Ջահերով Երթ` Երեւանի Եւ Ստեփանակերտի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 57 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 23-ին, «Ազատութեան» հրապարակէն մեկնարկեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:

Ջահերով երթին ընթացքին, երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները՝ «Պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով, ինչպէս նաեւ «Մա՛հ թուրքերուն» կոչերով: Ապա, հազարաւոր երիտասարդներ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու դրօշները բարձրացուցած՝ հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը` ամբողջ գիշեր խնկարկելու անմեղ եւ սրբադասուած Նահատակներուն յիշատակը:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը հասած երթին հազարաւոր մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ Եղեռնի աւելի քան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Անմար կրակին մօտ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշները: Երթին մասնակցողները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի նախօրեակին կազմակերպուած այս հաւաքին խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ ըսաւ.  «Ապրիլ 24-ը սուգի օր չէ այլեւս, այլ արդարութեան կանչ է եւ պահանջատիրութեան ոգի: Ապրիլ 24-ով մեր ժողովուրդը աշխարհի տարածքին կ՛իջնէ փողոց` աշխարհին յիշեցնելու իրենց պարտքը հայութեան նկատմամբ, աշխարհին յիշեցնելու, որ հայ ժողովուրդը ունի մէկ մեծ դատ, որմէ երբեք պիտի չհրաժարի՝ յարատեւ պայքար մինչեւ ամբողջական հայրենիքի կերտումը: 60-ականներէն ետք՝ 70-80-ական թուականներուն, ուժային մեր շարժումը, Հայ Դատի մեր շարժումը խզեց աշխարհին լռութիւնը, եւ անոր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան վրայ, անոր յաջորդեց Արցախի ազատամարտը եւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Եւ այսօր, որքան խորհրդանշական է, որ այդ նահատակ ցեղի անմահ երիտասարդութիւնը հաւաքուած է այստեղ, որպէսզի առաջնորդէ մեզ, որպէսզի անգամ մը եւս մեր յարգանքի տուրքը մատուցենք մեր Նահատակներուն եւ միաժամանակ շեշտենք, որ այլեւս երբեք Ցեղասպանութիւն պիտի չտեսնենք, երբեք պիտի չպարտուինք եւ ամէն գնով պիտի աշխատինք, որ վերակերտենք մեր արժանապատուութիւնը եւ վերականգնենք մեր ամբողջական Հայաստանը»»:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յիշեցուց, որ քանի մը օր առաջ նշուեցաւ մեծագոյն ոճրագործ Թալէաթի սպանութեան 100-ամեակը` այդպիսով անգամ մը եւս շեփորելով այն իրողութիւնը, որ երբ աշխարհը կը թքնէր արդարութեան երեսին, երբ աշխարհը կ՛անտեսէր մեր միլիոնաւոր Նահատակներուն կանչը, երբ աշխարհը ոճրագործ ցեղախումբի ոճրագործ ղեկավարները չէր կանգնեցներ արդար դատաստանին առջեւ, հայ ժողովուրդը` Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր ժողովի որոշումով, վճռեց ի՛նք տալ իր ազգի լաւագոյնը՝ իբրեւ վրիժառու բազուկներ, որպէսզի մէկ առ մէկ զգետնեն այդ ճիւաղները:

ԱՐՑԱԽ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ապրիլին 23-ին,  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի երիտասարդական եւ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ «Յիշո՛ւմ ենք, պահանջո՛ւմ ենք, ազատագրելո՛ւ ենք…» նշանաբանով ջահերով երթ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցին:

Երթը սկսաւ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն եւ ուղղուեցաւ դէպի յուշահամալիր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles