Երուսաղէմի Մէջ` Հայերու Դէմ Արարքներ

0 0
Read Time:1 Minute, 32 Second

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ․- Յունուար 28-ի ուշ երեկոյեան, երկու հրեայ ծայրայեղականներ Հայոց պատրիարքարանի փողոցէն «Լացի պատ»-ը երթալու ընթացքին փորձած են նախ խոչընդոտել երթեւեկը, ապա փողոցին մէջ գործէն տուն վերադարձող հայ երիտասարդներու ինքնաշարժը հարուածած են, երբ այս վերջինները ուզած են տեղեկանալ հրեաներուն արարքին դրդապատճառը։ Անոնք ըսած են, որ ասիկա իրենց երկիրն է, իսկ հայերը պէտք է իրենց երկիրը երթան: Հրեաները դիմած են բռնութեան, արցունքաբեր կազ նետած են հայ երիտասարդներէն մէկուն աչքերուն, ապա փախուստի դիմած: Սակայն, ոստիկանութիւնը կրցած է հալածել եւ ձերբակալել ծայրայեղները: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ հայր Աղան Գոգչեան։

Այս դէպքէն մէկ ժամ ետք, հրեայ ծայրայեղականներու այլ խումբ մը փորձած է բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիքը եւ հանել պատրիարքարանի խաչակիր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները: Այդ պահուն վանքին դիմաց կանգնած հայ երիտասարդները արգիլած են հրեայ ծայրայեղականներուն գործողութիւնները։ Կարճ ատեն մը փախուստ տալէ ետք այս ծայրայեղականները դիմակներով վերադարձած են եւ  այս անգամ աւելի փոքր խումբով: Անոնք դարձեալ փորձած են կռիւ հրահրել, հայ երիտասարդներուն ուղղութեամբ արցունքաբեր կազ արձակած են, հայհոյած հայերուն եւ փախչած ոստիկանութեան ուղղութեամբ: Հայ երիտասարդները հետապնդած են զանոնք, եւ երբ վերջիններս տեսած են, որ հայերը զիրենք կը հետապնդեն, սկսած են աղաղակել, թէ ահաբեկչական յարձակում կը կատարուի։

Ոստիկանները կարծելով, թէ հրեայ ծայրայեղականներուն ըսածը ճիշդ է, փակած են հայ երիտասարդներուն ճամբան՝ զէնքերը ուղղելով անոնց վրայ, նոյնիսկ դիմած են, որոնցմէ Գէորգ Քահքեճեան անունով երիտասարդ մը ձերբակալուած եւ մեղադրուած է: Ան գիշեր մը անցընելէ ետք ոստիկանատան մէջ, յաջորդ օրը՝ 29 Յունուարին, յետմիջօրէին, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի անմիջական միջամտութեամբ եւ դատարանին որոշումով ազատ արձակուած է։

Օր մը առաջ ալ, յարձակում գործուած էր Երուսաղէմի մէջ գործող հայկական ճաշարանի մը վրայ, որ կոտրտուած էր ծայրայեղականներուն կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Երուսաղէմի քրիստոնէական հաստատութիւններուն դէմ բռնութիւններու վերջին գործողութիւններուն գծով, յայտնելով․-«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք բռնութիւնների եւ վանդալիզմի վերջին գործողութիւնների կապակցութեամբ՝ ուղղուած Երուսաղէմի քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւններին, այդ թւում՝ Հայոց պատրիարքարանին եւ Հին քաղաքի հայ բնակիչներին»:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles