Գլխաւոր

ՆՇՄԱՐ.- ՀԱՆՃԱ՞Ր, ԲԱՆՋԱ՞Ր, ԹԷ՞ ՈՐՈՄ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

27 Նոյեմբեր 2025

«…Իմ բանջարը քո հանճարին վնաս չէ, վնաս չէ»:

ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ

 

Անմահ Ջիւանիի «Քանքարաւոր ընկեր» երգին հանճար-բանջար տողը յիշեցինք, երբ Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբերին, ականջալուր եղանք քանի մը լուրերու, որոնց հերոսներուն հանճա՞ր, թէ՞ բանջար ըլլալու դատումը պիտի ձգենք ընթերցողին:

Ա. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ դարձեալ ինքզինք խայտառակեց, օր մը առաջ, Ուաշինկթընի մէջ պատահած ոճրային դէպքի մը մեկնաբանութիւնը սփռելով: Ծանօթ է, որ զինեալ երիտասարդ մը, Սպիտակ Տունէն քիչ մը անդին, կրակ բացեր էր ազգային պահակագունդի անդամներու վրայ ու ծանրօրէն վիրաւորած էր երկու մատղաշ զինուորական (20 եւ 24 տարեկան): Չմտնենք այն ոլորապտոյտին մէջ, թէ նախագահը ինչո՞ւ ազգային պահակագունդը արձակած է իր քաղաքացիներուն դէմ (մի՜ հաւատաք, որ Փաշինեանէն դաս կ’առնէ), այլ աչքի առջեւ ունենանք արձագանգները: Թրամփ «անասուն», «ահաբեկիչ» եւ նման որակումներ «շնորհեց» ոճրագործին, յետոյ ձեռք առաւ «նախկինները»՝ Պայտընն ու դեմոկրատները ամբաստանելու, դատապարտելու «մուրճը»:

Նման վիճակներու ի տես՝ «Ֆիլմը հի՛մա սկսաւ»՝ կ’ըսենք կատակով: Այսինքն ի՞նչ: Այսինքն այն, որ քննութիւնները ի յայտ բերեր են, թէ կրակողը 29 տարեկան աֆղան երիտասարդ մըն է, որ 2021-ին, Քապուլի անկումին եւ ամերիկեան ուժերու հեռացման օրերուն, Միացեալ նահանգներ բերուած է բազմահազար աֆղաններու շարքին: Ամերիկացիք ինչո՞ւ նման բարիք ըրին հեռացողներուն: Քանզի նախորդ շուրջ 20 տարիներուն, այսինքն՝ ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստան գտնուելու – դուք ըսէք՝ նաեւ այդ երկիրը քար ու քանդ ընելու – շրջանին, Սի. Այ. Էյ.-ին ճամբով բազմաթիւ գործակալներ ունեցած են տեղացիներէն (նոյնը ըրին նաեւ Իրաքի մէջ, որոնցմէ քիչ ետք ծլարձակուեցան… իսլամական ծայրայեղականներ կոչուած ոճրախումբերը: Այլ տեղեր ալ դո՛ւք յիշեցէք): Կրնայի՞ն նման «բարեգործներ» ետին թողուլ: Եւ ահա, այս երիտասարդն ալ օգտուած է այդ բարիքէն, եւ որպէսզի արտաքսման կամ այլ տեսակի հալածանքներու չենթարկուի՝ 2024-ի վերջերուն, քաղաքական ապաստանեալի իրաւունք խնդրած է: Եւ ո՞վ կը կարծէք թէ անոր շնորհած է ապսատանեալի իրաւունք: Նոյնինքն Թրամփի իշխանութեան պատկան գրասենեակը՝ անցեալ Ապրիլին: Եւ ահա, ամերիկեան լրատուամիջոցները նախկիններուն հասցէին Թրամփի արձակած «աղբը» կը շպրտեն իր երեսին, խայտառակելով  զինք:

Այս մարդը խայտառակուելու սովորութիւն ունի (նախորդ իշխանութեան վարիչները ունին իրե՛նց մեղքերը, որոնց շարքին՝ առաջին տեղը կը գրաւեն ԱՆՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, հետեւողական եւ օգտակար քաղաքականութենէ հրաժարումը): Ի դէպ, արհամարհելով նախագահին սպառնալիքներն ու մայրաքաղաքը բանակայիններով խճողելու հեռատե՜ս քայլերը, բազմահազար քաղաքայիններ, մեծ մասամբ երիտասարդներ, Հինգշաթբի օր, Գոհաբանութեան տօնը անցուցին Սպիտակ Տան դրացնութեան մէջ, պահանջելով, որ Թրամփ հեռացուի իշխանութենէն ու հաշուետուութեան կանչուի: Քանի՞երորդ անգամ ծաւալող արշաւը, կ’ըսեն, պիտի շարունակուի շաբաթավերջին (հաւանաբար շատեր չեն մոռցած, որ նախագահին դէմ անցեալին արձակուած են պաշտօնազրկման երկու վճիռ եւ սակայն, ատիկա արգելք չեղաւ, որ վերընտրուի):

Բ. Արագ թռիչքով մը հասնինք Ֆրանսա, որուն նախագահին խելապատիկէն նոր գիւտ մը տարածուեցաւ նոյն օրը: Մաքրոն որոշեր է զօրացնել երկրի պաշտպանութիւնը եւ, ի՜՞նչ, ԿԱՄԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ կը կանչէ 19-20 տարեկան երիտասարդները, 2026-ի կէսերէն սկսեալ: Մաքրոն պաշտպանական մտահոգութիւն ունի, քանզի Ռուսիան սպառնալիք կը նկատէ: Առաջին փուլին, 3 000 զինուորներ պիտի առնուին զէնքի տակ, պիտի ենթարկուին որոշ մարզումներու, պիտի վճարուին, ՊԻՏԻ ՉԵՐԹԱՆ ԵՐԿՐԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ (ասիկա ամբոխահաճ խոստում չնկատէ՜ք): Կամաւոր զինուորագրեալներուն թիւը մինչեւ 10 տարի պիտի բարձրանայ 50 000-ի: Ո՞ւր մնացին ապազինման, խաղաղ գոյակցութիւնը ամրապնդելու, «Պարոն Գորբաչով, քանդէ՛ այս (Պերլինի) պատը» խոստումներն ու տրամադրութիւնները: Հապա կառավարական տագնապն ու քաղաքական անե՞լը…

Այս հանճարեղ-բանջարեղ որոշումը ծնունդ կու տայ բազմաթիւ հարցումներու: Այս ծրագիրին ֆինանսաւորման համար որքա՞ն գումար պիտի ծախսուի (կը խօսուի միլիառներու մասին) եւ որո՞նց ափերը պիտի իւղոտուին: (Որեւէ երկրի բանակին ամրապնդման գաղափարին դէմ չենք, բայց այս ծրագիրէն տարբեր հոտեր կը տարածուին): Սա կապ ունի՞ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներուն պաշտպանական պիւտճէն բարձրացնելու… Թրամփի պարտադրանքին հետ: Ռուսիայէն զգացուած վտանգին որքա՞նը իրական է, որքա՞նը կը յիշեցնէ երեւակայական թշնամիներու դէմ նիզակ ճօճող Տոն Քիհոթէն (Տոն Քիշոթը): Այլ հարցումներ ալ կրնան ծագիլ ընթերցողներու մտքին մէջ…

Գ. Թող նոյն օդանաւը մեզ հասցնէ Երեւան: Հոն, ՔՊ-ականները, յայտնապէս ընտրարշաւի տրամաբանութեամբ, անցեալ շաբաթ ճամբայ հանեց բանակին ծառայութեան պայմանաժամը վեց ամիսով կրճատելու ծրագիրը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ… «խաղաղութեան դարաշրջան մտած ենք», «դրկից Ատրպէյճանն ու Թուրքիան սպառնալիք չեն» (դո՛ւք չափեցէք, թէ Ֆրանսան Ռուսիայէն որքա՞ն հեռու է), հոգ չէ թէ թրքացեղ եղբայրները ո՛չ միայն ամէ՛ն օր կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրենց ծրագիրներուն մասին, այլ նաեւ կը գործե՛ն անոր իրականացման համար, իրենց աչքերը ուղղած են ամբողջ Սիւնիքին ու Սեւանի արեւելեան գօտիին, Հայաստանի ամբո՛ղջ տարածքին: Ու երբ ընդդիմադիր իրատեսներ իրերայաջորդ ահազանգեր կը հնչեցնեն, ՔՊ-ականներ կ’ըսեն, որ պէտք չէ հաւատալ նման խօսքերու: Բայց ինչպէ՞ս մոռնալ, որ Արցախի կորուստին, Հայաստանէն հողերու յանձնումին եւ անվտանգութեան կարիքներու աչքաթող մնալուն մասին ընդդիմադիրներու մտավախութիւնները իրականացած են, ինչպէ՞ս չտեսնել, որ ՔՊ-ականներու խօսքն ու գործը լիովին համապատասխան է թշնամիի խօսքին ու գործին:

Անդին, կասկածներ շրջան կ’ընեն, որ Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի անտառներուն ու դաշտերուն մէջ տարածուած հրդեհներուն մէջ պէտք է փնտռել ազերիներու մատը: Ասդին, Երեւանի բնակիչները, ձմեռ օրով, կը գանգատին կենսոլորտի ապականումէն…

Այս բոլորը ո՛չ մէկ կապ ունին «ազգընտիր»-ին եւ որ պոչիկներուն հետ: Հիմա, անոնք նոր թափ տուած են իրենց հակաեկեղեցական արշաւանքին, ամէն քայլափոխի՝ նոր հնարքներու կը դիմեն, իբրեւ թէ եկեղեցականներու շարքերէն գործակիցներ ապահովելու համար: Ժողովուրդը երկփեղկումի (դուք ըսէք՝ բազմափեղկումի) տանելէ, հայրենիքին եւ Սփիւռքի միջեւ վիհեր փորելէ, Արցախէն ու արցախցիներու իրաւունքներէն ձեռք լուալէ  ետք (վնասներու շարքը դուք լրացուցէք), հիմա կարգը եկած է Եկեղեցին բաժանման տանելու, ճի՛շդ այդ ոճով, որ կիրարկուեցաւ ուղի՛ղ դար մը առաջ, անաստուածութիւն քարոզող համայնավարներուն կողմէ (այդ օրերուն ալ գտնուեցան եկեղեցականներ, որոնք կաշառուելով կամ սպառնալիքի տակ դարձան իխանաւորներուն գործակիցը):

…Հարցումը կը մնայ հարցում. հանճարնե՞ր, բանջարներ թէ… որոմ: Երկրագործը հանճար ըլլալու պէտք չունի, գիտնալու՝ թէ իր դաշտը ինչպէ՛ս պէտք է մաքրէ որոմէն:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button