0
0
Read Time:24 Second
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտակազմը կը պատրաստուի Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական իններորդ բանակումին, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 31ին եւ աւարտի Օգոստոս 8, 2010ին, Հայաստանի Բիւրական շրջանէն ներս:
Այս առթիւ, Շաբաթ Մայիս 15ին, »Քէմփ Հայաստան«ի (Ֆրէնքլին, Մասաչուսէց) տեղի ունեցաւ յատուկ միօրեայ բանակում մը, որուն ընթացքին բանակող եղբայրքոյրերը ստացան յաւելեալ տեղեկութիւն եւ դաստիարակութիւն:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն, մօտաւորապէս յիսունէ աւելի անդամներ պիտի մասնակցին այս համաՀ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումին: