0
0
Read Time:23 Second
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Յունուար 4, 2021-ին դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան նշանակուեցաւ Քոնկրէսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու ղեկավար:
Այժմ, Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս եւ «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր՝ Մուրատեա,ն պիտի յաջորդէ դոկտ. Լեւոն Աւտոյեանին, որ հաւաքածոներու ղեկավարի պաշտօնը կը վարէր 1993-էն ի վեր, եւ որ հանգստեան կոչուեցաւ 2018-ին:
Նշենք, թէ վերջերս լոյս տեսած էր, անոր «The Resistance network. The Armenian Genocide and humanitarianism in Ottoman Syria, 1915-1918» գիրքը։