Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5-9 Փետրուար 2022
Բնական է, որ ոեւէ հայու համար, Հայաստանի իրադաձութիւնները, վատ ու լաւ զարգացումները (վերջինները՝ համեմատաբար սակաւ) մնան մտահոգութեանց գլխաւոր կիզակէտ, մեր դիմագրաւած ներքին ու շրջանային արհաւիրքներէն ձերբազատումը՝ գլխաւոր սեւեռակէտ: Այսուամենայնիւ, Հայաստանի սահմաններուն մօտ ու հեռու՝ տեղի կ’ունենան աշխարհը ցնցող դէպքեր, որոնք չեն կրնար անտարբեր ձգել մեզ, որովհետեւ այլ երկիրներու ու ժողովուրդներու պէս՝ մենք ալ կը գտնուինք անոնցմէ տարածուող մագնիսական դաշտին մէջ, տեղի ունեցածները ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կ’ազդեն մեր հայրենիքին եւ հաւաքական կեանքին վրայ. այդպէս եղած է մի՛շտ, սակայն վերջին տարիներուն, մանաւանդ Արցախեան Շարժումէն ասդին, եւ այդ տագնապի կտրած տաք ու գաղջ փուլերուն, մասնաւո՛րաբար 44-օրեայ պատերազէն ետք, այդ բոլորը շատ աւելի այրող ներգործութիւն կ’ունենան մեր մորթին վրայ (ծանօթ մանրամասնութիւններ թուելը կը նկատենք աւելորդ): Ստեղծուած է վիճակ, որ կը նմանի գիշերը գող բռնած տղուն կացութեան: Հայրը թելադրեր է զաւկին, որ թո՛ղ տայ իրենց տունը մտած գողը, գլխուն փորձանք չբերէ. «Բայց… Հայրի՛կ, ես զինք ազատ կը ձգեմ, ի՛նք օձիքս չի ձգեր», պատասխաներ է տղան…
Մեր սահմաններէն հեռու տեղի ունեցող այդ զարգացումներուն նորագոյն օղակներէն մէկն էր տարեսկիզբին, Ղազախստանի մէջ պատահած շարժումը, որ սկզբնապէս ընկերային տագնապի մը պատմուճանով ներկայացաւ (վառելանիւթի սակերու բարձրացման դէմ բողոքի ցոյցեր, այլապէս՝ արդար), սակայն շուտով իրականութիւնը բացայայտուեցաւ եւ ընդհուպ հակակշիռի տակ բերուեցաւ (եւ ի՜նչ արագութեամբ): Ռուսիա տեսաւ, որ իր «ետեւի պարտէզ»-ին մէջ իր շահերը խնդրոյ առարկայ դարձած են, գործի անցաւ եւ… մեր Հայաստանն ալ օգնութեան կանչեց, զսպելու համար ոտնձգութիւնը: Արեւմուտքին, մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ դուռները անվերապահօրէն բանալու պատրաստուող Հայաստանի իշխանաւորները կարողութիւնը չունէին մերժելու Ռուսիոյ «խնդրանքը». անկէ ծագած բազմագոյն մեկնաբանութիւնները տարածուեցան, արձագանգները կը ղօղանջեն մինչեւ այսօր, բազում ու հակադիր «թելադրանքներ» կը հասցէագրեն Երեւանի իշխանութեանց եւ քաղաքական բեմի դերակատարներուն, մեր ամբողջ ժողովուրդին:
ՄԱՐԳԱՐՏԱԾԱՂԻԿ ԵՒ…
Ղազախտսանէն առաջ ու անկէ ետք, կար ու կը մնայ շատ աւելի սուր տագնապ մը, որ կը կոչուի Ուքրանիա: Երբեք կարելի չէ անտեսել այլ տագնապալի միջավայրեր, որոնք կը կոչուին Միջին Արեւելք, Հոնկ Քոնկ, Չինաստանի ույղուրներ, Հիւսիսային Քորէա, գաղթականներու-բռնագաղթուածներու տագնապ՝ ո՛չ լոկ մարդակային երեսով, ու… շարքը երկար է, եթէ նախընտրենք մնալ քաղաքական դէպքերու բնագաւառին մէջ, անոնց չառնչենք առողջապահական ծանօթ պատուհասն ու անկէ ծնած՝ ընկերային-տնտեսական նահանջները:
Սեւ ծովու հիւսիսը տարածուող այդ երկիրը, որ 2014-էն ի վեր յաճախ կեդրոնական մէկ կիզակէտը դարձած է Արեւելք-Արեւմուտք վերստին սաստկացող հակամարտութեան, վերջին շաբաթներուն, այսինքն՝ Ղազախստանի հարցին անշքացումէն-անթեղումէն ի վեր, մտած է այնպիսի հունի մէջ, որ հզօր ու «երկրորդական» երկիրներու վարիչներուն ձեռքը տուած է մարգարտածաղիկ մը, որպէսզի անոր թերթերը փերթ առ փերթ փրցնելով, շունչը բռնած՝ քայլ պահեն աշխարհի քարտէսին վրայ տեղի ունեցող եռուզեռին հետ: Մարգարտածաղիկը, գիտենք, ունի ժողովրդական անուն մը՝ «ապրիմ-մեռնիմ»-ի ծաղիկ (մանուկներ անոր թերթերը մէկ առ մէկ կը փրցնեն եւ կը փորձեն ստուգել, թէ վերջին թերթը ապրելո՞ւ, թէ՞ մեռնելու «պատգամ» պիտի բերէ, իսկ սիրահարները այս ծաղիկը կը գործածեն «կը սիրէ-չի սիրեր»ը ստուգելու նպատակով): Տարբերութիւնը այն է, որ մերօրեայ մարգարտածաղիկին թերթերը փրցնողները կը յանկերգեն՝ «Պատերազմ պիտի պայթի-պիտի չպայթի», եւ անշուշտ, մտահոգութիւնները միայն Ուքրանիայով չեն սահմանափակուած, այլ կը հասնին աշխարհի հեռաւոր հորիզոնները, կ’ուրուագծեն Գ. Աշխարհամարտի մը ուռուականը:
Եւ իսկապէս, եթէ Ուքրանիոյ շուրջ տեղի ունեցող մրցակցութիւններուն (եւ անկէ ճառագայթողներուն) համայնապատկերը աչքի առջեւ բերենք, կարելի է հետեւցնել, որ Բ. Աշխարհամարտէն ասդին, կ’ապրինք հազուադէպօրէն ա՛յսքան սպառնալից պայմաններու մէջ: Աւելի քան 60 տարի առաջ, կար Քուպայի տագնապը, որ աշխարհը բերաւ-դրաւ կորիզային հրթիռներով աշխարհամարտի մը սեմին (Քենետի-Խրուշչով հակարդութիւնը եւ… Խրուշչովի նշանաւոր կօշիկը): Անկէ ետք, եկաւ «Պաղ պատերազմ»-ը, յետոյ՝ ձիւնհալ եւ տեսակ մը (անհաւատալի) սիրաբանութիւն, յետոյ՝ Խորհրդային Միութեան տարանջատումն ու հզօրներու ազդեցութեան գօտիներու վերադասաւորումը (այդ օրերուն, բարենպաստ ալիքներ հասան նաեւ Հայաստան աշխարհ, եղան խելամիտ մարդիկ, որ զայն օգտագործեցին եւ մեր հայրենիքը վերանկախացաւ, Արցախի մեծ մասը ազատագրուեցաւ…): Եւ ահա, տասնամեակներ ետք, փորձ կը կատարուի այդ օրերուն սկիզբ առած ուժերու վերադասաւորման նորագոյն փուլը բանալու, ու կրկէսին մէջ իբրեւ ախոյեաններ հրապարակ կու գան աւանդական մրցակիցները՝ Արեւելքն ու Արեւմուտքը (որոնք երկու աշխարհամարտերուն պահ մը մէկդի դրած էին աւանդականը եւ միացեալ ճակատ կազմած՝ կայսերական ու հիթլերական Գերմանիոյ դէմ):
…ՃԱՏՐԱԿԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԽԱՂ
Մարգարտածաղիկին թերթերը մէկ առ մէկ փրցնող մարդուն՝ քաղաքական-դիւանագիտական-զինուորական շարժումներուն հետեւողին համար, դժուար չէ տեսնել, որ ճատրակի ինչպիսի՜ նուրբ եւ վտանգալից, բացայայտ եւ քողարկեալ խաղեր կը խաղցուին զինուորական եւ դիւանագիտական դաշտերու մէջ. ռուսական ուժեր կեդրոնացած են Ուքրանիոյ սահանին մօտ, Ռուսիա եւ Պելոռուսիա միացեալ ռազմափորձեր կ’ընեն, Միացեալ Նահանգներ հազարաւոր զինուորներ կը հասցնէ Ուքրանիոյ մերձակայ երկիրներ, պալթեան երկիրները կը քաջալերեն «ինքնապաշտպանութեան ռազմափորձեր»ու, ռուսական «հաւանական յարձակում»ի մը դէմ, ՆԱԹՕ-ի երկիրներէ զէնք կը հոսի դէպի Ուքրանիա (արդէն մոռցուած է, որ կարճ ատեն մը առաջ, Պելոռուսիա եւ Լեհաստան այլ ճակատումի մը կ’երթային՝ գաղթականներու դէպի Լեհաստան հոսքը արգիլելու հարցով): Զինուորական շարժումներուն խորապատկերը կը կազմեն փոխադարձ ամբաստանութիւններով ու սպառնալիքներով՝ հետզհետէ աւելի՛ բարձրագոչ «երգչախումբերը», որոնց բարձրախօսները զետեղուած են հակադիր զօրակայաններուն մամուլի պատուհաններուն վրայ:
Զինուորական ճատրակի տախտակին զուգահեռ, վերջին 2-3 շաբաթներուն, ականատես ենք շատ աշխուժ երթեւեկներու, որոնք կը կատարուին աշխարհի հզօր պետութիւններուն եւ ազդեցիկ մայրաքաղաքներուն միջեւ: Աշխարհի ամէնէն ծանր հրետանիները, Պայտընէն մինչեւ Մաքրոն, Ճոնսըն, Շոլց եւ ուրիշներ (ինչպէս՝ Էրտողան եւ արեւելեան եւրոպական երկիրներու նուազ ծանր հրետանիներ), անձամբ եւ նախարարներու միջոցով, փէշերը հաւաքած, գործի լծուած են, կը վազվզեն դէպի Մինսք, Մոսկուա եւ այլուր: Եռուզեռը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր. ինչպէ՞ս կանխարգիլել բռնկումը, որմէ առաւել կամ նուազ չափով աղէտ պիտի բաշխուի երկու հակադիր զօրակայաններու «զինուորներուն» եւ «հրամանատարներուն», անմիջականօրէն՝ Ուքրանիոյ, յետոյ նաեւ՝ եւրոպական երկիրներու: Հրապարակ կը նետուին «լուծման տարազներ», ուրիշներ գաղտնի կը պահուին:
Խորքին մէջ, վախցուած ճակատումէն շահաւոր մը պիտի չըլլայ (շահողներուն մասին կը խօսինք այլապէս), իսկ վնասներուն նախահաշիւը կարելի չէ կատարել, այլ միայն նախաճաշակ մը ունենալ՝ հետեւելով Ծոցի, Աֆղանիստանի, Միջին Արեւելքի, Արաբական թերակղզիին, ափրիկեան եւ այլ ցամաքամասերու վրայ մղուող «մանր» բայց մահասփիւռ պատերազմներուն, անշուշտ առանց մոռնալու մեր Արցախն ու Հայաստանը:
Բնականաբար, մարդկութիւնը կը ցանկայ, որ ճատրակի զուգահեռ մրցումները չյանգին յաղթողի-պարտուողի կացութեան, այլ գտնուի հաւասարութեամբ ելք մը գտնելու տարազ մը: թուի, թէ դիւանագիտական ելքի մը նժարը քիչ մը յուսատու կը դառնայ, սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ եղածը ճատրակի վարպետներու միջեւ «գլուխ կոտրոց» մրցում մը չէ, որ ընդհանրապէս հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կը դիտուի, այլ՝ երկիրներու եւ մարդկութեան ճակատագիրն է խաղի դրուողը: Իսկ Եւրոպան հաւանաբար չէ մոռցած (արդեօ՞ք) աշխարհամարտներէն իր կրածները…
Ո՞Վ Է ԻՐԱՒԱՑԻՆ
Ստեղծուած վիճակին մէջ, կը ծագի բնական հարցում մը. ո՞վ է իրաւացին:
Արագ ակնարկով մը ոստոստենք տրուած բացատրութիւններուն եւ ինքնարդարացումներուն գլխաւոր գիծերուն վրայէն:
Ռուսիա, որ հսկայական ուժ կեդրոնացուցած է Ուքրանիոյ սահմանամերձ գօտիին մէջ, երդում-պատառ կ’ըլլայ, թէ ներխուժելու ծրագիր չունի, սակայն նաեւ կը յայտարարէ, թէ իրեն համար անընդունելի, եւ իր ռազմավարական եւ այլ շահերուն դիտանկիւնէն՝ վնասակար կը նկատէ իր ազդեցութեան գօտիէն ներս ՆԱԹՕ-ին նոր թափանցումները: Մոսկուա կը յիշեցնէ, որ երբ Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ եւ «Պաղ պատերազմ»ին վերջակէտ մը դրուեցաւ, համախոհութիւն կար, որ նախկին ախոյեաններուն՝ ՆԱԹՕ-ի եւ Վարշաւայի Ուխտի զօրակայանի ազդեցութեանց գօտիներէն ներս փոխադարձ ներթափանցումներ պիտի չկատարուէին: Աշխարհը այդ օրերուն ունէր ուժերու դասաւորման այնպիսի պատկեր մը, որ Վարշաւայի Ուխտը շոգիացաւ, ՆԱԹՕ-ն ինքն իրեն իրաւունք տուաւ իր ազդեցութիւնը տարածելու դէպի նախկին խորհրդային երկիրներ ու խորհրդայիններուն արբանեակները հանդիսացող շրջաններ (պալթեան եւ արեւելեան եւրոպական երկիրներ, հասաւ մինչեւ Իրաք եւ այլուր), նախկին մրցակիցներէն շատերուն առջեւ բացաւ լիիրաւ կամ ընկերակից անդամ դառնալու դուռները: Այս բոլորը տեղի ունեցան ի վնաս Խորհրդային Միութիւնը ժառանգած Ռուսիոյ եւ անոր գործակիցներուն իսկ Ռուսիան ի վիճակի չէր չհանդուրժելու այս շարժը (չանտեսենք տնտեսական շահակցութիւնները…):
Իր շահերն ու ազդեցութեան գօտիները ըստ կարելւոյն պահպանելու համար, Ռուսիա ստեղծեց զինուորական-ապահովութեան եւ տնտեսական գործակցութեան ծանօթ համակարգերը: Անոնց անդամ է նաեւ Հայաստանը, սակայն վերջին տարիներուն բաց գաղտնիք է, որ Հայաստանի մէջ կան, Վրաստանի հետեւողութեամբ՝ Արեւմուտքին մերձենալու, մինչեւ իսկ ռուսական զօրակայանը փակելով՝ ՆԱԹՕ-ին հող տալու ընտրանքը հետապնդողներ. ու զարմանալի չէ, որ «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք, Հայաստան այցելող առաջին բարձրաստիճան պատուիրակներէն մէկը կը կոչուէր… Ճոն Պոլթըն, իսկ Երեւան-Մուսկուա զինակցական-բարեկամական կապերը անկէ ի վեր քանիցս անցան չերմ ու պաղ փուլերէ:
Մինչ Ռուսիա կը յանկերգէ միայն իր շահերն ու ազդեցութեան գօտին պահպանելու նախանձախնդրութիւնը, Արեւմուտքը, Ուաշինկթընի խմբավարութեամբ, կ’ըսէ, թէ ՆԱԹՕ-ին տարածումը, նոր անդամներու ներգրաւումը պէտք չէ որեւէ արգելքի դիմաց կանգնի: Այս տեսակէտը կ’արդարացուի ըսելով, որ իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի որոշելու, թէ ո՞ր զօրակայանին կ’ուզէ մաս կազմել, այսինքն, եթէ Ուքրանիա (կամ ուրիշ մը) որոշէ անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին, Ռուսիա իրաւունք պէտք չէ ունենայ արգելք դնելու: Նորագոյն տարազը՝ Ուքրանիան իբրեւ «չէզոք գօտի» ճանչնալն է: Արեւմուտքը չի սիրեր խօսիլ այն բաներուն մասին, թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Ուքարնիոյ մէջ իբրեւ ռուսամէտ ճանչցուած իշխանութիւն մը (Պելոռուսիան աւելի յստակ դիրքորոշում ունի ի սկզբանէ) օր մըն ալ փոխարինուեցաւ Արեւմուտքին սիրահար եւ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու ախորժակներով տոգորուած վարչախումբով մը, կամ թէ ինչո՞ւ աշխարհի այլ շրջաններու մէջ ժողովուրդներու կոկորդէն վար կը հրուի արեւմտեան ժողովրդավարութիւն եւ արժէքներ որդեգրելու կեղծ ու համէ զուրկ պատառները, ասոր-անոր կը պարտադրուի ընտրել այս կամ միւս «զօրակայանը»: Անտեսելի չէ, անշուշտ, նախկին խորհրդայիններուն զինակիցներուն եւ արբանեակներուն մօտ հակա-Մոսկուա տրամադրութիւններուն պատճառները, որոնք 50-ական եւ 60-ականներէն ի վեր ծանօթ դրսեւորումները ունեցած են Հունգարիոյ, նախկին Չեխոսլովաքիոյ, Լեհաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Բնականապար չէ մոռցուած, որ դէպի արեւմուտք թեքելու ուքրանական «շարժում»ին՝ Մոսկուայի հակադարձութիւնը եղաւ բաւական կտրուկ. Խրիմը ի վերջոյ կցուեցաւ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ արեւելեան՝ Տոնպաս նահանգը, ռուսական աջակցութեամբ, ինքնավարութեան տարազ մը գտաւ եւ կրնայ… առաջին ռազմադաշտը դառնալ՝ եթէ պատերազմ մը պայթի. արդէն երկար ատենէ ի վեր մեկնաբանութիւններ եւ նախատեսութիւններ կ’ըլլան, թէ Տոնպասը կրնայ Ռուսիոյ յառաջապահ զինուորը ըլլալ՝ Քիեւի դէմ պատերազմի մը պարագային, եւ Խրիմը կ’ունենայ… երկուորեակ մը:
Մէկ խօսքով, թէ՛ Ռուսիա եւ թէ Ուաշինկթըն (իրենց դաշնակիցներուն հետ) մարդկութեան կը ներկայանան կարծէք թէ ի վերուստ իրենց տրուած իրաւունքները պաշտպանելու դիրքերէ: «Այս գօտին իմս է, հոն ոտք չդնես»ը երկուքին կողմէ մէջտեղ նետուած է իբրեւ վահան եւ նախայարձակում մը արդարացնելու զէնք, կարծէք թէ կ’անտեսուի նաեւ այն, որ աշխարհի մէջ ուժերու պատկերը այն չէ, ինչ որ էր «Պաղ պատերազմ»ի, ձիւնհալի եւ Խորհրդային Միութեան քայքայման փուլերուն: Ռուսիա հիմա ինքզինք աւելի՛ հզօր կը զգայ, քան 30 տարի առաջ (երբ Կորպաչովին յաջորդեց Ելցինը), կ’աշխատի բացայայտօրէն պահպանել իր շահերը:
Փետրուարի առաջին շաբաթավերջին, արեւմտեան լրատու աղբիւրներ մինչեւ իսկ գործածեցին «հին զէնք» մը, «սխալմամբ» յայտարարելով, որ ռուսական ուժերը արդէն յարձակման անցած են Ուքրանիոյ վրայ: Լուրը շուտով յետս կոչուեցաւ, սակայն աշխարհի յիշողութեան մէջ արթնցաւ սարսուռ պատճառած այլ ստայօդ դրուագներ. Իրաքի վրայ յարձակումն ալ արդարացուած էր սուտ լուրերով, նոյնը պատահած էր Ծոցի առաջին պատերազմին, Քուէյթը պաշտպանելու ելած դաշնակից ուժերուն կողմէ…:
ՄԻԱՄՏՈՒԹԻ՞ՒՆ Է…
Փոխադարձ մեղադրանքներուն, ինքնարադացման ճիգերուն եւ պատերազմի թմբկահարման բարձացուցած աղմուկին մէջ, ո՛չ ոք կը մտածէ ձայն բարձրացնել ու հարց տալ, թէ Արեւելքն ու Արեւմուտքը ինչո՞ւ պէտք է իրենք իրենց իրաւունք տան աշխարհը իրենց միջեւ ազդեցութեան գօտիներու բաժնելու, ինչո՞ւ զինու ուժի դիմելու սպառնալիքներ պէտք է հնչեն՝ տարակարծութիւններ դարմանելու համար (մենք՝ հայերս այս «քաղաքականութեան» ծանր հետեւանքները կրած ենք անցեալին ու վերջերս), մինչդեռ, աշխարհամարտեր տեսած եւ նախ՝ Ազգերու Լիկա, ապա՝ Մ.Ա.Կ. (նաեւ բազում այլ օգտակար կազմակերպութիւններ) ձեւաւորած աշխարհը արժանի է շատ աւելի լաւին:
Նման հարցում հնչեցնողը կը նկատուի միամիտ, պարզամիտ կամ աշխարհի իրականութիւններէն ինքզինք խզած… «ծակ գլուխ»:
Այս սիւնակին մէջ առաւելաբար կանգ առինք Ուքրանիոյ (եւ յարակից) իրադարձութիւններուն աւելի՛ երեւցող երեսներուն վրայ, գծեցինք քանի մը գիծ (սպառիչ, այլ ծալքեր պեղող ակնարկ մը կը կարօտի բազմապատիկ սիւնակներու): Ասոնց դիմաց, կան քիչ մը ստուերոտ, նաեւ՝ ուշադրութիւններէ վրիպող գիծեր, որոնց պիտի անդրադառնանք առանձնաբար (յաջորդիւ):
(*) Կը խնդրուի այս ու յաջորդ սիւնակը դիտել իբրեւ ամբողջութիւն: