Հաւաքական Կուրութիւն, Քաղաքական Միտքի Եւ Դիւանագիտութեան Բացակայութիւն, Մարտավարական Կեդրոններէն Անտեղեակութիւն, Մարդկային Կիրքի Գերադասում Ազգային Արժէքներէն Եւ Իրաւունքէն Ու Գերագոյն Դաւաճանութիւն՝ Արցախի Յանձնում Թշնամիին

2 0
Read Time:7 Minute, 4 Second
Փրակայի մէջ Էրտողան-Փաշինեան-Միրզոյեան եւ Ալիեւ հանդիպում մը (Daily Sabah)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

20 Սեպտեմբեր 2023

27 սեպտեմբեր 2020-ին Ատրպէյճանի եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ Արցախի վրայ յարձակումը եւ անոր նախորդող Ատրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ-Փաքիստան եւ Տաէշ դաշինքը եւ անոնց միացեալ ռազմափորձերը, իսրայէլեան ռազմական օդակայանէն պայթուցիկ նիւթերու թռիչքները դէպի Պաքու, եւ պատերազմի բոլոր պատրաստութիւնները Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր հովանաւորած ՆԱԹՕ-ին՝ արեւմուտքին կողմէ ծրագրուած էին, նպատակ ունենալով Ռուսիան հեռացնել Հարաւային Կովկասէն՝ զոհելով Արցախն ու Հայաստանը եւ իսկական թիրախ ունենալով՝ Ռուսիան:

Այս մասին Ռուսիան տեղեակ էր եւ պատրաստուած: Իսկ Հայաստանը՞… Տեղեա՞կ էր… Պատրա՞ստ էր: Այո՛ այս փաշինեանական վարչախումբը պատրաստ էր, սակայն արեւմուտքին ծրագի՛րը յաջողեցնելու եւ ո՛չ թէ պատերազմը իր դաշնակիցով դիմագրաւելու եւ կասեցնելու, Արցախն ու Հայաստանը պաշտպանելու: Փաստերէն կարեւորագոյնը՝ պատերազմին չորրորդ օրը Ռուսիոյ միջնորդութեամբ պատերազմը կասեցնելու մերժումը Փաշինեանին կողմէ… Նաեւ, երեք յաջորդող միջնորդութիւններուն մերժումը մինչեւ 44-րդ օրը եւ ի՛նչ ահաւոր մարդկային ու հողային կորուստներէ եւ ինքնաբուխ, անտեղի նուէրներ տալէ ետք Ատրպէյճանին՝ Շուշին եւ Հատրութը:

 Իսկ 27 Սեպտեմբեր 2022-ին Ուաշինկթընի մէջ, ամերիկեան միջնորդութեամբ եւ Ռուսիոյ բացակայութեան՝ ամբողջ Արցախը յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին, Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Ճէյք Սալիվընի, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահին խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւի միջեւ համաձայնութեամբ, որ քանի մը օր ետք 6 հոկտեմբեր 2022-ին Փրակայի մէջ, Փաշինեան ստորագրեց այս փաստաթուղթը, որուն շաբաթ մը առաջ անդրադարձաւ նախագահ Փութին, երբ Փաշինեան փորձեց Ռուսիոյ վերագրել իր կատարած դաւաճանութիւնները: Գեղամ Մանուկեան 25 հոկտեմբեր 2022-ին Ազգային Ժողովին մէջ բացայայտեց այս փաստաթուղթը, որ ո՛չ հերքուեցաւ եւ ո՛չ ալ ընդունուեցաւ կառավարութեան կողմէ:

Գեղամ Մանուկեան 25 հոկտեմբեր 2022-ին Ազգային Ժողովին կը ներկայացնէ 27 Սեպտեմբեր 2022-ի Ամերիկա-Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութեան կէտերը, ուր Արցախը կը ճանչցուի Ատրպէյճանի մաս եւ Ատրպէյճանէն Նախիջեւան Ճամբայ պիտի բացուի Հայաստանի հողերէն:

Եթէ տակաւին կասկածողներ կային, որ ազգակործան «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» Ամերիկեան հակառուս օրակարգ ու ծրագիր գործադրելու համար էր մի՛այն, ծրագիրին գործակատար Փաշինեանը անցնող օրերուն բացայայտ կերպով դրսեւորեց հակառուս այս կեցուածքը՝ զանազան առիթներով, մանաւանդ՝ իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին, ուր ըսաւ. «… Ըստ էութեան, արդէն բաւական երկար ատենէ ի վեր մեր շրջանին մէջ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, «մենք կը տեսնենք, որ Ռուսիան ինքնին իր կողմէ ձեռնարկուող կամ չձեռնարկուող քայլերուն բերումով ինք կը հեռանայ շրջանէն», «օր մը ուղղակի կրնան արթննալ եւ տեսնել, որ Ռուսիան այստեղ չէ» (4):

