Պանք Օթոմանի Գրաւման 126-Ամեակ. Պանք Օթոման` Ազատագրական Պայքարը Շարունակելու Վճռականութեան Խորհրդանիշ

0 0
Read Time:2 Minute, 16 Second


ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Օսմանեան կայսրութեան մէջ կիրարկուող պետական ջարդարարական քաղաքականութեան դէմ, անլուր տառապանքներու տակ հեծող եւ բնաջնջման սպառնալիքի տակ գտնուող հայութիւնը դիմեց դիմադրութեան: 1890-ական տարիներուն սկսած զինուած դիմադրութիւնը հետզհետէ կազմակերպուած բնոյթ ստացաւ: 1894-ի Սասունի հերոսական ինքնապաշտպանութեան յաջորդեցին 1895-ի Զէյթունի յաղթական ապստամբութիւնը եւ Վանի 1896-ի հերոսական դիմադրութիւնը:

Հերոսական դիմադրութիւններուն զուգահեռ ընթացող համիտեան սարսափելի նախճիրներուն զոհ գացին հարիւր հազարաւոր հայեր:

Ազատագրական կռիւներու ուղին բռնած ժողովուրդի ղեկավարութեան մէջ սկսաւ հնչել ինքնապաշտպանութենէն յարձակողականի անցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Պոլիս, իր մեծաթիւ հայ բնակչութեամբ, կրնար վճռական դեր խաղալ բռնակալութեան դէմ մղուող պայքարին մէջ: Որոշուեցաւ գրաւել Պանք Օթոմանը եւ սուլթանէն ու եւրոպական պետութիւններէն հայութեան ի նպաստ բարենորոգումներ պահանջել:

Որոշուեցաւ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը սկսիլ 14 օգոստոս 1896-ին: Նոյն օրը մայրաքաղաքի հայկական կարգ մը թաղերու մէջ զինուած ելոյթներ պիտի սկսէին: Գործողութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած էր Բաբգէն Սիւնի:

Յեղափոխական քսանվեց նուիրեալներէ կազմուած խումբը, ռումբերով եւ ատրճանակներով զինուած, գրոհեց Պանք Օթոմանի վրայ: Հրամանատար Բաբգէն Սիւնի պանքի մուտքին հերոսաբար ինկաւ ռումբի պայթումէն: Գործողութեան ղեկավարութիւնը ստանձնեցին Արմէն Գարօ եւ Հրաչ:

Գրաւելով Պանք Օթոմանը, յեղափոխականները պատանդ բռնեցին շուրջ 150 հոգի:

Եւրոպական պետութիւններու դեսպաններուն ուղղուած շրջաբերականին մէջ կը պահանջուէր անյապաղ կիրարկել բարենորոգումներու ծրագիրը հայկական նահանգներուն մէջ, հակառակ պարագային սպառնալով պայթեցնել պանքը:

Պանքի գրաւման հետ միաժամանակ Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ սկսան ռմբային գործողութիւններ: Սամաթիոյ զօրանոցը գրաւել փորձող խումբերը պաշարուեցան: Միսաքեան եղբայրներու, Սուրէնի եւ Գնունիի խումբերը տասնչորս ժամուան անհաւասար դիմադրութենէ ետք նուաճուեցան եւ հերոսաբար նահատակուեցան. կենդանի մնացած Սուրէն եւ Գնունի անձնասպան եղան` թշնամիին ձեռքը չիյնալու համար:

Եւրոպական պետութիւններու դեսպաններուն անունով ռուսական դեսպանատան թարգման Մաքսիմով պանքը գրաւողներուն հետ բանակցութիւններու ընթացքին եւրոպական դեսպաններու անունով հաւաստիացուց, որ կը խոստանայ ազդել սուլթանի կառավարութեան վրայ եւ իրագործել բարենորոգումները: Մաքսիմով միաժամանակ պնդեց պանքէն անմիջապէս հեռանալու անհրաժեշտութեան վրայ: Ան նաեւ խոստացաւ ապահովել յեղափոխականներուն անվնաս հեռացումը Թուրքիայէն:

Պանքը գրաւողները, տասներեք ժամուան ընդհարումներէ ետք դուրս ելան եւ ֆրանսական «Ժիրոնտ» շոգենաւով մեկնեցան Մարսէյ:

Օսմանեան կառավարութիւնը Պանք Օթոմանի գրաւումը օգտագործեց իր սեփական ծրագիրի իրականացման նպատակով: Սուլթան Համիտ լաւ գիտէր որ նեղուցներու հարցին շուրջ սկսած միջազգային ճգնաժամը անպայման կ՛օգտագործուի նաեւ իր դէմ ազատագրական պայքար մղող քրիստոնեայ միւս ժողովուրդներուն կողմէ, նկատի ունենալով հայ-մակեդոնական ընթացող բանակցութիւնները եւ յունական խմորումները: Միւս կողմէ, հայկական յեղափոխութիւնը գաւառներուն մէջ ծանր հարուած ստացած էր, ոչնչացուած էին հարիւր հազարաւոր հայեր եւ հազարաւոր գիւղեր աւերուած էին: Բայց քանի Պոլսոյ հայութիւնը կանգուն էր իր տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցութեամբ, հայկական ազատագրական պայքարը չէր կրնար ճնշուած ըլլալ:

Պոլսահայութիւնը հարուածելու համար հարկաւոր էր նախայարձակ ըլլալ, եւ Պանք Օթոմանի գրաւման յաջորդեցին Պոլսոյ կոտորածները, որուն զոհ գացին շուրջ տասը հազար հայեր:

Օսմանեան կառավարութիւնը որոշած էր Պոլսոյ մէջ հայերու ջարդ կազմակերպել, եւ Պանք Օթոմանի գրաւումը միայն առիթ եւ պատրուակ ծառայեց սուլթան Համիտին:

Դիւանագիտական գրագրութիւններ եւ վկայութիւններ կը յուշեն, որ պաշիպոզուք աւազակախումբեր Պանք Օթոմանի գրաւումէն առաջ հաւաքուած էին եւ չճանչցուելու համար իրաւունք չունէին իրենց բնակած թաղերուն մէջ ջարդին ու թալանին մասնակցելու: Կառքեր պատրաստուած էին դիակները դուրս տանելու համար, իսկ զօրքը եւ ոստիկանութիւնը ապահոված էին աւազակախումբերուն գործողութիւնները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles