ՄԱԿ-աբոյծներու Այցելութիւնը

1 0
Read Time:3 Minute, 6 Second

 


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

«Ընդհանրապէս փտած ժողովուրդի մէջ ազատութիւնը երկար չի տեւեր:
Էտմընտ Պըրք (իրլանտացի փիլիսոփայ, 1729-1797)

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն կամ կարճ ու կտրուկ ՄԱԿ։
Այս ի՜նչ թափանցիկութիւն, ի՜նչ արդարութիւն կամ ի՜նչ միացեալ ազգերու… ա՛նկազմակերպութիւն։
Ի վերջոյ Արցախ պաշտօնական այցելութիւն մը տուին այդ ՄԱԿ-աբոյծները, երբ արդէն «բանը բանէ անցած էր»։
ՄԱԿ-աբոյծ որակումը դաժա՞ն. թերեւս, սակայն մենք չենք վարանիր իրականութիւնները կոչելու իրենց անունով: Զբօսաշրջիկի տրամադրութիւններով Ստեփանակերտ հասնող ՄԱԿ-աբոյծներուն՝ յայտնապէս ճամբայ ելլելէ առաջ տրուած էր ցուցմունքներու լայնափոր թղթածրար մը, որպէսզի սուտ ու անհիմն տեղեկութիւններով ներկայացուէր Ատրպէյճանի ոճիրներուն «վիճակացոյց»-ը։
Ինչո՞ւ այս ենթադրութիւնը: Պարզ է. անոնց ընկերակցողները անդիմակ էին եւ որդեգրուած ուղղութիւնը՝ յստակ։ Անոնք ժամանեցին «դժոխքի ճանապարհ»-էն՝ Աղտամի ճամբով։
Ի սկզբանէ յստակ էր անոնց ձեւելիք եզրակացութիւնն ու պատրաստելիք թղթածրարին «բաղադրութիւն»-ը։
Մի՜ զարմանաք, երբ տեսնէք ու լսէք որ դէտերը… զարմացած են, թէ արցախահայութեան ինչո՞ւ զանգուածաբար, գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը հրաժեշտ տուած է հայրենի այն հողին, որուն կառչած էր դարեր շարունակ, մինչեւ իսկ քանի մը փուլով մղուած պատերազմներուն ընթացքին: Զարմացե՜ր են, որովհետեւ ըստ իրենց՝ քանդուած ոչ մէկ կառոյց կար։ Ասոնք կոյրերու աշխարհէ՞ն բերուած են Արցախ, թէ մրցումի ելած են Հայաստանի իշխանութեան ազգակործան վարմունքը չտեսնողներուն հետ…
Կ’ուզեն հաւատացնել աշխարհին, թէ բնակարաններ, սրբատեղիներ, տաճարներ, վանքեր ու յուշարձաններմնացած էին հաստատ։ Հաւանաբար կը մտածեն. «Է՛, ի՞նչ է եղեր որ… քանի մը շէնք աւերակ դարձած են, ապակիներ ջարդուած:
Ո՛չ մէկ կասկած, որ ազերիներու ուղեկցութեամբ Ստեփանակերտ եւ այլուր պտոյտի ելած զբօսաշրջիկները կոյր էին, կամ գոնէ՝ միականի։ Չհետեւեցա՞ն արդեօք իրենց իսկ տեղադրուած լսատեսողական տեսարաններուն, ուր կ’երեւէր, որ ազերի զինուորներ մուտք գործած են եկեղեցիներ ու վանքեր, պատռտած ու քանդած լուսանկարներ, սրբանկարներ, քանդակներ եւ մատուրներ։
Պատուիրակութիւնը ո՞ր աչքով նայեցաւ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցիին, որ վերածուած է մզկիթի։
Հիմա, կարգը եկած է Ամարասին, Գանձասարին, «Պապիկ-Տատիկ»-ին եւ հարիւրաւոր այլ կառոյցներու։
Այս դէտերը ունին մե՜ծ ախոյեան մը, որ արցախահայութեան բռնագաղթի եւ ոճրային յարձակումնրու օրերուն, բաց ճակատով կը յայտարարէր, թէ արցախահայութեան վտանգ չի սպառնար։ Ա՛յն «ապագայատեսիլ»-ը, որ իր կործանարար ընթացքը արդարացնելու փորձեր կ’ընէ Ազգային ժողովի բեմէն, դարձեալ կը փորձէ ընդդիմադիրները մեղաւոր հռչակել իր յայտնի ու գաղտնի քայքայիչ արարքներուն…
Ընդվզեցուցի՛չ է պատահածը, սահմռկեցուցի՛չ․․․։
Զարմանքի ո՛չ մէկ արտայայտութիւն՝ ի տես դատարկուած Ստեփանակերտին։
Կրկնենք. արեւու լոյսին չափ յստակ է, որ ցուցմունքներ տրուած էին անոնց: Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ Պաքուի մէջ պատրաստուած երկար-բարակ եւ սուտ ու պատիր թղթածրար մը յանձնուած էր այս «զբօսաշրջիկներուն», վրան ալ՝ կոկիկ «պարգեւավճար» մը, որպէսզի նմանօրինակ «սենարիօ»-ներ իրագործեն: Ալիեւ պատմութիւն կերտած է դէտեր, մինչեւ իսկ եւրոպացի երեսփոխաններ կաշառելու իր «սխրանքներով»:
Բացարձակապէս անընդունելի եւ անբացատրելի է եղածը։
․․․Եւ աշխարհը կը մնայ լուռ, ոմանք ալ տակաւին կը փորձեն ստուգումնե՜ր ընել, որ Արցախի մէջ եղածը «էթնիք զտո՞ւմ է, ցեղասպանական արա՞րք»։ Ինչպէ՞ս չկրկնել մեծ բանաստեղծին բառերը. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն…»:
Իսկ մենք, այո՛, մենք, այսինքն՝ հայկական կողմը, արդեօք «ակն ընդ ական» ոճով պատասխան թղթածրար մը պատրաստա՞ծ ենք, սկսելով Ստալինի կողմէ Հայաստանի անունով Ատրպէյճանի տրուած «եղբայրական նուէր»էն: Կամ արդեօք պատրաստուա՞ծ է ու աշխարհին աղաղակող կերպով ներկայացուա՞ծ՝ այն արիւնոտ թղթածրարը, որ ընդգրկէ ռազմադաշտերէ հեռու, Պուտափեշտի մէջ, 2004-ին, անմեղ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած հրէշ Ռամիլ Սաֆարովի «հայրենասիրական» ոճիրը։
Ամօ՛թ, հազա՛ր ամօթ։
Այո՛․․․ՄԱԿ-ի մակաբոյծները վերադարձան միեւնոյն ««դժոխքի ճանապարհ»-ով, վստահաբար քարիւղաբոյր ձկնկիթի դիւանագիտութեամբ հիւրասիրուելու համար։
Արցախի մէջ հող պաշտպանող, հայրենասէր ժողովուրդ ու ղեկավարութիւն չմնաց: ՄԱԿ-ի դէտերը իրե՛նց իսկ ձեռքով գամեցին իրենց առաքելութեան դագաղին գամերը: Ատրպէյճան իր առեւանգած գերիներուն ցանկը հարստացուցած է՝ Արցախի պետական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ առեւանգելով: Հայաստանի կաշառուած ու գործակալ դարձած իշխանութեան՝ ո՛չ մէկ յոյս կարելի է կապել: Կը մնայ, որ այս «մարդկային կատակերգութեան» վերջ դնելու համար, ժողովուրդը, ամբողջ ազգը ձեռքերը միացնէ հայրենիքի պաշտպանութեան համար պայքարող ընդդիմադիրներուն։
Բա՛ւ է։ Պէտք է բաց աչքերով տեսնել, որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը անկաշկանդ յառաջ կը տանին նա՛եւ Հայաստանը կուլ տալու իրենց համաթուրանական ծրագիրները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
50 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
25 %
Angry
Angry
25 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles