«Ո՞Վ Է ՎԱԽՑՈՂԸ»․․․ԱՐՓԻ ՏԱՏՈՅԵԱՆ ԱՍՏՂԸ ՄԱՐԵՑԱՒ
Էտուըրտ Ալպիի գերազդեցիկ՝ «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» թատերական գործին մէջ, Մարթայի կերպարին ուժեղ մարմնաւորումով պիտի յիշուի այդ օրերուն բեմական իր առաջին ներկայութիւնը փաստող Արփի Տատոյեանը։ Այդ յանդուգն եւ «խնդրայարոյց» գործը բեմ հանած էր Վարուժան Խտըշեան, որ Լիբանանի հայ թատրոնին նոր շունչ բերած էր ուշ 60-ականներէն սկսեալ, ստեղծած փոթորիկը տարածելով բեմէն անդին, հասնելով մամուլ եւ վիճաբանական ասուլիսներ…
Օրին, այս գործն ալ մեծ աղմուկ ստեղծեց։
Ինքնավստահ եւ համարձակ, անոր տիպարը շատերու յիշողութեան մէջ կը մնայ դրոշմուած անմոռանալի եւ անկրկնելի։ Անտեղի չէր, երբ շատեր զինք հեռաւոր մրցակից մը նկատեցին Լիզ Թէյլըրի, որ խաղացած էր նոյն դերը:
Վարուժան Խտըշեանի «Թատրոն 67»-ին հետ բեմ բարձրացաւ Արփին: Նախապէս ան մաս կազմած էր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին։ Այդ օրերուն, Պէյրութի մէջ գեղարուեստական ձեռնարկները կը գերազանցէին «փոքր պատերազմներ»-ը։ 50-ական տարիները մոռցուած էին, իսկ «Քաղաքացիական պատերազմին» (պայթած՝ 1975-ին) նշոյլն իսկ չկար:
Գեղարուեստի տարբեր կալուածներու մէջ, իր գագաթի օրերը կ՛ապրէր Պէյրութը, իսկ հայկական արուեստը կը կանգնէր առաջին գիծերու վրայ։
Գագաթի օրերն էին նաեւ Արփիին, որ նոյնքան տպաւորիչ եւ հարազատ ներկայութիւն եղաւ այլ գործերու մէջ կարեւոր դերեր ստանձնելով. անոնց կարգին՝ «Իտալական յարդէ գլխարկը», «Մարա Սատ»․․․։
Լիբանանեան դժուարահաճ եւ բծախնդիր մամուլն ալ տեղ տրամադրեց այս երիտասարդ եւ «ապագայ խոստացող» աստղին։ Այդ օրերուն, եռքի եւ պոռթկումի մէջ էր երիտասարդութիւնը։
Ցոյցեր, հաւաքներ, «Հայտ փարք»-եր։
Արփին այդ սերունդին արտացոլացումն էր, բռունցք ու թափանցիկութիւն պարտադրողը․․․ բեմին վրայ։
Քանի մը տարի ե՞տք… Փոքր ու մանր պատերազմները գլուխը առին-գացին եւ վերածուեցան ո՛չ միայն մեծ պատերազմի, այլեւ պատերազմներու։
Արփին ալ, պատերազմէն հալածական շատերու պէս, ոտք դրաւ Նոր Աշխարհ․․․ «Ազատութեան Արձան»-ին մօտակայքը, անոր հսկողութեան տակ՝ Նիւ Ճըրզի։
Սփիւռքեան արուեստի աշխարհին մէջ, իրողական պարապութիւն մը ստեղծուած էր։ Սփիւռքահայ թատերական աշխարհը, պայմաններու բերմամբ, ամուլ մը կը մատնէր։
Արփին չվհատեցաւ։ Կրկին բարձրացաւ բեմ։ Բեմը անոր համար շունչ տուող աշխարհ մըն էր եւ ան ցոյց պիտի տար գործնապէս՝ ո՞վ էր չվախցողը… բեմէն։
Տարբեր ձեւ ու հարթակ։ Չկար գէթ փոքր ընտրանի մը, որպէսզի թատերգութիւններ ներկայացնէին այդ օրերուն համեմատաբար նօսր ու ցանցառ ամերիկահայ գաղութներուն։
Արփին շարունակեց բեմահարթակ բարձրանալ։ Մենախօսական ելոյթներ, Պէյրութի Ուաթ-Ուաթ թաղամասին մէջ ապրած իր մանկութեան օրերէն հաճելի յուշեր, համով պատմուածքներ եւ դրուագներ․․․խմորեղէն բուրող փուռէն մինչեւ թափթփածութեան մէջ մասնագիտացած նպարավաճառը, որուն մօտ կարելի էր գտնել ամէն տեսակի անկապ բան՝ գամ, շողգամ․․․պատգամ։
Իր նախահայրերէն ժառանգած Տիգրանակերտի բարբառը ամենայն հարազատութեամբ եւ առանց կմկմալու կը խօսէր՝ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ունկնդիրին եւ հանդիսատեսին մօտ։ 1997-ին, քանի մը վայրկեանով, ան եղաւ պատկերասփիւռի հանրածանօթ խօսնակ՝ Տէյվիտ Լեթըրմանի անակնկալ հիւրը (https://www.youtube.com/watch?v=k052Vla-o-I), մեծ տպաւորութիւն ձգելով։
Նաեւ, իբրեւ երգիչ բեմ բարձրացաւ Արփին. ան այդ ձիրքն ալ ունէր եւ կը կատարէր իր երիտասարդութեան օրերուն․․․ «Էր երբեմն»-ի Պէյրութի մէջ։
Քանի մը ժապաւէններու մէջ դեր ստանձնեց եւ գեղանկարչութիւն ալ կիրարկեց Արփին, մինչեւ որ օր մըն ալ՝ Ուրբաթ Մայիս 21, 2021-ին, անխնայ քաղցկեղը «որսաց» զինք։
Վերջին տարիներուն Արիզոնա փոխադրուած էր. հոն էր որ կեանքին հրաժեշտ տուաւ Արփին։
Երբեմնի աստղազարդ սփիւռքահայ թատրոնը սուգի մէջ է դարձեալ։ Դիմակները տխուր են։
Արփիին վերջին արարը աւարտեցաւ։ Վարուժանն ու այլ աստղեր եւս շիջած են արդէն…։
Կեանքէն հեռացաւ բեմին վրայ ինքնավստահ, համակրելի, ինքզինք պարտադրող եւ տպաւորող, ժպտուն, դիմակազուրկ «դիմակ» մը՝ Արփի Տատոյեանը։
Dadoyan Arpi’s legacy will live forever!
Մեր հիանալի ստեղծագործ, խորաթափանց և հաճելիօրէն «բարի խենթուկը» հավերժ կապրի մեր հիշողութիան մէջ:
Աննման.
Անմահ.
Արփի.
Անմոռանալի.
Բազմատաղանդ…
Արփի, Սիրուած, սիրով.
Աննման.
Անթառամ.
Անմոռանալի.
Արփի.
Անսահման տաղանդ.
Անվերջ սիրով, սիրուած.
Արփի… եւ վերջ