ՀԱՒԱՔ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ «ԹԱՅՄԶ» ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 23 Second

Կիրակի, Ապրիլ 23-ին, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին մէջ, տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, նշելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը: Աւելի քան հազար ներկաներ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը։

Հանդիսավարի պաշտօն ստանձնած էին Արմէն ՄըքՕմպըր, Տիրան Ճէպէճեան եւ Շանթէլ Նասրի։ Իսկ ՊրայըՆ Արտունի կը կատարէր հաղորդավարի պարտականութիւնը։

Խօսք առնողներու շարքին էին ծերակուտականներ՝ Չաք Շումըր (Դեմոկրատական, Նիւ Եորք) եւ Ռապըրթ Մենենտէս (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի)։

Շումըր յիշեց մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներու շարքը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Սպիտակ Տունը, ի վերջոյ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Սակայն այս մէկը բաւարար չէ։ Այժմ գեր-մտահոգիչ է կացութիւնը Արցախի մէջ։ Կոչ կ՛ուղղեմ Ատրպէյճանի, որ շուտով բանայ Արցախ մուտքի եւ ելքի ճամբան։ Շրջափակումը կը նշանակէ, որ միայն շատ փոքր քանակով պարէն կամ դեղորայք կարելի է հասցնել Արցախ, ինչ որ կը նշանակէ պարէնի եւ կեանքի համար անհրաժեշտ դեղորայքի պակաս Արցախի մէջ: Որոշումը պարտադիր է, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է բանալ միջանցքը ազատ տեղաշարժի համար: Մենք կը բախինք մարդասիրական ճգնաժամի, որ կրնայ վերածուիլ մարդասիրական աղէտի: Այդ շրջափակումը անօրինական է: Արդարադատութեան միջազգային դատարանը քանի մը շաբաթ առաջ տուած է որոշում, որով Ատրպէյճանին կը պարտադրէ ապահովել ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը միջանցքով», ըսաւ Շումըր:

Մենենտէս, իր կարգին արծարծեց Արցախի հարցը։ «Մենք կը մերժենք բոլոր այն քայլերը, որոնցմով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնար ցեղասպանութեան մերժման հարցին հետ առնչութիւն ունենալ։ Իսկ այսօր, Արցախի պաշարման գծով, ժամանակ կը վատնուի։ 120․000 անմեղ բնակչութիւն մը չորրորդ ամիսն է, որ զրկուած են իր հիմնական իրաւունքներէն շրջափակման պատճառով,։ Նոյնիսկ արդարադատութեան միջազգային դատարանը Պաքուին  հրամայած է դադրեցնել այս կրաւորական ընթացքը, սակայն ցարդ որ մէկ արդիւնք»։

Քոլոմպիա համալսարանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Տէյվիտ Ֆիլիփս յատուկ յուշանուէր մը ստացաւ «Վարդանանց Ասպետներ»-ու կողմէ։ Ան իր խօսքին մէջ, նշեց թէ Ատրպէյճան հետեւողական ձեւով կը ճնշէ Արցախի անմեղ բնակչութեան վրայ։ «Այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ ամէնէն աւելի տարրական կարիքներէն զրկուած է արցախցին եւ այս մէկը դիտմամբ կը կատարուի, որպէսզի դատարկուի շրջանը»։

Յիշատակելի էր մեքսիքացի քաղաքագէտ Ալեխանտրա տել Քարմէն Լէոն Կասթելում, որ հիւրաբար ժամանած էր եւ սպաներէն լեզուով տպաւորիչ խօսքեր արտայայտեց։ «Մեր պարտականութիւնն է յիշել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Պէտք չէ վհատիլ եւ տեղի տալ։ Այս օրը բոլոր տառապող ժողովուրդներու օրն է։ Պէտք չէ կրկնուի նմանօրինակ ահաւոր ցեղասպանութիւն», ըսաւ ան։ Թարգմանութիւնը կատարեց դոկտ․ Վարդան Մատթեոսեան։

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան իր կարգին բեմահարթակ բարձրանալով, ըսաւ թէ արցախահայութիւնը, թէեւ վիրաւոր է, սակայն իր վէրքերը դարմանելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ մնալը բացառելու գործին լծուած է:

«Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր ուժերը, որպէսզի Արցախի Հանրապետութեան վճռակամութիւնը պահպանուի եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները», եզրակացուց ան։

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ «Յոյսեր» համոյթը։

Նշենք, թէ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, բացման աղօթքը կատարեց։  Ստորեւ կու տանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը․-

Գոհութիւն կը յայտնենք Քեզի, Ամենակալ Տէր,  որ գիշերուան յաջորդող այս առաւօտեան փոթորկախառն անձրեւէն ետք, մեզի պարգեւեցիր գարնանային այս գեղեցիկ պայծառ օդը։

Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Քեզի, երկնաւոր Հայր, որ առիթը պարգեւեցիր մեզի հաւաքուելու աշխարհի քառուղի հանդիսացող Times Squareի հրապարակը, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 108րդ ամեակը եւ մեր յարգանքը մատուցելու մէկ ու կէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն, որոնք զոհուեցան հաւատքի ու հայրենիքի զոհասեղանին վրայ օսմանցի թուրքերուն ձեռքով։

Յետադարձ ակնարկ կատարելով եւ յիշելով սադայէլական սպանդն ու տարագրութիւնը, մենք ո՛չ ատելութիւն կը բորբոքեցնենք եւ ո՛չ ալ անցեալի գերիները կը դարձնենք զմեզ, այլ դրական կերպով միշտ կը նայինք դէպի ապագան՝ արդարութեան, խաղաղութեան, համագործակցութեան ու բարգաւաճման հեռանկարով, ինչպէս Սաղմոսասացը կ՛երգէ. «Արդարութիւնն ու Խաղաղութիւնը զիրար պիտի համբուրեն։ Ճշմարտութիւնը երկրէն բուսաւ, Արդարութիւնը երկինքէն յայտնուեցաւ» (Սղ 85․10-11)։

Դար մը ամբողջ մեր հայրերը, մեզմէ շատեր մեր կարգին եւս ապրեցանք ու քալեցինք անպատմելի մորմոքի ու վշտի հովիտին ընդմէջէն, ակնկալելով որ դահիճներն ու իրենց յաջորդող սերունդները անդրադառնալով իրենց անմարդկային ոճիրներու ծանրութեան, պիտի ճանչնային ցեղասպանութիւնը, եւ ըստ այնմ արդար հատուցում կատարէին։ Դժբախտաբար, փոխանակ չքացնելու բաժանման դժբախտ վիհը, առաւել եւս զայն կը խորացնեն ուրացումով  եւ պատմութեան նենգափոխումով։ Ի վերայ այսր ամենայնի, վերջին երեք տարիներուն աշխարհը ականատես եւ ականջալուր է մահուան եւ բնաջնջումի այն սպառնալիքներուն, զորս հռետորաբար եւ անպատկառ կերպով կը շեփորահարեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բռնակալ նախագահները, ուղղուած Արցախի, Հայաստանի եւ համայն հայութեան դէմ։

Անորոշութեան եւ յուսալլկումի այս մթնոլոտին մէջ, մխիթարուած կը զգանք, ո՛վ Տէր, որ Քու օրհնեալ, բարեխնամ նախախնամութիւնդ երբե՛ք չդադրեցուցիր զաւակներուդ վրայ՝ ժողովուրդին Արարատ սուրբ լերան, այն սուրբ լերան, որ Քու Տապանդ հիւրընկալեց։

Երախտաապարտ ենք, Ամենակալ Տէր, որ Քու Սուրբ Հոգիդ մշտանորոգեց մեր երազները՝ քալելու Տէր Զօրի մահասփիւռ անապտէն մինչեւ Ազատներու Երկիր եւ Քաջարիներու բնակավայր՝ ամերիկեան ցամաքամասը։

Բիւր շնորհակալ ենք Քեզի, Բարեգութ Աստուած, որ Քու ողորմութիւնդ կը ցուցաբերես Լոյսի Ասպետ՝ պետական անձնաւորութեանց ընդմէջէն, որոնք կը հաւատան եւ յանձնառու են որ Արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ ի վերջոյ։

Կը հաւատանք որ մեր դատը արդար է, եւ դատն է աշխարհի բոլոր փոքրամասնութեանց, որոնք լռելեան կը տառապին անարդարութեան, խտրականութեան, եւ բռնակալութեան ճիրաններուն մէջ։

Պիտի քալե՛նք անխռով, հակառակ բոլոր ուրացումներուն, նենգափոխումներուն եւ բռնութեանց, որովհետեւ

  • Մեր Դատը արդար է,
  • Մեր համբերութիւնը ովկիանոսներէն աւելի խոր է, եւ մեր տենչերը՝ լեռներէն աւելի բարձր,
  • Մեր կամքն ու յանձնառութիւնը աւելի տոկուն են քան կրանիթը,
  • Մեր երազներն ու նպատակակէտը աւելի բիւրեղ են քան «հանդիպակաց ձորը՝ բնութեան մէջ իր բուրմունքը սփռող մրտենին», ինչպէս գրած է լիբանանեան ծագումով ամերիկացի մեծ բանստեղծ, արուեստագէտ եւ իմաստասէր Ճպրան Խալիլ Ճպրան։
  • Յառաջ ընթանանք, անմահ ցեղի զաւակներ, գիտակցաբար ու կամովին կրելով մեր քաղցր լուծը, մինչեւ գերագոյն յաղթանակը Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան։

Աւարտին Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ -ի առաջնորդներ՝ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, Մեսրոպ Արք․ Պարսամեան, շրջանի Աւետարանական եւ Կաթողիկէ հովիւներ՝ Արամ Պաշեան եւ Ռիչըրտ Շաքիլ կատարեցին փակման աղօթք։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles