Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Ատրպէյճանի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Գործողութիւններու Եւ Յայտարարութիւններու Վերաբերեալ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի իշխանութիւններու գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները կը յարուցեն մեր ժողովուրդի արդարացի զայրոյթը: Պատերազմի ելքը Ալիեւի համար պատեհ առիթ դարձած է՝ հայատեացութեան նոր նշաձողեր սահմանելու, մեր ժողովուրդի ազգային ինքնասիրութիւնը ոտնահարելու փորձեր կատարելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ դնելու: Պաքուի քաղաքական վարքը, որ մեծապէս ազդուած է Թուրքիոյ  կեցուածքէն, անվերադարձօրէն կը հատէ բոլոր կարմիր գիծերը` ստիպելով մեր ժողովուրդին միաւորել ուժերը` ապահովելու հայրենիքի անվտանգութեան առկայ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը: Ատրպէյճանաթրքական սպառնալիքները լիովին կը տեղաւորուին նաեւ ցեղասպանական մտադրութիւններով` արտայայտուելով հայ ժողովուրդին իր բնօրրանից զրկելու եւ վերջինիս տիրանալու անթաքոյց նկրտումներով:

Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին կրած պարտութիւնէն բարդոյթաւորուած` Ատրպէյճանի պահուածքը կը յիշեցնէ ոչ թէ պատերազմին յաղթանակած կողմի, այլ մարդկութեան նկատմամբ հերթական յանցագործութիւնէն իրականութեան զգացումը կորսնցուցած վիճակի:

Վերջերս Պաքւում բացուած «ռազմական աւարի պուրակը» մարդատեացութեան եւ բանականութեան խեղման այնպիսի  դրսեւորում մըն է, որպիսին քաղաքակիրթ աշխարհը չէ տեսած, սկսելով դեռեւս 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն, երբ նորագոյն ժամանակաշրջանի բռնատիրութիւններու կործանումէն յետոյ, նոր թափ առին ազգային-ազատագրական շարժումները:

Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներու շարունակական ազատազրկումը, անոնց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքը, քաղաքական առեւտուրի համար օգտագործելու փորձերը, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ բացայայտ յաւակնութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքի իրաւունքի հանդէպ ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ թորւք-ատրպէյճանական բարձրագոյն մակարդակէն հնչեցուած սպառնալիքները կու գան փաստելու հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու միջեւ շարունակական թշնամանք երաշխաւորելու` ատրպէյճանթրքական հեռահար նպատակը:

Ստեղծուած ծայր աստիճան պայթիւնավտանգ իրավիճակի եւ Թուրքիոյ առանցքային դերակատարութեան կապակցութեամբ, արդէն իսկ անհրաժեշտ աշխատանքներ կը տանինք առանձին պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ընդհանրապէս համաշխարհային հանրութեան հետ:

Ատրպէյճանի բռնապետին խստօրէն զգուշացնում ենք` չխաղալ մեր ժողովրդի ազգային արժանապատուութեան հետ. մարդկութեան պատմութեան գրեթէ բոլոր բռնապետներն ու պատերազմական ոճրագործները անփառունակ վախճան  ունեցած են:

Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կւ շարունակէ մնալ չլուծուած, հետեւաբար` շարունակելու ենք յանուն Արցախի վերականգնման եւ Հայաստանի արժանապատուութեան հայութեան արդար պայքարը:

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

23 Ապրիլ 2021

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles