Հ․Հ․ Օդուժին «Սուխոյ-25»-ը Վար Առնուեցաւ Թրքական «Էֆ-16»-ին Կողմէ

0 0
Read Time:51 Second
Հ․Հ․ օդուժի պատկանող “Սուխոյ-25” մը

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Հ․ պաշտպանութեան բանակի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան, շտապ հաղորդագրութեամբ մը, տեղեկացուց, թէ Թուրքիոյ օդուժին պատկանող «Էֆ-16» կործանիչ-հալածիչի կողմէ, Հ․Հ․ օդային տարածքին մէջ, վար առնուած է Հ․Հ․ օդուժին պատկանող «Սուխոյ-25» գրոհիչը:

Հաղորգադրութեան մէջ կը նշուի․ «Այսօր ժամը 10:30-էն Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող  ՛՛Էֆ-16՛՛ կործանիչները թռիչք առած էին Ատրպէյճանի “Քեանժա”  օդակայանէն եւ կ՛ապահովէին Ատրպէյճանի  “Դալեար” օդակայանէն Հ․Հ․ Վարդենիսի տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած Հ.Հ. բնակավայրերու եւ ցամաքային ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ, Ատրպէյճանի “Սուխոյ-25” եւ թրքական արտադրութեան “Պայրաքթար” անօդաչու օդանաւով ռմբահրթիռային հարուածները: Տուեալ ժամանակահատուածում Հ․Հ․ զօրքերու ստորաբաժանումներուն կրակային աջակցման մարտական խնդիրներ կը կատարէր մեր օդուժը: Մարտական խնդիրը կատարելու ատեն հակաօդային եւ օդային մարտերու ընթացքին Թուրքիոյ Հանրապետութեան օդային ուժերու ՛՛Էֆ-16՛՛ կործանիչի կողմէ Հ․Հ․ օդային տարածքին մէջ խոցուած է Հ․Հ․ օդային ուժերու “Սուխոյ-25” գրոհիչը:  Օդաչուն, ցաւօք, հերոսաբար նահատակուած է:  Թուրքիոյ ՛՛Էֆ-16՛՛ կործանիչը, ըստ դիտարկման, գտնուած է 60 քլմ․ խորութեան, 8200 մեթր բարձրութեան վրայ»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles