Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կրկնակի Թափով Կը Շարունակէ Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները

1 0
Read Time:1 Minute, 41 Second

Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն իսկ, Հ․Օ․Մ․-ը իր աշխարհասփիւռ միաւորներով ընդմիշտ եղած է Արցախի եւ արցախահայութեան կողքին, ան Արցախի մէջ հիմնած է մանկապարտէզներ եւ իրականացուցած է բազմաթիւ բարեսիրական  ծրագիրներ: Բնականաբար, այս տագնապալի օրերուն եւս Հ․Օ․Մ․-ը իր օգնութեան ձեռքը կրկին պիտի մեկնէր արցախահայութեան:

19 Սեպտեմբեր 2023-ին` ի տես եւ ի լուր արցախահայութեան դիմագրաւած արհաւիրքներուն,  Հ․Օ․Մ․-ի բոլո՛ր միաւորները անմիջապէս գործի անցան եւ, ինչպէս միշտ, շուտով արձագանգեցին Արցախի կանչին` նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսանալու մեր հայրենակիցներուն։

Արցախահայութեան շտապ օժանդակութեան յատկացումներով կատարուեցան հետեւեալ աշխատանքները:

Առաջին փուլ

Այս փուլին բաժնուեցան աւելի քան 1500 սննդեղէնի եւ մաքրութեան իրերու արկղեր` հետեւեալ պատկերով.-

  • 440 արկղեր տրամադրուեցան Արցախի ներկայացուցչութեան` Աւստրալիոյ Հ․Օ․Մ․-ի եւ գաղութի հանգանակած գումարով:
  • Աւելի քան հարիւր արկղեր փոխադրուեցան Գորիս եւ բաժնուեցան այնտեղ հանգրուանած արցախահայութեան:
  • Համագործակցութեամբ շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններուն (Հ․Մ․Ը․Մ․ , Հ․Ե․Մ․, Համազգային, Հ․Յ․Դ․), ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ հայրենիք ժամանած կամաւոր հայորդիներու օգնութեամբ, Հ․Օ․Մ․-ի հովանաւորութեամբ Արամ Մանուկեան կեդրոնին մէջ աւելի քան հազար (1000) արկղ սննդեղէն ու մաքրութեան իրեր պատրաստուեցան եւ բաժնուեցան Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ հաստատուած (Երևան, Արագածաոտն, Արարատ, Արմավիր, Շիրակ, Գեղարքունիք, Լոռի, Տավուշ, Սիւնիք, Կոտայք, Վայոց Ձոր) Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու:

Անձնազոհ բարերարներու նուիրատուութեամբ ձեռք բերուած ուտեստեղէն, հագուստներ, անկողնային եւ խոհանոցային իրեր տրամադրուեցան Հ․Օ․Մ․-ի կեդրոն դիմած բռնի տեղահանուած արցախահայութեան:

Երկրորդ փուլ

Երկար շաբաթներու արձանագրութիւններէ եւ պատրաստութիւններէ ետք, 18 Նոյեմբեր 2023-ին, Հ․Օ․Մ․-ը թափ տուաւ բարեսիրական աշխատանքի 2-րդ փուլին եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան տրամադրեց սննդեղէն եւ մաքրութեան անհրաժեշտ իրեր, որոնք կը բաժնուին  Հ․Օ․Մ․-ի  եւ Հ․Ե․Մ․-ի ժրաջան անդամներուն միջոցով։

Բարեսիրական այս աշխատանքին 20,000 թոն մաքարոնով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Մենք ենք մեր Սարերը» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը։

Ցարդ Հ․Օ․Մ․-ը բաժնած է 7000 արկղ (ամէն մէկ արկղ կը պարունակէ 100 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ սննդեղէն եւ մաքրութեան իրեր) Այսպիսով աւելի քան 30,000 հայորդիներ օգտուած են Հ․Օ․Մ․-ի սոյն ծրագիրէն:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը պիտի շարունակէ անաչառ եւ հետեւողական զօրակցութիւն  ցուցաբերել արցախահայութեան` որդեգրելով  այլ երկարաժամկէտ ու մնայուն ծրագիրներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles