմ իմ գործերուս: Երբեք չեմ սիրահարուած: Ըսել կÿուզեմ, սիրոյ հետ սիրահարուած եմ: Իրապէս, լուրջ եմ: Շատ լաւ ընկերներ ունիմ: Երբեք չեմ ուզած տեղ մը հաստատուիլ: Եւ հիմա շատ տարիքոտ եմ ամուսնանալու համար:
Հ. Ուրեմն դուն միշտ մինակ եղած ես…
Պ. Ոչ, երբեք մինակ չեմ եղած: Ունէի երաժշտութիւնը, ընկերներս, եւ թանգարանները: Ժամանակ չունէի մինակ ըլլալու:Գիտեմ որ մէկու մը պէտք ունիմ, բայց համբերութիւնս կորսնցուցած եմ:
Հ. Մէկը պէտք է եղած ըլլար կեանքէդ ներս: Թերեւս երբ աշակերտ էիր, մէկը ունէի՞ր:
Պ. 1960ին ընկերուհի մը ունէի որուն անունը Շիլա էր: Մենք միասին էինք գրեթէ ամէն վայրկեան: Ան լաւ կիթարահար մըն էր, նաեւ նկարչութիւն ալ կÿընէր, բայց ծոյլ էր: Մենք ամուսնացանք 1960ին: Ամուսնացած էի, բայց ոչ երկար ժամանակով: Երբեք չկռուեցանք: Երեք տարիներ ամուսնացած մնացինք: Ան Շիքակօ մնաց, բան մը ընել չէր սիրեր: Ամուսնութենէն վերջ ան բոլորովին տարբեր անձ մը դարձաւ: Հետեւաբար կապերս խզեցի: Երբեմն կը զգամ որ մէկու մը պէտք ունիմ: Բայց երբեք մէկու մը չհանդիպեցայ…
Հ. Պատմէ Տալիին հետ քու տեսակցութիւններուդ մասին: Ի՞նչ յիշատակներ ունիս ձեր բարեկամութիւնէն:
Պ. Տալիին հետ անցուցած ժամանակուայ ընթացքիս կարգուկանոն եւ արհեստավարժութիւն սորվեցայ: Այս մէկէն վստահ եմ: Իր հետ պէտք էր տարիներ անցնել այդ բաները սորվելու համար: Ոմանք կÿատէին զինք: Բայց ամէնուն գոհ պահել կարելի չէ: Կարգ մը մարդիկ ինձ կÿըսեն թէ Տալիին ոճը կը նշմարեն իմ նկարչութիւններուս մէջ: Այդ կը նշմարեն քանի որ ես տարիներ իր մօտ ուսանեցայ: Երբ Տալիին կը մեծարեմ, Տալին կը բերեմ իմ նկարներէս ներս: Այս է մեծարելու ամբողջ գաղափարը: Բազմիցս մարդիկ արուեստէն չեն հասկնար: Իմ նկարչութիւններուս գաղափարը լռութիւնն ու տեղն է (space):
Հ. Ինչո՞ւ լռութիւնը:
Պ. Քանի որ լռութեան պէտք ունինք այդ հանդարտութիւնը որ մեզ կը թոյլատրէ որ հանգիստ ապրինք: Եթէ շատ նեղութիւններ ունիս, եւ շատ աղմուկ կայ, բոլորովին պիտի ուժաթափուիս: Հանգիստի պէտք ունիս: Շատ կը հաւատամ էութեան ուժին: Արեւի ուժին:
Հ. Մասնաւոր յիշատակներ ունիս Տալիին հետ քու օրերէդ, բան մը որ մինչեւ հիմա միայն մէջդ պահած ես: Եթէ հիմա Տալիին առջեւ կանգնած ըլլայիր, ի՞նչ պիտի ըսէիր իրեն:
Պ. Տալին ինձ համար կարեւոր ուսուցիչ մըն էր, »կուրու« մը: Օրինակի համար, կը յիշեմ թէ ինչպէս ինձ համար թիթեռնիկ մը կÿուզէր ստեղծել: Եւ թիթեռնիկ մը ստեղծեց: Զայն տանս մէջ պահեցի: Ընկերներէս մէկը օր մը տունս այցելեց եւ յայտնեց թէ իր ընկերներէն մէկը թիթեռնիկներու հաւաքածոյ մը ունէր: Ըսաւ որ ինձ հինգ հազար տոլար կրնայ տրամադրել անոր համար: Բայց ան նաեւ Տալիին ստորագրութեան պէտք ունէր որպէսզի կարենար ստուգել թէ իսկապէս անոր ստեղծագործութիւնն է: Եւ ուրեմն զայն Տալիին մօտ տարաւ: Եւ Տալին անոր հարցուց, »Այս ուրկէ՞ գտար«, եւ մարդը Տալիին ըսաւ որ արուեստի գործերու վաճառականէ մը: Վիճաբանեցանք… Թիթեռնիկը շիտակ իր երեսին շպրտեցի: Տալիին համար ես շատ բաներ ըրած եմ ձրիաբար բոլոր գոհարեղէնները: Ինձ երբեք բան մը չէր նուիրած: Եւ ես նաեւ շատ մը գոհարեղէններ պատրաստած էի իր տիկնոջ համար: Նոյնիսկ որ ես իրեն համար շատ մը քանդակներ պատրաստած էի, նկարներուն համար թեւեր, ինձ երբեք բան մը չնուիրեց: Ես ամէն ինչ ըրի Տալիին համար…:Այսպիսի դժուար տիպար մըն էր ան:
Հ. Դուն ինծի կը յիշեցնես »Պիթըր Մուն« ժապաւէնի անձնաւորութիւններէն մէկուն: Ուշադիր եղիր որ ինքզինքդ չկորսնցնես ուրիշի մը ինքնութեան մէջ:
Պ. Չէի կրնար Տալիին նմանիլ: Ան շատ անձնասէր էր: Բացառիկ անձնասէր մէկն էր: Մարդու չէր ուզեր օգնել: Ան գրեթէ բոլորին կÿօգտագործէր, եւ բոլորովին կÿանտեսէր ամէնուն: Ես Տալիին հետ կը հանդիպէի ամէն օր: Իր կողակից՝ Կալան ստեղծեց Տալիին: Կալան շատ կարեւոր անձ մըն էր Տալիին համար, բայց անոնք կատուներու եւ շուներու պէս էին: Միշտ կը կռուէին:…