ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Երկու ամերիկահայեր մաս պիտի կազմեն Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին։ Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի եւ փոխնախագահի միացեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Նիւ Ճըրզի ծնան Ճէֆ Մարութեան (աջին), Պայտընի վարչակազմին պիտի միանայ իբրեւ նախագահի Կլիմայի եւ գիտական գործակալութեան անձնակազմի հարցերով յատուկ օգնական: Ան աւարտած է Ուաշինկթընի «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանը:
Մարութեան տնօրէնն է Քոլոմպիա գաւառի փոխադրամիջոցներու բաժանմունքին եւ կը ծառայէ Պայտըն-Հարիս փոխանցման խումբին Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու գործակալութեան վերատեսութեան խումբին մէջ:
Նախքան 2017-ին կառավարիչ Մուրիըլ Պաուսըրի նախարարաց խորհուրդին մաս կազմելը, Մարութեան ծառայած է Օպամա-Պայտըն վարչակազմին մէջ եւ պաշտօններ վարած՝ Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու բաժանմունքին մէջ, իբրեւ Սպիտակ Տան կապը, վարչակազմի հարցերով օգնական պետական քարտուղար եւ կենսունակութեան աւագ պատասխանատու:
Միւս կէղմէն, Հայկ Հաճինազարեան նշանակուած է նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին մէջ Սպիտակ Տան շրջանային հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի ղեկավար:
Հայկ Հաճինազարեան Արեւմտեան Փենսիլվանիոյ մէջ Պայտընի նախընտրական արշաւի մամլոյ քարտուղարն էր: Մինչ այդ, ան տեղեկատուական աջակցութիւն կ’ապահովէր ներկուսակցական ընտրութիւններու եւ Նիւ Հեմշիրի, Նեւատայի, Թեքսասի, Օհայոյի եւ այլ նահանգներու ընդհանուր ընտրութիւններուն ժամանակ: Պայտընի քարոզարշաւին միանալէ առաջ Հաճինազարեան աշխատած է Քափիթոլ Հիլի մէջ. սկիզբը իբրեւ Ինտիանայէն ծերակուտական Ճօ Տանըլիի մամլոյ քարտուղար, իսկ յետոյ` Ներկայացուցիչներու տան Ներքին անվտանգութեան յանձնախումբի մամլոյ քարտուղարի տեղակալ:
Հայկ ծնած է Օհայօ նահանգի Քոլումպըս քաղաքին մէջ, եւ զաւակն է լիբանանահայ ներգաղթեալներ՝ տոքթ․ Մելքոն եւ Սիրան Հաճինազարեանի: Աւարտած է Ինտիանայի համալսարանը եւ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի Քաղաքական կառավարման բարձրագոյն դպրոցը:
Read Time:1 Minute, 6 Second