Գլխաւոր
Ազգային Ժողովը Վերածուեցաւ Կռփամարտի

ԵՐԵՒԱՆ․- 29 Հոկտեմբերի Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին, պայթուցիկ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, երբ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Տարօն Չախոյեան, ամպիոնէն ելոյթ ունենալու ընթացքին, սկսաւ փտածութեան նիւթով զուգահեռներ կատարել: Ան յիշեց ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խմբակիցները, սակայն կիրքերը ծայր աստիճան բռնկեցան, երբ ան յիշատակեց «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանը եւ անոր ազգականները:

