Գլխաւոր

ԱՆԻՆ ԿՐԿԻ՞Ն ԾԱԽՈՒԵՑԱՒ

Հայոց Պատմութենէն դասեր քաղելու եւ աններելի սխալներ չկրկնելու մտահոգութեամբ, հայրենի վիպագիր Բագրատ Այվազեան պատրաստած էր «Անին Ծախուեցաւ» վէպը:

Այսօր…աւելի քան տաս դարաշրջաններ ետք, թէեւ դէպքերն ու անոնց ետին կանգնող դերակատարները միեւնոյն անձերը չեն, սակայն դիւրութեամբ եւ ճկունութեամբ, կարելի է այդ օրերու եւ կատարուած նորագոյն իրադարձութիւններու դերակատարներուն միջեւ նմանութեան եզրեր գտնել եւ նոյնիսկ հարցադրել, թէ գէթ աւերակներու մէջ, անգամ մը եւ՞ս կը փորձուի ծախել Անին…«Անին կրկի՞ն ծախուեցաւ»:

Այս անգամուան պատահածը, քանի մը ամիս առաջ, ճիշդ թուականը նշելու համար, Հոկտեմբեր 1, 2010ին, Անիի հայոց Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած նամազէն աւելի տարօրինակ եւ արտառոց դէպք մըն է:

Արդարեւ, փափուկ սեռի նորաձեւութիւններ ցուցադրելու համար, երկու երիտասարդ դիցուհիներ կատարած են փառատօն  քայլարշաւ  ցուցարշաւ մը, այդ ալ ծանօթ թուրք լուսանկարիչի մը ոսպնեակի ճկուն եւ ակնթարթային «քլիք»երու ետին…Իբրեւ համայնապատկեր ունենալով, հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք՝ Անիի կիսաքանդ տաճարները:

Արդեօք ի՞նչ զգացին այդ երկու պարմանուհիները: Բնականաբար ոչ մէկ զգացում, ոչ ալ ապրում… պարզապէս ոչինչ: Սովորականին պէս, անոնք իրենց ցուցական աշխատանքը տարած էին, այնպէս ինչպէս կատարած էին նախապէս Փարիզի Էյֆէլ աշտարակի մօտ, կամ ալ Նիւ Եորքի երկնաքերերու մէկ բեղուն պողոտայի շրջակայքը…Եւ կամ Զուիցերիոյ բնութեան գիրկին մէջ, կորսուած մէկ գիւղի առուակի ափին: Աւետիք Իսահակեանի բնութագրած այդ վեհութեան եւ ազատութեան խոր ապրումները չկային այդ «նորաձեւուհի»ներուն մօտ:

Պարզումէկին, այս այցելու գեղեցկուհիները լուսանցքի տակ առնուած էին, գէթ կիսաքանդ սակայն նոյնքան տպաւորիչ յաւիտենական գեղեցկութեան՝ Անիին դիմաց:

Իսկ եթէ այս ակնոցով դիտուած, տարբեր եզրակացութիւններ կատարել, նկատելով թէ նորաձեւութեան ետին կանգնած այդ «միսթիք» վայրերը կրնան արթնցնել յատկապէս օտար ընթերցողին հետաքրքրութիւնը, այդ պարագային տեղին է հարցադրել թէ նմանօրինակ լուսանկարչական փորձ մը, Նախիջեւանի խաչքարերու մնացորդացին մօտ, որքա¯ն ազդեցիկ կրնայ թուիլ…Անշուշտ այս պարագային եթէ աւերակներն ալ չեն բնաջնջուած:

»Հայրենիք»

Յունուար 24, 2011

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button