Ի՞նչ հիմնաւորումով եւ որո՞ւն վստահելով Փաշինեանը Ռուսիան դուրս պիտի մղէ Հարաւային Կովկասէն, 85 ամերիկացի զինուորներո՞ւն միջոցով, որոնք 11-էն 20 սեպտեմբեր, Հայաստանի մէջ «Արծիւ գործընկեր» միացեալ զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին… Այս ի՛նչ յիմարութիւն, բթամտութիւն ու կուրութիւն է: Երբ Ռուսիան Հարաւային Օսէթիոյ մէջ իր խաղաղապահ զինուորները պաշտպանելու համար 2008-ին Վրաստանի վրայ յարձակեցաւ, Ամերիկեան մարտանաւերը հասած էին Սեւ ծովու իրենց դաշնակից Վրացական ջուրերը, անոնք մի՛այն դիտեցին եւ մէկ ել-նամակ յղեցին Վրաստանին… Այսքան: Հայաստանը ծովեզերք ալ չունի, արդեօ՞ք Թուրքիոյ վրայ կը վստահի Փաշինեանը… Շատ հաւանաբար: Այդ է ծրագիրը, որ Ռուսիա-Թուրքիա պատերազմ տեղի ունենայ եւ Հայաստանն ու Արցախը ոտքի տակ երթան, բնաջնջուին:

Ուրե՛մն ինչո՞ւ են այս մանկամիտ յիմարաբանութիւնները սուտերն ու զրպարտութիւնները, իր բոլոր յանցանքները Ռուսիոյ եւ «հիներուն» վրայ բեռցնելու: Որպէսզի Ռուսիան «նեղուի՞» Հայաստանէն եւ թուրք-ազերի եւ Արեւմուտքի ճնշումներուն չմիջամտէ՞, չօ՞գնէ Հայաստանին… Շատ հաւանական է: Այս վարչախումբը ամէն ինչ ըրաւ եւ կ՚ընէ, որ իր դաշնակիցը՝ Ռուսիան եւ միւս բնական դաշնակից Իրանը խրտչեցնէ, որպէսզի այս հակահայ ու հակառուս ծրագիրը յաջողեցնէ: Սակայն ռուս դիւանագիտական աղբիւր մը կը հաստատէ. «Ռուսիան, իբրեւ Հայաստանի ամէնէն մօտ բարեկամ եւ դրացի, չի պատրաստուիր լքել Հարաւային Կովկասը, սակայն Երեւանը պէտք չէ Արեւմուտքի գործիքը դառնայ Ռուսիան դուրս մղելու համար»:

Փաստաթուղթին պատճէնը, որ Մանուկեան պատռտեց

17 Հոկտեմբեր 2020-էն սկսեալ 6 յօդուածներով անդրադարձ կատարած եմ այս նիւթով, ուր նշուած գրեթէ բոլոր նախատեսութիւններն ու հնչած ահազանգները դժբախտաբար պատահեցան. «Միացեալ Նահանգները եւ արցախի դէմ տեղի ունեցող պատերազմը», «Արցախը զոհ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան Ա. եւ Բ.», «Ամերիկեան ռազմավարութիւնը, Հարաւային Կովկասը, Հայաստանը, Արցախը եւ Ռուսիան», ««Ուքրանիոյ տագնապը Ուքրանիոյ մասին չէ, այլ Գերմանիոյ համար» եւ ի՞նչ է կապը Արցախի 44-օրեայ պատերազմին հետ» եւ «Հայաստան-Արցախ-Հայ Դատ եւ Ռուսիա-Ուքրայինա-Խրիմ-Տոնպաս զուգահեռները եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը»:

«Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան»-էն կրկնելու գինով կը մէջբերեմ. «24 Ապրիլ 2019-ին ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող մարտավարական Ռէնտ կեդրոնը 354 էջ, ոչ գաղտնի, համացանցով բոլորին հասանելի ուսումնասիրութիւն մը հրապարակեց, Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա մրցակցութեան մասին. «Տարածելով (քաշկռտելով) Ռուսիան՝ մրցակցիլ նպաստաւոր դիրքէ» (Extending Russia: Competing from advantageous ground) խորագիրով:

«Նախաբանին մէջ կ՚ըսուի. «Այս ծրագիրին նպատակն է քննել կարելի միջոցներ՝ տարածելու (յոգնեցնելու) համար Ռուսիան: Ըսել կ՛ուզենք, առանց բռնութիւն կիրարկելու, ճնշել Ռուսիոյ զինուորական կառոյցը, տնտեսութիւնը կամ՝ իշխանութեան քաղաքական վարկը ներքին եւ արտաքին ճակատներուն վրայ:

«Քայլերը, որոնք մենք կ՚առաջարկենք, իբրեւ հիմնական նպատակ, պաշտպանական կամ զսպումի միջոցներ չեն, թէեւ ատոնք կրնան նպաստել երկուքին: Փոխարէնը, այս քայլերը կ՚ընկալուին իբրեւ միջոցներ, որոնք թոյլ կու տան Ռուսիոյ հետ մրցակցիլ ա՛յն բնագաւառներուն կամ տարածաշրջաններուն մէջ, ուր Միացեալ Նահանգները ունի մրցակցային առաւելութիւն, բան մը, որ Ռուսիոյ պիտի ստիպէ ռազմական կամ տնտեսական առումով չափազանց մեծցնել իր գործունէութեան ծիրը, իշխանութեան ներքին եւ կամ միջազգային հեղինակութեան անկում պատճառելով»: Օրինակ՝ Արեւմուտքին պարտադրած Ուքրանիոյ անխուսափելի պատերազմը:

«Տեղեկագիրին չորրորդ գլուխը կը վերաբերի աշխարհաքաղաքական այն միջոցներուն, որոնք պէտք է կիրարկել, հետեւեալ կարգով եւ թէ՝ գործադրուա՞ծ է.

  1. «Ուքրայինայիմահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել»: Այո:
  2. «Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զօրակցութիւնը աւելցնել»: Այո:
  3. «Պելառուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնել»: Փորձը կատարուեցաւ:
  4. «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼ»: Այո:
  5. «Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնել»: Փորձեցին:
  6. «Ասպարէզ կարդալ Մոլտովայի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան»: Այո:

«Կան նաեւ քանի մը այլ աշխարհաքաղաքական միջոցներ, որոնք ներկայացուած են Ռէնտի այլ հետազօտութեան մէջ, որոնք չենք ներառեր այստեղ, ինչպիսին են ՕԹԱՆ-ի Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հետ յարաբերութիւնները աւելցնել»: Անմիջապէս յայտնենք, որ այս բոլոր յանձնարարութիւնները գործադրուեցան եւ մաս մըն ալ տակաւին կը շարունակուի: Ստորեւ պիտի մեկնաբանեմ միայն առաջինը եւ չորրորդը եւ անոնց միջեւ կապը:

Ռէնտի 24 ապրիլ 2019-ին հրատարակած մարտավարական ուսումնասիրութեան 354 էջ գիրքին կողքը: 5. Վեց յանձնարարականները եւ վարը՝ անոնց յաջողութեան ցած կարելիութիւնները, բացի Ուքրայինայէն, որ միջակ է

Ռուսիան տեղեա՞կ էր այս բացայայտ՝ գրաւոր հակառուս ծրագիրէն: Անշուշտ տեղեակ էր ու մի՛շտ պատրաստուած: Այսինքն մարտավարութիւն մը պատրաստած էր, որուն տրամաբանութեան պիտի անդրադառնամ ստորեւ: Տեսնենք, թէ ի՞նչ կատարուեցաւ եւ այս երկու յանձնարարութիւնները ո՞ւր հասան:

Ի՞նչ կը նշանակէ Ուքրանիոյ մահացու օժանդակութիւն տրամադրել: Նշենք, որ ապրիլ 2019-ին գրուած է այս, Ռուսիան փետրուար 2022-ին սկսաւ այժմու պատերազմական գործողութիւններուն՝ պաշտպանելու համար Ուքրանիոյ արեւելեան շրջանի ազգութեամբ ռուս բնակչութիւնը: Ըստ ՄԱԿ-ին, 2014-էն ի վեր, առ նուազն 14 հազար ռուսեր ցեղային մաքրագործման ենթարկուած էին «Նոր նացի» Ազովի ջոկատներուն եւ ուքրանական ուժերուն կողմէ: Մահացու կը նշանակէ յարձակողական զէնք, ուրեմն Ամերիկան, որ ցարդ կը զինէ Ուքրայինան՝ իր այս ծրագիրն է որ կը գործադրէ եւ ուղղակի մեղսակից է պատերազմին:

Վարկած՝ տեսակէտ. Նկատի առնելով Ռուսիոյ հետախուզութեան հսկայական միջոցներն ու կարողութիւնները, եւ Միացեալ Նահանգներու բացայայտած վերոնշեալ ծրագիրը՝ հոս-հոն տարածելու Ռուսիոյ ռազմական ու տնտեսական միջոցները. Ուքրայինա, Սուրիա, Պելառուսիա, Հարաւային Կովկաս, Կեդրոնական Ասիա եւ Մոլտովա՝ Ռուսիան Թուրքիոյ հետ մնայուն դիւանագիտական ճիգերով, խուսափեցաւ ներքաշուիլ անոր հետ պատերազմի մէջ, նոյնի՛սկ զինադադարէն անմիջապէս ետք՝ երբ Նախիջեւանէն, ուր թրքական ուժեր կեդրոնացած էին, անսպասելիօրէն վար առին Ռուսական ռազմական ուղղաթիռ մը, որ վերջին փորձն էր Ռուսիան ներքաշելու Թուրքիոյ հետ պատերազմի:

Ռուսիան իր ուժերը կը պահէր իր անմիջական դրացի՝ ամերիկեան մահացու զէնքերով զինուած Ուքրանիոյ հետ գալիք անխուսափելի պատերազմին: Արցախի միջոցով Ռուսիան պատերազմի ներքաշելու Արեւմուտքի այս ծրագիրը ձախողեցաւ: Ռուսիան 44 օր ետք փրկեց Արցախէն հիմնական մաս մը, որ սակայն Փաշինեան ամերիկեան եւ եւրոպական ծրագիրով Արցախը նուիրեց թշնամիին:

Ամերիկեան առաջին ազդանշանը՝ ահազանգը արդէն տուած էր Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաթող դեսպան Ռիչըրտ Միլսը, 15 հոկտեմբեր 2018-ին՝ EVN Report-ին տուած հարցազրոյցին, ուր ծիծաղելիօրէն իրենց դրածոյ Փաշինեանը նմանեցուցած էր Նելսըն Մանտելային ու Ռոպէրթ Մուկապէին եւ չբաւարարուելով այսքանով, նմանեցուցած էր նաեւ Ամերիկայի երկրորդ նախագահ Ճոն Ատամզին, որ լրագրող եղած էր… Իսկ անակընկալ ահազանգը՝ Հայաստանը պէտք է գրաւեալ տարածքները վերադարձնէ Ատրպէյճանին…

«Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» եւ «Գունաւոր յեղափոխութիւնները» ինչպէ՞ս կազմակերպուեցան – Գ.» յօդուածէս կը մէջբերեմ. «Ամենապարզ ու յստակ ձեւով յայտնի դարձաւ, որ այն պաշտօնեան(ները), որ Ուաշինկթըն գրասենեակի մը մէջ նստած Հայաստանին «ապագան կ’որոշէ», ամերիկեան պարզ տրամաբանութեամբ կ’ըսէ եթէ Հայաստան գոյութիւն չունենայ, ուրեմն այնտեղ ռուսական խարիսխի կարիք չ՛ըլլար… Այսքան պարզ է իրեն համար, չէ՞… Ահա այդ պաշտօնեան Ճէյք Սալիվընն է որ առ այժմ Փաշինեանին միջոցով ջնջեց Արցախը:

Այս բոլոր պատուհասներն ու ազգակործան ծրագիրները, այժմու այս անարժան վարչապետը մեր աչքերուն առջեւ կատարեց, դիմացէն՝ հայ ժողովուրդէն առանց որեւէ զսպիչ կամ արգալակիչ միջոցի կամ արարքի: Բանակը քայքայեց ու ոստիկանութիւնը վերածեց իր անձին ապահովութեան միլիսիային: Պէտք է բանտ շպրտուի այս դաւաճանը, որպէսզի հայ ազգը իր բնականոն ընթացքը գտնէ:

Իսկ տակաւին չգործադրուածը՝ Հայաստանի հարաւին կորուստն է, Զանգեզուրի միջանցք ըսուածն է, որ կրկին ամերիկեան ծրագիր է, որուն ամէն գնով՝ զէնքով ու զէնքով, ժողովրդային դիմադրութեամբ պէտք է արգելք հանդիսանանք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles