ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ․- ԱՐԱՄ Ա․ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ

0 0
Read Time:34 Second

Երկուշաբթի, Փետրուար 6-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։

Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ցարդ չորս հայորդիներ մահացած են։ Յատկապէս Հալէպի մէջ բաւական նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Լաթաքիոյ եւ Քէսապի վնասները յարաբերաբար աւելի նուազ են։ Հալէպի մէջ Ազգային Առաջնորդարանը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը պատրաստած է եօթը յատուկ կեդրոններ, որպէսզի ժողովուրդը ապաստան գտնէ աւելի ապահով պայմաններու մէջ։

Սուրբ Աթոռին կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը գումար մը յատկացուցած է Հալէպի հայութեան, յիշեալ կեդրոններուն մէջ ապաստան գտած մեր ժողովուրդի զաւակներուն սննդաբաշխումի աշխատանքներուն համար։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը յատուկ նամակ յղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ասատին՝ իր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով Սուրիոյ ժողովուրդին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles