«ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ ՄՇԱԿՈՅԹ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 5 Second

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի

»Մէկ ազգ« մէկ մշակոյթ« չորրորդ համահայկական փառատօնը, իր զանազան ձեռնարկներով մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է: Զանազան երկիրներէ (Ռուսաստան, Ֆրանսա, Գանատա, Իրան, Վրաստան, Արցախ, եւայլն) ժամանած աւելի քան 1200 հայորդիներ ժամանած են Հայաստան եւ զանազան շրջաններու մէջ, հանդէս կու գան ելոյթներով եւ կատարումներով:
Յուլիս 23ին, փառատօնի ծիրէն ներս »Կատարողական արուեստի օրեր«ու մասնակիցները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին« ուր ներկայ գտնուեցան մկրտութեան արարողութեան« այցելեցին եկեղեցւոյ թանգարանը« ծանօթացան հոն ներկայացուած պատմութեան եւ արուեստի արժէքներուն: Յուլիս 24ին, մասնակիցները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր« ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշակոթողին մօտ« ապա նաեւ ծաղիկներ անմար կրակին մօտ:

Յուլիս 25ին կատարուեցաւ այցելութիւն՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարան« Երեւանի Ազգային պատկերասրահ« Սերգէյ Փարաճանովի եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան թանգարանները: Թիֆլիսի հայերու միութեան վարչութեան եւ Վրաստանի »Վերնատուն« գրական միութեան անդամ« հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի Ռոզա Զոհրապեանը հարցազրոյցի ժամանակ նշեց« որ »Մէկ ազգ« մէկ մշակոյթ« փառատօնը հայերուն համար ունի չափազանց կարեւոր նշանակութիւն« քանի որ այն կը նպաստէ հայութեան համախմբման. »փառատօնն օգնում է պահպանել մեր ազգային լեզուն« ազգային մշակոյթն ու սովորոյթները…«: Ան սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան« Սփիւռքի նախարարութեան եւ »Մէկ ազգ« մէկ մշակոյթ« հիմնադրամին այս փառատօնը կազմակերպելու համար:

Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին նուիրուած »Տօ լաճ տնաւեր« ներկայացմամբ փառատօնին մասնակցող Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան տրամատիկական թատրոնի դերասանուհի Ռուզաննա Խաչատրեանը կը նկատէ որ նման կարգի միջոցառումները« գէթ տարին մէկ անգամ« կը միաւորեն ՍփիւռքՀայաստանԱրցախ եռամիասնութիւնը:
»Ջաւախք« ազգագրական երգիպարի համոյթի մասնակից Սերգէյ Խաչատրեանը »Մէկ ազգ« մէկ մշակոյթ« փառատօնին կը մասնակցի 2006 թուականէն եւ կը նկատէ թէ փառատօնը տարուէ տարի աւելի լաւ կը դառնայ« որովհետեւ հայ մշակոյթը նոյնպէս տարուէ տարի կը հարստանայ:
Յուլիս 25ի յետմիջօրէին »Կատարողական արուեստի օրեր« ծրագրի մասնակից խումբերը՝ (»Նայիրի« համոյթ եւ 3 մենակատար՝ ՍանՓեթերզպուրկ« »Նայիրի« համոյթ՝ Նիժնի Նովգորոդ)« մեկնեցան Արցախ: Մասնակիցներուն Երեւանի Շահումեան հրապարակին վրայ »բարի ճանապարհ« մաղթեցին »Մէկ ազգ« մէկ մշակոյթ« հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Թամարա Պօղոսեանն ու փառատօնի կազմակերպիչները: Պատուիրակութիւնը ուղեւորուեցաւ Արցախ: Մինչեւ Շուշի հասնիլը անոնց առաջին կանգառը եղաւ Վայոց Ձոր« ապա Գորիս« ուր փառատօնի մասնակիցները վայելեցին բնութեան գեղեցկութիւնը, Գորիս քաղաքի համայնապատկերը: Ստեփանակերտի մէջ անոնք ջերմութեամբ դիմաւորուեցան եւ հիւրասիրուեցին:
Նշենք թէ Յուլիս 23ին, սոյն »Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ« փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցած էր համերգ Արմաւիր քաղաքի Յովհաննէս Բաղրամեանի անուան զօրամասէն ներս: Համերգին մասնակցած էին Իրանի Նոր Ջուղա քաղաքի Արարատ մարզամշակութային »Կռունկ« եւ Նինոծմինդա քաղաքի մշակութային կեդրոններու »Փարվանա« երգի եւ պարի համոյթները: Տեղւոյն բանակայինները, ազգային մեղեդիներով հիւսուած պարային կատարումները ընդունեցին մեծ ոգեւորութեամբ: Նոր Ջուղայի Արարատ մարզամշակութային կեդրոնի մենակատար՝ Զարենուշ Աղուրեանի հեղինակային »Հայաստան« երգը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:
Համերգի աւարտին զօրամասի սպաներէն մէկը հրամանատարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ »Մէկ ազգ« մէկ մշակոյթ« հիմնադրամին փառատօնի ծրագրէն ներս զօրամասեր այցելութիւններ եւ նման համերգներ նախաձեռնելու համար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles