ՌԻԱՏ․- Հոկտեմբեր 26-ին, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեց Սէուտական Արաբիա: Առաջին անգամն է, որ այսպիսի հանդիպում մը կատարուեցաւ։ Ցայսօր, Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական կապեր չէին հաստատուած։
Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին դիմաւորած են պետական ամէնէն բարձր մակարդակով` ի դէմս Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց պետական նախարար Ատել Ժուպէյրի, իսկ պաշտօնական արարողակարգի համաձայն, օդակայանին մէջ պարզուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը:
«Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն կատարած է Սէուտական Արաբիա: Այս աննախադէպ իրադարձութիւնը միանշանակ շրջադարձային է Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանէն որեւէ պաշտօնեայ երբեք չէր այցելած այդ երկիրը, Հայաստանի նախագահը կատարեց պատմական քայլ` առաջին անգամ այցելելով արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ բացառիկ դեր ու նշանակութիւն ունեցող այդ պետութիւնը», կը նշէ Հ․Հ․ նախագահի աշխատակազմը։
Read Time:42 Second