Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
25 Մարտ 2024
Գաղտնի տեղեկութիւն մը:
Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ոճրային ահաբեկչութենէն երկու օր ետք, Նիկոլ Փաշինեան իր ապարանքի մէկ վարագոյրին ետին անցնելով, բջիջային հեռաձայնը վերցուցեր է եւ հաղորդակցութիւն մը ունեցեր՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Խօսակցութիւնը լսող եղեր է: Փաշինեան նախ շնորհաւորեր է Փութինը՝ վերընտրուելուն առիթով, յետոյ ցաւակցութիւն յայտներ է բազմահարիւր զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար: Փութին ըսեր է, որ ոճրագործներէն մէկ քանին ձերբակալուած են, քննութիւն բացուած է արարքին ու ահաբեկիչները դրդողներուն շուրջ, խօսեր է իր յայտարարուած ու չյայտարարուած կասկածներուն մասին: Յետոյ, յիշեր է, որ ինչպիսի իմաստո՜ւն մէկուն հետ կը խօսի՝ հարցուցեր է. «Փաշինեւ (չկարծէք որ Ալիեւին հետ շփոթեր է). ի՞նչ խորհուրդ կու տաս. ինչպէ՞ս պէտք է վարուիմ այս ոճրագործներուն հետ: Ըսող կայ, որ զանոնք պէտք է կախաղան հանեմ, գնդակահարեմ կամ անանկ բան մը»:
Փաշինեան զարհուրանք արտայայտեր է եւ բացատրեր՝ որ այսօրուան աշխարհին մէջ, ոճրագործներուն հետ մարդիկ շա՜տ աւելի մարդկային եւ ներողամիտ վարմունք կը ցուցաբերեն, եւ աւելցուցեր է. «Պէտք է բարի կամեցողութիւն ցուցաբերես եւ այդ ոճրագործները անյապաղ ազատ արձակես, ղրկես իրենց տունը: Տե՞ս, ես քանի՜-քանի անգամ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեցի եւ Հայաստանի մէջ ոճիրներ գործած ազերիներ ազատ արձակեցի, տուն ղրկեցի: Ծափահարողներ ալ ունեցայ»:
«Բայց ժողովուրդս ի՞նչ պիտի ըսէ, եթէ բացայայտ ոճրագործները անպարտ արձակեմ», հարցուցեր է Փութին:
«Ժողովուրդ ըսածդ, գոնէ անոր մէկ մասը, ոչխարամիտ բարեմիտներ են», պատասխաներ է Փաշինեան: «Ես ո՛չ միայն ոճրագործներ ազատ արձակեցի, այլ նաեւ, բարի կամեցողութիւն ցոյց տալով՝ Ատզրպէյճանի նուիրեցի Արցախը, յետոյ՝ Հայաստանէն մասնիկներ, հիմա ալ կը պատրաստուիմ նոր նուէրներ աւելցնել բարի կամեցողութեամբ: Գիւղեր, ընդարձակ տարածքներ ունիմ ցանկիս վրայ: Մարդիկ աղմուկ կը բարձրացնեն, բայց հոգ մի՜ ըներ: Ղարտաշներս եւ բարեկամներս կ’օգնեն, որ ժողովուրդս համոզեմ…»:
Երբ Փութին ափ ի բերան մտիկ ըրեր է այս հանճարե՜ղ մարդկայնութիւնը եւ չէ կրցած պատասխան գտնել, Փաշինեան աւելցուցեր է. «Լաւ կ’ընես, եթէ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերես նաեւ Ուքրայինայի մէջ. հեռացի՛ր արեւելանային շրջաններէն եւ Խրիմէն. եթէ ուզեն, առանց վէճ-վիճաբանութեան ռուսական հողեր ալ նուիրէ: Գործդ դիւրացնելու համար, պատրաստ եմ քեզի ձրիաբար տրամադրելու իմ պատրաստած՝ խաղաղութեան խաչմերուկիս քարտէսները…»: Ի վերջոյ, բացատրեր է, որ նոյն բարի կամեցողութեամբ է որ հունգարացիները ազերի ոճագործ մը տուն ղրկեցին, եւ բարեմիտ ու խաղաղասէր ազերիները հերոսացուցին զայն, նոյն բարի տրամադրութեամբ է որ ամերիկացիք եւ եւրոպացիք կը դիտեն Նեթանիահուն, եւ… ասանկ բաներ:
Փութին տեղն ու տեղը որոշեր է իր խորհրդականները ժողովի կանչել, որպէսզի քննարկեն թէ ինչպէ՞ս կրնան բարի կամեցողութիւն ցուցաբերել…: