
Վեհանոյշ Թեքեան
Վախի կցկտուր լոյսերը գրկած
Կախարդանքի դաշտերուն մէջ հայրենական
Մտիկ կ՚ընէինք այն ձայնը որ կ՚երգէր
վայրի անտառներուն մէջ,
Միաժամանակ կապոյտ արշալոյսի
շուշանեան գիշերներ կը բանայինք։
Յետոյ կորսուեցան վայրի անտառները
անապատներու միջեւ
ովկիանոսներու միջեւ.
Եւ ողբն ու սուգը, անտիրութիւնը
անապաստան կենդանիներու նման
կծկուեցան մեր քով, վերածուելով սպիտակ բառերու տակ
ծպտուած կսկծագին երկերու։
Մտիկ կ՚ընէինք այն ձայնը որ կը հասնէր
կայծակնահար անտառներէն,
պէտք է տարօրինակ մացառուտներ բանայինք
որ գտնէինք զիրար.
ո՛չ չըլլալու ըղձանքը կար, ո՛չ դադրելու մաղձը,
միայն խօսելու՝ տենդամուր ու հալածագին։
Սակայն բառերու փայլակներով
ի՞նչ յաղթանակ կրնայինք ոռոգել,
բորբոքուն ներկան դարձեր է անվիրակապ
անանջատելի մաշկ։
Մենք կանաչ տերեւներու համը չառինք
բազում թոյներ պահպանելու էինք։
Յանձնուէ՜, անվարան յանձնուէ վախիդ,
վախին փուշերը կը մաքրեն հոգիդ։
Համասփիւռ անապատէն հասած լռութիւնը
գիշեր ցերեկ կը ցատկէ վէրքերուս վրայէն,
Մատներս հեռազգացող թելերու վերածած՝
վերադարձեր եմ գրկելու
մոռցուած ուրախութիւնները։
Ուրախութեան տխրութիւնը։
Եկեր եմ պարպուած կեանքերը շպրտելու,
Եկեր եմ զոհուած կեանքերը օրհնելու.
Եկեր եմ Մահուան ուրուականը զգետնելու։
Եկեր եմ Անդունդին երախը փակելու։
Եկեր եմ փնտռելու Կեանքերս
Կեանքերս։
Կեանքերս գտնելո՛ւ։
Յաւերժ է զծուխն ծխանի։