Համացանցին վրայ կարելի է ընթերցել Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի չորրորդ թիւը, որուն մէջ շեշտը կը դրուի հայոց մեծ ողբերգութեան նիւթին վրայ: Թերեւս այս տարի հայութիւնը աւելի մեծ յուզականութիւն եւ խռովք կ՚ապրի 106 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը վերյիշելով, որովհետեւ դժբախտ առիթը ունեցաւ իր մաշկին վրայ զգալու թրքական վայրագութիւնը, հայրենակիցներու եւ հայրենի տարածքներու կորուստի ցաւը:
Այս իրողութեան կ՚անդրադառնայ ամսաթերթի խմբագրականը՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ, հայութեան Ցեղասպանութենէն չյագեցած թշնամիին յարձակողական նկրտումերու պայմաններուն մէջ, այսօր, օտար ազդեցութեամբ, հայրենիքին մէջ բուծանուած եւ իշխանութեան հասած է սերունդ մը, որ կը խաղայ այս երկրի ճակատագիրին հետ՝ զայն ենթակայ դարձնելով թուրք-ատրպէյճանական կամքին:
«Դրօշակ»-ի հեղինակներէն Գէորգ Յակոբճեան մտահոգութիւն կը յայտնէ նոր յառաջ մղուող այն կեղծ թէզին գծով, ըստ որուն, կ՛առաջարկուի անտեսել Ցեղասպանութեան փաստը եւ ուշադրութիւնը սեւեռել հնարաւոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին։ Ցեղասպանութեան թեմային այլ հետաքրքրական տեսանկիւնէ կ՛անդրադառնայ ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեան: Ներկայացնելով միայն յօդուածի յուշող վերնագիրը՝ «Ժխտումն Ընտրութիւն Է, Որն Ունի Առաջացման Մէկ Պատճառ` Կամք: Մոռանա՞լ. Ի՞նչը Մոռանալ, Ինչպէ՞ս Մոռանալ», ընթերցողին կ՛ընձեռուի քաղաքական, եւ ոչ միայն քաղաքական ժխտողականութեան, վերջինիս ազդեցութեան վերաբերեալ հեղինակին դատողութիւնները:
Հայոց ցեղասպանութեան թրքական քաղաքականութեան տարբեր դրուագներուն անդրադարձած են պատմաբաններ Անի Ոսկանեան եւ Դերենիկ Մելիքեան: Ասոնց կողքին Անի Մելքոնեանի յօդուածը ամբողջական պատկերացում կու տայ Հայ դատի պայքարի ամբողջ ճանապարհին մասին: Նիւթին հետ անմիջական առնչութիւն ունի Սողոմոն Թեհլիրեանի յոբելեանին նուիրուած Գոհար Խանումեանի յօդուածը:
Հետաքրքրական է նաեւ Հայաստանի մօտ Լեհաստանի նախկին դեսպան Յերժի Մարեկ Նովակովսքիի վերլուծութիւնը՝ Արցախեան պատերազմին եւ անոր յաջորդած քաղաքական զարգացումերուն վերաբերեալ:
«Դրօշակ»-ի ապրիլեան թիւը ընթերցողին կը ներկայացնէ նաեւ այլ նիւթեր։
Թիւը կարելի է ընթերցել՝, այցելելով․- https://www.droshak.am/?p=988